ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ուաշինկթըն Փոսթ».- 10 Մայիսին, Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային ատեանի մայրաքաղաքի բաժանմունքին մէջ, անցեալ տարի Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ խոշտանգուած 20 ցուցարարներ դատ բացած են Անգարայի եւ 5 քաղաքացիներու դէմ (երկու ամերիկացի եւ երեք գանատացի)՝ աւելի քան 100 միլիոն տոլար վնասուց հատուցում պահանջելով։
Այս մասին մեկնաբանութիւն մը կատարելու համար, Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան կատարուած դիմումները անպատասխան կը մնան։ Ցոյցը կազմակերպուած էր քրտական, հայկական եւ Թուրքիոյ այլ փոքրամասնութիւններ ներկայացնող կազմակերպութիւններու կողմէ։
Յիշեցնենք, որ դաշնակցային դատախազութիւնը քանի մը ամիս առաջ գաղտնաբար կասեցուցած էր Թուրքիոյ նախագահի 15 թիկնապահներէն 11ին քրէական հետապնդումը՝ պնդելով, որ անոնց մէկ մասը սխալ կերպով ամբաստանուած էր, իսկ միւս մասին դէմ բաւարար փաստեր չկան:
Թիկնապահներուն բռնարարքները եւ անոնց հետապնդումը յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծած էին արդէն իսկ ոչ նախանձելի վիճակի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ: Երկու երկիրները լուրջ տարակարծութիւններ ունին նաեւ Սուրիոյ քրտական ուժերը զինելու ամերիկեան որոշումին գծով:
Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ ամբաստանութիւնները կատարուած էին անցեալ տարուան Մայիսին, անոր Ամերիկա այցին ընթացքին, Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին մօտ տեղի ունեցած բախումներէն ետք: Տեսանիւթերու մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Էրտողանի թիկնապահները բռունցքներով եւ ոտքերով կը հարուածեն ցուցարարները, մինչ ոստիկաններ կը փորձեն կողմերը իրարմէ բաժնել: Այդ միջադէպին իբրեւ հետեւանք՝ առնուազն 9 ցուցարարներ եւ 3 ոստիկաններ վիրաւորուած էին:
Անցեալ տարուան Յունիս 6ին, Ներկայացուցիչներու տունը խստօրէն դատապարտեց թրքական այս բռնարարքը, իսկ Յուլիս 14ին վաւերացուց քոնկրեսական Տէյվ Թրաթի առաջադրած՝ Էրտողանի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր ծախելու ծրագիրը կասեցնելու մասին յաւելուածը: Տեղի տալով քոնկրեսական ճնշումներուն՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը աւելի ուշ ետ քաշեց Էրտողանի թիկնապահներուն զէնքեր ծախելու առաջարկը: 29 Օգոստոս 2017ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէկ ատեանը, ատելութեան հիման վրայ ոճրագործութեամբ ամբաստանած էր 19 հոգի, ներառեալ՝ Էրտողանի 15 թիկնապահները: Ատելութեան հողի վրայ յարձակում իրականացնելու յանցանքով, ամբաստանեալները կրնան մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ: Անոնցմէ երկուքը՝ ամերիկացի քաղաքացիներ, մէկական տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էին Ապրիլին։