Աշխարհի տարբեր ոստաններու մէջ տարագրեալ սփիւռքահայութիւնը, կտոր մը հայրենի երդիքի տակ պետականութիւն կերտող արիւնակից մեր հայրենակիցները այսօր կþոգեկոչեն հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենատխուր էջին` քսաներորդ դարու Առաջին ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցը:
Իննսուն եւ եօթ տարիներ մեզ կը հեռացնեն պատմութեան այն ողբերգական ժամանակաշրջանէն, երբ չարաշահելով Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, մեծ պետութիւններու միջեւ խորացող բեւեռացումը, քաջալերուելով քայզերական Գերմանիոյ ռազմական եւ բարոյական նեցուկէն, օսմանեան Թուրքիոյ Երիտասարդ Թուրքերու վարչակարգը գործադրութեան դրաւ Արեւմտահայաստանը ընդմիշտ հայաթափելու, հայ ժողովուրդը բռնի տեղահանելու եւ բնաջնջելու փանթուրանական ծրագիրը:
Զանգուածային ոճիրներու, հալածանքներու, բռնի տեղահանութիւններու ընթացքին կատարուող աննախադէպ վայրագութիւնները Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Մեծն Բրիտանիան մղեցին դատապարտելու մարդկային քաղաքակրթութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները եւ խոստացան քրէական պատասխանատուութեան կանչել «զարհուրելիե ոճիրներուն կազմակերպիչներն ու գործադրողները: Միջազգային բառարանին մէջ այդ օրերուն գոյութիւն չունէր հրէշային եղելութիւնները բնութագրող Ցեղասպանութիւն եզրը…: Միջազգային ընտանիքը նախ Սեւրի դաշնագիրի, ապա` Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որդեգրած Ցեղասպանութեան Ուխտին (1948), մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու տարբեր ուխտագիրերու միջոցաւ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը ընդունած է իբրեւ մարդկութեան եւ մարդկային քաղաքակրթութեան դէմ գործուած ոճիր: Փաստօրէն, միջազգային ընտանիքը վաղուց տուած է հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ողբերգութեան իր գնահատականը: Բաւարար է միայն յիշեցնել, թէ ցեղասպանութեան եզրը սահմանելու լիազօրուած Ռաֆայէլ Լեմքին հայոց դէմ գործուած ոճիրները ներկայացուց իբրեւ անոր նախատիպը: Հետեւաբար,մենք անհրաժեշտութիւնը չունինք սպասելու այս կամ այն նախագահին ողորմութեան, կամ մեր իսկ թոյլտուութեամբ արտօնելու, որ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութինը շահարկուի ներքաղաքական զարգացումներու մէջ, ինչպէս վերջերս կատարուեցաւ Ֆրանսայի մէջ: Բարոյական զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը ինչ խօսք, որ ունի իր դերակատարութիւնը, սակայն ընդունելի չէ , որ պահանջատիրութիւնը դառնայ շահարկութեան առարկայ:
Հայ ժողովուրդի դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցը առիթ պիտի դառնայ վերանայելու պահանջատիրական մեր երթին, հետեւութիւններ քաղելու ցարդ կատարուած աշխատանքէն եւ անհրաժեշտութեան պարագային` ճշդելու մարտավարական նոր ընտրանքներ :
Գնահատելով եւ առանց ուրանալու պահանջատիրական գետնի վրայ ցարդ կատարուած աշխատանքը, նախ անհրաժեշտ է յստակացնել թէ ին՞չ կը հասկնանք պահանջատիրութիւն եզրով եւ ապա` որմէ ին՞չ կը պահանջենք: Հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ցեղասպանութենէն 97 տարի ետք մեզի համար նուաստացուցիչ է ՛ եթէ ոչ` ամօթ, տարբեր մակարդակի բեմերէ խօսիլ պահանջատիրութեան մասին, սակայն առանց յստակօրէն բնորոշելու, թէ ին՞չպէս կը պատկերացնենք պահանջատիրութիւնը եւ ին՞չ կը պահանջենք ցեղասպանէն: Այո, բոլորս կը պահանջենք, բայց ին՞չ կը պահանջենք: Համապարփակ եւ ամբողջական կեցուածքի մը բացակայութիւնը զգալի է տարբեր մակարդակներու վրայ եւ գրեթէ ամէնուրեք: Անհրաժեշտ է յստակօրէն եւ միանգամընդմիշտ բանաձեւել պահանջատիրութեան սահմանումը: Դժբախտաբար, առ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրս ըստ իր հայեցողութեան կը մեկնաբանէ պահանջատիրութիւնը: Յստակ եւ բոլորիս համար համոզիչ ու իրապաշտ հայեցակէտի մը բացակայութիւնը կը մնայ ակներեւ:
Պահանջատիրական պայքարը այսօր տեղափոխուած է իրաւական դաշտ: Զգացական ճառերը, հռետորական ելոյթները ոչինչ կը նշանակեն ատեաններու առջեւ: Սպառնալիքներն ու աղերսական խօսքերը չեն կրնար լուծում բերել մեր պայքարին: Հարցը իր համապատասխան ամբողջութեամբ փոխադրուած է իրաւական դաշտ: Իրաւագիտական ճամբաներով պիտի հետապնդենք մեր իրաւունքներու ձեռքբերումը, որուն համար անհրաժեշտ է կազմել ցեղասպանագէտներու եւ իրաւագէտներու խորհուրդ: Առանց անունները յիշատակելու մեր նուիրեալ ցեղասպանագէտներուն, հարց կու տանք, թէ համայն Սփիւռքի տարածութեան վրայ քան՞ի ցեղասպանագէտ եւ պատմագէտ պատրաստած ենք առ այսօր: Համեստ թիւ մը` առաւելագոյնը:
Պահանջատիրական մեր պայքարը` Սփիւռք եւ հայրենիք կը ներկայանայ մէկ ամբողջութիւն: Բեմերէն պահանջատիրութեան ամբողջականութեան մասին կը խօսինք, ներքուստ կալուածներու պատկանելիութեան, կալուածներու վերատիրանալու լռելեայն պայքարի մը ձեռնարկած ենք: Հայկական պահանջատիրութիւնը համազգային հարց է, զայն կարելի չէ մասնատել: Կալուածներ վերստանալու միջնորդական գրասենեակներու միջամտութեամբ համար ծագած լռելեայն պայքարը մեծագոյն ծառայութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ մեր թշնամիին: Մասնակի լուծումեր, հատուածական շահեր պիտի քաջալերեն, որ ցեղասպանը իբրեւ բարեգործ ներկայանայ հանրային կարծիքին առջեւ եւ շարունակէ ժխտել ճշմարտութիւնը:
Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութենէն 97 տարիներ ետք անհրաժեշտ է միանգամընդմիշտ յստակացնել պահանջատիրութեան իրաւատէրը: Սփիւռքը ժառանգորդն է կորուսեալ արեւմտահայաստանին, սակայն իրաւատէրը` հայրենի պետականութիւնն է: Պիտի ընդունինք, որ հայրենի պետականութիւնն է մեր պահանջատիրութեան իրաւատէրը: Հետեւաբար, Սփիւռք եւ հայրենիք պարտաւորութիւն կը զգանք ճշդելու մեր մարտավարութեան առաջնայնութիւնները, դերերու փոխադարձ ամբողջացումը: Կþուզենք հաւատալ, որ Սեւրի դաշնագիրին յօդուածները ուժի մէջ մնալու մասին, ինչպէս նաեւ հայոց ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքները վերացնելու հայրենի պետութեան կեցուածքը նոր էջ կոչուած է բանալու հայրենի պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
Պահանջատիրական պայքարը աւելի սերտ գործակցութիւն կþենթադրէ սփիւռքահայ կառոյցներու միջեւ` քաղաքական կուսակցութիւններ, եկեղեցի, հասարակական կազմակերպութիւններ. բոլորին հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հայապահպանումը եւ պահանջատիրութեան հետապնդումը: Այս վերջնոյն համար անհրաժեշտ է դաստիարակել գիտակից հայեցի սերունդ, մեր իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ամէն բանէ վեր եւ ամէն բանէ առաջ դասող սերունդ: Պատմական խեղաթիւրումներուն դէմ, ժխտողական քաղաքականութիւնը եւ պատմական յիշողութիւնը մոռացութեան մատնելու թրքական ապաքարոզչութիւնը մեզմէ կը պահանջէ յաւելեալ լարում եւ նուիրում: Հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցը հայ ժողովուրդին համար պիտի դառնայ միասնականութեան եւ պայքարը միասնականօրէն շարունակելու ուխտ մը:
Յարգանք մե բիւրաւոր նահատակներուն:
Փառք ու պարծանք մեր վերածնող հայրենիքին:
www.araraddailynews.com