ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 171
Ապրիլ ամիս է դարձեալ: Յիշատակներու եւ յիշողութեան ամիս: Երիտթուրքերը Առաջին համաշխարհային պատերազմը նկատեցին լաւագոյն առիթը՝ գործադրելու Արեւմտահայութեան զանգուածային բնաջնջումը եւ տեղահանութիւնը:
Առաջին համաշխարհային պատերազմին կովկասեան ռազմաճակատին վրայ կռուող թրքական զօրագունդեր արշաւեցին Վան նահանգին վրայ, զանգուածային ջարդի ենթարկելով անոր հայ բնակչութիւնը:
Ռուսական բանակին դէմ յաջորդական պարտութիւններ կրած թրքական զօրքերը, քիւրտ հրոսակախումբեր ունենալով իրենց կողքին, յարձակեցան Վան նահանգին վրայ՝ սպաննելով, կոտորելով նահանգին հայ բնակիչները, յափշտակելով անոնց ունեցուածքը: Վան նահանգի կարգ մը քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Շատախ, Հայոց ձոր, Արճեշ, Թիմար, Ալջավազ եւ այլն, հայերը դիմեցին ինքնապաշտպանութեան: Անոնց ամենահերոսականը տեղի ունեցաւ Վանի մէջ:
Տուեալներու համաձայն՝ Վանի բնակչութիւնը քառասուն մէկ հազար կը հաշուէր Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրէին: Անոր մեծամասնութիւնը հայեր էին, մնացեալը՝ թուրք, քիւրտ եւ օտար: Վան քաղաքը աշխարհագրականօրէն երկու մասի բաժնուած էր՝ Այգեստան եւ Քաղաքամէջ: Ոմանք այս շրջանները թաղամաս կը կոչեն: Սակայն անոնց միջեւ հեռաւորութիւնը մօտաւորապէս վեց քիլոմեթր ըլլալով՝ երկու հատուածներուն միջեւ թուրքեր կ’ապրէին:
Շրջակայ քաղաքներէն Վանի մէջ կուտակուած էր շուրջ եօթանասուն հազար հայութիւն:
Վանի կուսակալ Ճեւտէթ պէյ, շարժելով Վանի ուղղութեամբ, պաշարեց Այգեստանը: Վանի ղեկավար դէմքերը փորձեցին բանակցութիւններու միջոցով մեղմացնել լարուածութիւնը: Բայց ապարդիւն: Թուրքերը նենգաբար սպաննեցին հայ բանագնացներ՝ Դաշնակցութեան ղեկավարներ Ա. Վռամեանը (Օ. Դերձակեան) եւ Իշխանը (Ն. Պօղոսեան): Արամ Մանուկեան հրաշքով փրկուեցաւ այս դաւէն:
Ճեւտէթ պէյ Վանի հայ ղեկավարներէն կը պահանջէր անմիջապէս զօրակոչի ենթարկել քաղաքին երիտասարդները, մօտաւորապէս՝ չորս հազար, եւ կառավարութեան յանձնել հայերուն մօտ գտնուող զէնքեր՝ սպառնալով այլապէս քարուքանդ դարձնել Վանը: Կուսակալին ստորին նպատակները ծանօթ էին բոլորին:
Ան իր տրամադրութեան տակ ունէր վեց հազար զինուոր եւ շուրջ վեց հազար հաշուող քիւրտ հրոսակներ: Զէնք կրող հայերը ութ հարիւր կը հաշուէին:
Արհաւիրքը միաւորեց Վանի մէջ գործող հայ քաղաքական կուսակցութիւնները:
Ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպեց հերոսամարտին խորհրդանիշ Արամ Մանուկեանը: Անոր կարգադրութեամբ կազմուեցաւ «Վասպուրականի հայ ինքնապաշտպանութեան զինուորական մարմին»-ը: Այդ մարմինին մաս կը կազմէին Արմենակ Եկարեանը, Գաբրիէլ Սեմերճեանը ( ռամկավար), Պուլկարացի Գրիգորը եւ Կայծակ Առաքելը (դաշնակցական), Հրանդ Գալիկեանը( հնչակեան) եւ նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանը :
Վանի հերոսամարտի ռազմական ղեկավարը, միաւորուած ուժերու հրամանատարը Արմենակ Եկարեանն էր: Ան ռազմական գործողութիւններու հմուտ անձնաւորութիւն մըն էր: Ոչ ոք կրնայ ուրանալ այն նուիրական ծառայութիւնը, որ Արմենակ Եկարեանը ցուցաբերեց Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն՝ դառնալով Վանի ինքնապաշտպանութեան առանցքային դէմքերէն: Ինքնապաշտպանութեան ամբողջ տեւողութեան ան ղեկավարած է Զինուորական մարմինը, իսկ հետագային ստանձնած է նահանգային ոստիկանութեան ղեկավարութիւնը: Իր սխրագործութիւններուն համար Եկարեանը դարձած էր ծանրագոյն առաջադրանքներու խորհդանիշ:
Քաղաքամէջի մէջ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ այլ զինուորական մարմին մը՝ Հայկ Կոսոյեան, Լեւոն Գալճեան, Միհրան Թորոմանեան, Միհրդատ Միրզախանեան, Սարգիս Շահինեան, Դաւիթ Սարգսեան, Յարութիւն (Հարօ) Ներկարարեան, Եզնիկ վարդապետ Ներկարարեան եւ Միրզախան (Ժիրայր) Միրզախանեան կազմով:
Վանի պաշտպանութիւնը բաժնուեցաւ եօթը տարածքային շրջաներու:
Վերոյիշեալ մարմինները կազմակերպեցին Վանի բնակչութեան պարէնամթերքի հայթայթումը, բժշկական օգնութեան ծառայութիւններ: Մարմինը ստեղծեց զինագործական արհեստանոց մը, ուր թնդանօթ եւ փամփուշտ պատրաստելու փորձ կատարուեցաւ:
Նկարիչ Փանոս Թերելմեզեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Վանեցին համոզուեցաւ, որ ճակատումը անխուսափելի դարձաւ. հերոսական կեանքը թէ՛ պատուաւոր է եւ թէ՛ պարտաւորիչ»:
Հերոսամարտը սկսաւ 7 ապրիլ 1915-ին:
Բախումները թէժ գագաթնակէտին հասան 21 ապրիլին: Որոշ հատուածներու մէջ սպիտակ զէնքով ճակատումներ տեղի կ’ունենային: Անոնք տարածուեցան Քաղաքամէջի շրջանը: Թրքական զօրքերը անխնայ կը ռմբակոծէին Վանը: Պաշտպանութիւնը կը մնար անառիկ:
Ճեւտէթ պէյի զօրքերը քանիցս փորձեցին ճեղքել քաղաքին ինքնապաշտպանութիւնը, սակայն հանդիպեցան հայերու բուռն դիմադրութեան: Նոյնիսկ ձախողութեան մատնուեցաւ էրզրումէն ժամանած գերմանացի սպայի մը կազմակերպած գիշերային յարձակումը: Այստեղ անհրաժետ է նշել, որ հայ տղամարդոց կողքին, հայ կանայք բերին իրենց հերոսական մասնակցութիւնը:
Ճեւտէթ պէյ քանի մը անգամ համալրեց իր զօրքերը: Յաւելեալ խոստումներ տուաւ քիւրտ յելուզակներուն, բայց անօգուտ: Ինքնապաշտպանութեան դիրքերը մնացին անդրդուելի:
Մայիսի սկիզբը ռուսական զօրամասերու հայկական կամաւորական գունդերը արեւելեան ռազմաճակատին վրայ իրենց յաղթական արշաւը շարունակելով սկսան մօտենալ Վանին, եւ Ճեւտէթ պէյ բռնեց փախուստի ուղին՝ ետին ձգելով զինամթերք, թնդանօթներ եւ ռազմամթերք: Թուրք հորդաները չկրցան իրագործել իրենց ծրագիրը: Վանը փրկուեցաւ եւ անկախացաւ անոր բնակչութիւնը:
Այնուհետեւ Արամ Մանուկեան հռչակուեցաւ Վանի նահանգապետ:
Վանայ բերդին վրայ բարձրացաւ հայկական դրօշը: Վանը անկախ էր…
Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութենէն երկու ամիս ետք ռուսական զօրքերը աստիճանաբար սկսան հեռանալ շրջանէն: Այն պահէն, երբ պարզ դարձաւ, որ նահանջող ռուսական բանակը իր զէնքերը պիտի չտրամադրէր Վանի հայութեան, քաղաքին բնակչութեան կը մնար մէկ որոշում՝ գաղթ…:
Վանեցին ընդվզումով ընկալեց գաղթի որոշումը: Հաշտուեցաւ իր դառն ճակատագիրին եւ ակամայ հեռացաւ ծննդավայրէն: Գաղթականներուն թիւը կը հաշուէր 281 հազար 888 մարդ: Գաղթը տեւեց շուրջ երեսուն չորս օր: Անոնք հասան Սուրբ էջմիածին: Ճանապարհին մահացաւ ութ հազար մարդ: Անոնցմէ շատեր համաճարակներու զոհ դարձան: Հետագային վանեցիները տարածուեցան Հայաստանի այլազան շրջանները…Վանը պահելով իրենց սրտերուն մէջ:
Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մասին գեղարուեստական ընտիր պատումով անդրադարձած է Գուրգեն Մահարին իր «Այրուող այգեստաններ» վէպին մէջ:
Վանի ինքնապաշտպանութիւնը արժանիօրէն կը նկատուի հայ ազգային ազատագրական պայքարի փառապանծ էջերէն մէկը: Շնորհիւ այդ ինքնապաշտպանութեան շուրջ հարիւր ութսուն հազար հայեր փրկուեցան ոչնչացումէն եւ տեղաւորուեցան Արեւելահայաստան: