ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Հայկական կողմը երբեք չէ ժխտած, որ Խոջալուի մէջ պատահածը ոչ հեռաւոր անցեալին պատկանող ողբեգրութիւն է, խորքին մէջ անիկա ոչ թէ պարզապէս ողբերգութիւն է, այլ յանցագործութիւն։
Ատրպէյճանական քարզչական աշխատանքները նկատի ունենալով՝ այսօր հայկական կողմերը Սումգայիթի ոճրագործութեան իւրաքանչիւր տարելիցին պէտք է բոլորին յիշեցնէ, թէ ովքեր են Խոջալուի ոճրագործութեան հեղինակները:
Այս նիւթին նուիրուած էր Արցախի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեանի «Խոջալու. Յանցագործութեան Անատոմիա» աշխատութիւնը:
Վերնագիրը պատահական կերպով չէ ընտրուած: Հիմնական իւրայատկութիւնը այն է, որ գիրքը հիմնուած է ոչ հայկական աղբիւրներու ուսումնասիրութեան վրայ: Աւելի՛ն. Վահրամ Աթանէսեան վստահ է՝ «Խոջալուի բնակչութեան սպանդը կազմակերպուած է եղել, այն էլ՝ բաւական բարձր մակարդակով»: Վերջին տարիներուն լոյս ընծայուած իր յօդուածներուն հիման վրայ կազմուած աշխատութեան մէջ այդ մասին վկայող առաւել քան բաւարար փաստեր ներկայացուած են:
«Ադրբեջանական քարոզչամեքենան, որ արդէն մօտ երկու տասնամեակ այս թեմայի շրջանակներում հազարաւոր մեղադրականներ է տարածել հայերի հասցէին, այդ նոյն մեղադրականներում բազմաթիւ սխալներ է բաց թողել, որոնց վերլուծութիւնը միայն բաւարար կը լինի Խօջալուի դէպքերի իրական պատկերն ունենալու համար: Դա, սակայն, մէկ-երկու հոգու աշխատանք չէ», համոզուած է Վահրամ Աթանէսեան:
Անոր համաձայն՝ հանրայայտ ճշմարտութիւնը պէտք չէ միշտ կրկնել: «Հայկական կողմը հնարաւորութիւն ունի առնուազն ամէն տարի Խոջալուի մասին ճշմարտութեան մի մասնիկ բացայայտել ու ներկայացնել աշխարհին», դիտել տուած է ան: