Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Նախագահին Ապատեղեկատուական Մոլուցքը

February 18, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
الدفاعات الجوية السورية تتصدى لعدوان على مطار “تي فور” العسكري

Թուրքիոյ նախագահը տակաւին չըմբռնեց, որ միջազգային շահերու եւ տարածաշրջանային ժամանակաւոր տագնապներու վրայ լարախաղացութիւնը կայուն ձեռքբերումներ պիտի չշնորհէ իր երկրին եւ յատկապէս` ծաւալապաշտ իշխանութեան:

Լիպիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներու զօրակցելով, Լիպիոյ կազի հանքերը առաւելագոյնս օգտագործելու կարելիութիւններ որոնելով, Իտլիպի ահաբեկիչները Լիպիա ուղարկելով ու իր նպատակներուն ծառայեցնելու համար այնտեղ եւս ահաբեկչական շարժումը հրահրելով ու արաբական աշխարհը, այս պարագային` Եգիպտոսի սահմանը եւս, ահաբեկիչներու թափանցման ենթակայ դարձնելով` Էրտողան իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած կը թուի ըլլալ քաղաքական դաշտին վրայ:

Սուրիոյ մէջ սուրիական բանակին յառաջընթացը կանխելու եւ Հալէպի հարաւարեւմտեան արուարձաններուն մէջ կայք հաստատած ահաբեկիչները յարձակումներու մղելու Թուրքիոյ նախագահին նկրտումները ոչ մէկ ձեւով քողարկելի կը մնան Սուրիոյ պետութեան, ժողովուրդին եւ սուրիական բանակին համար: Նպատակը յստակ է այս պարագային եւս, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն պարտութեամբ ու նահանջով, Թուրքիա ոչ մէկ պատրուակ պիտի ունենայ Սուրիոյ տարածքին իր ապօրինի ներկայութիւնը պահելու համար, յատկապէս քրտական, այսպէս կոչուած,  սպառնալիքին վերացումով:

Թրքական ուժերուն կողմէ Սարաքեպի եւ այլ շրջաններու մէջ, առանց ռուսական կողմին տեղեկութեան, պահակակէտերու հաստատումը սուրիական բանակին կտրուկ պատասխանին արժանացաւ: Թուրքիոյ նախագահը ցարդ իր խոստումներէն ոչ մէկը յարգեց, ընդհակառակը,  սուլթանական իր ախորժակը սրելու քաղաքականութեան տուրք կը շարունակէ տալ ու գրաւելով սուրիական տարածքներ` իր վերահսկողութեան տակ պահել զանոնք ու անոնց վրայ բնակող սուրիացի ժողովուրդը:

Թուրքիոյ սուրիական հողեր ներխուժելու նորագոյն պատրուակը Ատանայի համաձայնագիրն էր: Թուրքիոյ նախագահը այս անգամ փորձեց արդարացնել իր ուժերուն Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջան ներխուժումը` իբրեւ Ատանայի համաձայնութեան շրջագիծին մէջ Թուրքիոյ անվտանգութեան պահպանման երաշխիք:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանը յստակօրէն հնչեց` արդարեւ:

Նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահին ապատեղեկատուութիւնը` շեշտելով, որ Ատանայի համաձայնագիրը չի սահմաներ թրքական ուժերուն Սուրիոյ տարածքներ թափանցումը նման խորութեամբ, իսկ Թուրքիոյ նախագահին անհիմն տեղեկութիւնները անգամ մը եւս կը հաստատեն, որ ան ոչ մէկ յարգանք կը տածէ Ասթանայի եւ Սոչիի համաձայնութիւններուն նկատմամբ: Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ատանայի համաձայնութիւնը նախ եւ առաջ կը թելադրէ սուրիական պետութեան հետ համակարգուած աշխատանք, որովհետեւ այդ համաձայնութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած է, իսկ Թուրքիոյ նախագահը ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի միակողմանի որոշումներ կայացնելու:

Էրտողանի այս ոտնձգութիւններուն պատասխանը սուրիական բանակը պիտի արձանագրէ` քայլ առ քայլ ազատագրելով Թուրքիոյ հետ երկրին ողջ սահմանը:

«Գ.»

Previous Post

Erdoğan taking risks with Assad, Moscow in Syria’s Idlib – analyst

Next Post

Greece to participate in new mission to enforce Libya arms embargo

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.