Ժամանակի եւ տարածութեան վրայ մոռացութեան քննութիւնը յաղթահարած ընկերոջ մը յիշատակը կ’ոգեկոչենք այսօր: Կորուստներ կան, որոնք որքան ալ ցաւալի եւ տխուր, չեն կրնար դիմանալ պատմութեան քննութեան առջեւ: Ժամանակի ընթացքին կը մատնուին մոռացութեան: Այդպէս չէր ընկեր Սարգիս Տխրունի: ժամանակի իմաստով 73 տարուան հեռաւորութիւն մը մեզ կը բաժնէ անոր նահատակութենէն, սակայն ան մեզի հետ կը մնայ առյաւէտ, որովհետեւ անոր համոզումները նոյնքան այժմէական են որքան մարդկային ընկերութիւնը, ընկերային արդարութեան ձգտելու ժողովուրդներու պահանջատիրութիւնը, հայրենիքի պաշտպանութեան համար գաղութատիրական ձգտումներու դէմ ժողովուրդներու պայքարը: Ճիշդ է, որ ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ Սարգիս Տխրունին, բայց մեզի հետ է անոր ոգին, մեզի հետ է Մայր Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան համար անշեղօրէն ծառայելու անոր հաւատքը: Այսպիսի նուիրեալի մը յիշատակը կ’ոգեկոչենք այսօր:
Յիշելով Սարգիս Տխրունին, կը վերահաստատենք ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշումը յարգելու մեր համոզմունքը: Բազմաթիւ ժողովուրդներ ծնած ու մեկնած են «Աշխարհներու լաւագոյն՝ Մեր Աշխարհէն»: Անոնցմէ շատ շատեր մեկնած են առ յաւէտ: Սարգիս Տխրունին անոնցմէ էր, որոնք կը հաւատան հայ ժողովուրդի վերածնունդին եւ ապագային: Տխրունին անոնցմէ էր, որ կը հաւատար ազատ ինքնորոշուելու արաբ ժողովուրդի իրաւունքին: Անոր համար ալ, երիտասարդ ընկերոջ խորթ էր գաղութատիրութիւնը, անիկա ըլլար ֆրանսական կամ տարբեր: Տխրունին անոնցմէ էր, որոնք կը հաւատային հայրենիքի ապագային: Մեծ Եղեռնէն նոր վերապրող մեր հէգ հայրենիքը հազիւ իր գոյութեան կռիւը կը մղէր միջազգային ալեկոծումներուն մէջ: Գոյնի եւ արեւելումի պայքարներէն առաջ եւ աւելի կարեւորը՝ անոր գոյութեան պահպանումն էր: Սարգիս Տխրունին զինուած էր այնպիսի գաղափարախօսութեամբ, որոնց խորթ էր բռնատիրութիւնը, իսկ հայրենիքի ծառայութիւնը, անոր վերելքը կը մնար ամէն բանէ վեր: Այս կարգախօսը սոսկական խօսք չէր Սարգիս Տխրունիի եւ անոր ընկերներուն համար, այլ՝ գործ: Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ անոր ելոյթներուն առանցքը հայրենիքն էր, վերածնած հայրենիքին զօրակցութիւնը: Ապրեցաւ ու ճաշակեց կեանքի ամէն տեսակ զրկանք, բայց մնաց վեհանձն, որովհետեւ կը հաւատար իր արտասանած խօսքին, համոզումով կը խօսէր շրջապատին մէջ, ճիշդ այդ պատճառով ալ յարգուեցաւ բոլորէն: Համեստ կեանք մը ապրեցաւ , սակայն այդ համեստութեան մէջ մնաց հաստատ՝ իր համոզումներուն, չընկրկեցաւ ճնշումներու: Հալածուեցաւ, աքսորուեցաւ բայց մնաց հաւատարիմ իր կոչումին: Չարախօսեցան եւ աքսորեցին զինք, սարսափեցնել եւ լռեցնել փորձեցին, բայց մեր երիտասարդ նուիրեալը վերադարձաւ աւելի վճռական:Շրջան մը պաշտօնավարեց թիթեղածածկ Սահակեանին մէջ: Սովորական ուսուցիչ մը չէր ան, Սահակեանի դարբնոցին մէջ, այլ գաղափարական դաստիարակ:
Մեր ազգային կեանքը բեղուն է իր բիւրաւոր ծառայողներով, սակայն հազուադէպ կը հանդիպինք այնպիսիներու, որոնք իրենց կեանքով օրինակ կը դառնան մնացեալներուն: Կանուխ հրաժեշտ կու տան շրջապատին, բայց կը մնան շրջապատին մէջ: Այդպիսիներու ձայնն ու խօսքը կը մնայ անմառ: Սարգիս Տխրունին, անշէղ հայրենասէրութեան տիպար նահատակն էր, համայն հայ ժողովուրդին նահատակը:
Սարգիս Տխրունիի նահատակութենէն 73 տարիներ ետք, անոր մասին կը խօսինք կարծէք երէկ բաժնուած ըլլայինք գաղափարի ու հայրենիքի համեստ նուիրեալէն: Այսօր բոլորս միաբերան անգամ մը եւս կ’ուխտենք մնալու հաւատարիմ Մայր Կուսակցութեան սկզբունքներուն եւ շարունակելու Սարգիս Տխրունիներու կիսատ ձգած առաքելութիւնը:
Յարգանք Մեր Մեծ Նահատակի յիշատակին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ