ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Որքա՛ն ճիշդ է ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ արժեւորումը, երբ կը խօսի հայոց վերջին երեքհազարամեայ պատմութեան մասին: . .«Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին նուաճած է չորս գագաթներ.- Ս. ՄԵՍՐՈՊ, ԿՈՄԻՏԱՍ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՆԴՐԱՆԻԿ»….Այս մեծութիւնները տեւաբար կը ներշնչեն ու կը ոգեշնչեն մեզ, նոր ուժ ու կորով կը փոխանցեն մեզի՝ հայակերտումի եւ հայապահպանման, հայրենակերտումի եւ հայրենատիրական մեր պայքարին….Աներեր ապաստան են անոնք՝ մեր յուսալքումին դիմաց….Վճիտ աղբիւր՝ հայկականութեան մեր ծարաւին դիմաց….Մաքառումի եւ պայքարի ոգիի մշտահոս աղբիւր՝ մեր նահանջականութեան դիմաց….Այսօր ծննդեան տարեդարձն է ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ, որ զարմանալի յայտնատեսութեամբ, քաղաքական բացառիկ հոտառութեամբ նախատեսաւ երիտթուրքերու հայաջինջ քաղաքականութեան ողջ էութիւնը, ո՛չ մէկ ատեն գլուխ ծռեց թուրքին եւ անոր սադրանքներուն….իր ողջ էութեամբ դարձաւ արեմտահայութեան դատին ԱՆՆԿՈՒՆ ԶՕՐԱՎԱՐՆ ու ԶԻՆՈՒՈՐԸ, ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐՆ ու ՊԱՅՔԱՐՈՂԸ….եւ արեւմտահայութեան ՄԻԱՒՈՐՄԱՆ մէջ տեսաւ Հայ Դատի լուծման ԲԱՆԱԼԻՆ….Հայրենասիրութեան իր պատգամներէն էր. -Երբ գլուխդ բարձին կը դնես ամէն օր, մտածէ՛ թէ ի՞նչ ըրիր հայութեան ու հայրենիքին համար….ԱՆ ՄԻՇՏ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ԵՐԿՆՔԻ ՎԱՌ ԼՈՒՍԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ….ԽՈՐԻՆ ԽՈՆԱՀՈ՛ՒՄ ԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ