Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազդակ» Բացառիկի – 2020. Դէպի Սեւրի 100-Ամեակ. Այժմէական Հնչեղութեամբ

January 18, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Խմբագրական «Ազդակ» Բացառիկի – 2020. Դէպի Սեւրի 100-Ամեակ. Այժմէական Հնչեղութեամբ

Լիբանանեան տարին կը փակուի անորոշութեամբ եւ անձկութեամբ: Անհեռանկար իրավիճակ է հասարակութեան համար, եւ կարելի է ըսել` նաեւ պետութեան համար, որ գործընթացին ընդհանուր միտումներուն վրայ ազդեցիկութեան գործօն ունենալու համոզիչ գործողութիւններ չի կատարեր:

Լիբանանեան հանգոյցը միջազգայնացած է նաեւ բացայայտօրէն: Տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր դերակատար պետութիւնները յայտարարողական հարթութեան վրայ ուղղակի-անուղղակի կերպով իրարու կ՛արձագանգեն, կը հակազդեն եւ կ՛արգելակեն բնական գործընթացները:

Տնտեսական պատերազմի կամ տնտեսական պաշարման տեսք ունի այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ, յատկապէս` ֆինանսական աննախընթաց ճգնաժամի բոլոր հետեւանքներով: Ըստ էութեան եւ աւելի հեռուէն կեդրոնացող հայեացք մը կը համոզէ, որ ընդհանուր հաշուով համաշխարհային տնտեսական պատերազմի մէջ է ամբողջ երկրագունդը: Որոշ երկիրներ ուղղակի ճակատումի մէջ են, ուրիշներ անմիջական ազդեցութիւնը կը կրեն, եւ կայ պետութիւններու դասակարգ մը, որ անուղղակի հետեւանքները կը կրէ այս բոլորին: Բայց պատերազմը համաշխարհային է եւ կլանած է աշխարհաքաղաքականութեան հիմնական դերակատարները:

Լիբանանը, կարելի է ըսել, անուղղակիէն մէկ աստիճան դէպի ուղղակի մարտադաշտի անցում կատարած է: Այն, ինչ որ զինուորական առումով կարելի չեղաւ իրականացնել այս երկրին մէջ, հիմա փորձ կը կատարուի տնտեսական պաշարումով կատարել` նոր իրավիճակ ստեղծելով:

Հետեւաբար, քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ նաւթի պեղումներու, ուժանիւթի լիարժէք օգտագործման թէ իրանեան յենակէտերու չէզոքացման նպատակներով բացատրուող ճնշամիջոցները հուն չեն փոխեր, այնքան ատեն որ Լիբանանէն դուրս առնչուած գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ չեն կայանար համաձայնութիւններ:

Բախումներու հետեւանքները շատ արագ կրնան վերածուիլ համաձայնութիւններու հետեւանքներու, երբ ազդեցութեան գօտի ունեցող պետութիւնները կոճակները սեղմեն: Հանգուցալուծումը դեռ չ՛երեւիր:

Տարածաշրջանին մէջ Թուրքիան չի թաքցներ օսմանականութիւնը վերականգնելու իր նկրտումները: Կարճատեւ նուաճումներով, դիւրաբեկ մերձեցման դաշինքներով Թուրքիան չի յաջողիր իրականացնել այն, ինչ որ նպատակադրած է:

Անգարայի նկրտումները պատասխան քայլերու կ՛արժանանան. այդ պատասխաններուն մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթարշաւը նոր փուլեր կը նուաճէ: Թուրքիան յաւելեալ պատժամիջոցներու կրնայ ենթարկուիլ: Աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ չէ բացառուած, որ Սեւրի համաձայնագիրին առնչուած որոշումներուն մասին միջազգային վերլուծական թէ պետական մակարդակներու վրայ յիշեցումներ եւ յղումներ կատարուին:

Սեւրի պատմական տրամաբանութիւնն ու որոշումներու առանցքները կրնան այժմէական հնչեղութիւն ստանալ: Հայկական կողմը բոլոր նախադրեալներն ու պատճառները ունի արժանաւորապէս քաղաքական հնչեղութիւն տալու Սեւրի համաձայնագիրի 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք բոլոր տեսակի նշումներուն:

Previous Post

2020-ը Մարտահրաւէր Է. Ճգնաժամի Մէջ` Իրատեսութեամբ Եւ Հաւաքական Պատասխանատուութեամբ

Next Post

Կեդրոնական Դրամատունը Կը Շարունակէ Մնալ Ցուցարարներուն Հիմնական Թիրախը, Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը Տակաւին Արգելքներ Կը Դիմագրաւէ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.