Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Այսօր Կը Սկսի Քննարկել 2020-ի Պետական Ամավարկը, Իսկ Ժողովրդային Շարժումի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

January 27, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Lebanon’s New Govt. Faces Multiple Challenges, Growing Unrest

An anti-government demonstrator throws back tear gas at riot police during ongoing protests in Beirut, Lebanon, Wednesday, Jan. 22, 2020. Lebanon's new government held its first meeting Wednesday, a day after it was formed following a three-month political vacuum, with the prime minister saying his Cabinet will adopt financial and economic methods different than those of previous governments. (AP Photo/Bilal Hussein)

Խորհրդարանը այսօր լիագումար նիստերուն ընթացքին պիտի սկսի 2020-ի պետական ամավարկի քննարկումին` ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան, որ կը նկատուի ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն:

Պետական ամավարկի քննարկումները պիտի շարունակուին նաեւ վաղը:

Այս առիթով Ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, այսօր առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ պիտի որդեգրէ որոշ միջոցառումներ Կեդրոնական Պէյրութի, Սայֆիի, Պըրժ Մըրի, Մոնրօ պանդոկի, Պըրժ Ղազալէի, ինչպէս նաեւ Ալենպի փողոցին վրայ:

Միւս կողմէ, ժողովրդային շարժումի ցուցարարները անցեալ շաբաթավերջին եւս շարունակեցին նոր կառավարութիւնը մերժող իրենց բողոքի ցոյցերը:

Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ ցուցարարները Սեսին հրապարակէն, Վերտանէն, Մազրաայէն, Տորայէն եւ Պէյրութի Արդարութեան պալատէն քալեցին դէպի Ռիատ Սոլհ հրապարակ եւ խորհրդարան:

Յետմիջօրէին Ռիատ Սոլհի մէջ տեղի ունեցած բողոքի նստացոյցին ընթացքին կարգ մը ցուցարարներ քարկոծեցին Ներքին ապահովութեան ուժերը եւ անոնց վրայ պայթուցիկներ նետեցին` դարձեալ բռնկեցնելով անկարգութիւնն ու խուլիկանութիւնը, որ ի վերջոյ հասաւ իրենց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումի:

Վարչապետարանին դիմաց բախումը արձանագրուեցաւ նաեւ այն պատճառով, որ ցուցարարները փորձեցին վարչապետարանին դիմացէն հեռացնել փշաթելերը:

Փշաթելերը հեռացնող ցուցարարներուն դէմ ապահովութեան ուժերը օգտագործեցին ջրցան մեքենաներն ու արցունքաբեր կազեր` զանոնք ցրուելու նպատակով: Անոնք յաջողեցան ցուցարարները հեռացնել մինչեւ Նահատակաց հրապարակ, ինչպէս նաեւ յայտարարեցին, որ բախումին վայրը գտնուող իւրաքանչիւր անհատ պիտի ձերբակալեն` խնդրելով խաղաղ ցուցարարներէն, որ հեռանան այդ վայրէն:

Ներքին ապահովութեան ուժերը Կեդրոնական Պէյրութի մէջ անկարգութիւններ տարածող խուլիկաններէն գրաւեցին սուր իրեր, սփրէյներ, բիրեր եւ այլ գործիքներ, որոնք կ՛օգտագործուէին իրենց դէմ:

Բախումներուն ընթացքին կարգ մը այլ ցուցարարներ փակեցին Սայֆիի եւ Քորնիշ Մազրաայի ճամբաները, որոնք աւելի ուշ վերաբացուեցան:

Սայտայի մէջ ժողովրդային շարժումը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին կատարեց բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները հաստատեցին, որ ներկայ կառավարութեան իրենց վստահութիւնը չեն շնորհեր` աւելցնելով, որ կը պահանջեն փտածութեան եւ մսխումի դէմ պայքարիլ:

Այլ նստացոյց մը կատարուեցաւ նաեւ Հերմելի մէջ` մերժելով լիբանանեան պետութեան կողմէ քաղաքացիին բերանը փակ պահելու իմաստով բանեցուած ճնշումը:

Երեկոյեան փակուեցաւ Ժիէի մայրուղին:

Նշենք, որ երէկ արտերկրի լիբանանցիներ տարբեր երկիրներու մէջ կատարեցին բողոքի նստացոյցեր` առ ի զօրակցութիւն Պէյրութի մէջ ցոյցեր կատարող ժողովրդային շարժումին:

Previous Post

Նշմար. …Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրակա՞րգը

Next Post

«Երեւան-2800» Արծաթէ Յուշադրամը 3-րդ՝ Միջազգային Մրցումին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.