ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀԿն դէմ է կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու համար խորհրդարանական ընտրութիւններու անցողիկ շեմը 1 տոկոսով նուազեցնելուն: Այս մասին 24 Յուլիսին, Ազգային ժողովին մէջ ընթացած ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու նպատակով աշխատանքային խումբի հերթական նիստին յայտարարեց ՀՀԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Յարութիւնեան: Ըստ անոր՝ ներկայ իրավիճակին մէջ այդպիսի քայլ վտանգաւոր է:
«Ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակում մենք կայունութիւն ապահովելու խնդիր ունենք: Պէտք է այս փուլում կարողանանք խորհրդարանական համակարգը զերծ պահել վայրիվերումներից», նշեց Յարութիւնեան:
Միւս երեք ուժերը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, «Ծառուկեան» եւ «Ելք» դաշինքները այս հարցին «կողմ» դիրքորոշում ունին:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան եւ քուէարկութեամբ ընդունուեցան նաեւ 4 ուժերուն կողմէ ներկայացուած միւս առաջարկները: Քաղաքացիներու համար մինչեւ ընտրութիւնները վաւերական անձնագիրներ ստանալու դրութիւնը դիւրացնելու, ընտրութիւններու արդար եւ թափանցիկ իրականացման երաշխիքները աւելցնելու համար, լրացուցիչ սարքերու ներդրումը ապահովելու հարցերը ընդգրկուեցան կառավարութեան ուղարկուելիք ծրարին մէջ:
ՀՅԴն առաջարկեց վերցնել վարկանշային ընտրակարգը եւ անցում կատարել բաց ցուցակներով համամասնական ընտրակարգի: ՀՀԿն կողմ է այս առաջարկին, սակայն միւս երկու ուժերը դէմ են կամ՝ վերապահ: Այս հարցը եւս պիտի ուղարկուի կառավարութեան եւ դարձեալ պիտի քննարկուի խորհրդարանական ուժերուն կողմէ:
Ազգային ժողովի ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու նպատակով աշխատանքային խումբի յաջորդ նիստին խորհրդարանական ուժերը արդէն պիտի ունենան իրենց տեսակէտներուն շուրջ կառավարութեան պատասխանները եւ պիտի քննարկեն արտախորհրդարանական ուժերոն կողմէ ներկայացուած առաջարկները: