Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին երեսփոխանները դարձեալ քուէարկեցին անփոփոխ պահել երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւնները 27 մարտ 2022-ին կայացնելու գծով խորհրդարանական յանձնախումբերու «թելադրանքը»: Ապա ժողովականները 61 ձայնով քուէարկեցին նաեւ ի նպաստ արտերկրի լիբանանցիներու կողմէ 128 երեսփոխաններու ընտրութեան: Ժողովը սակայն այնքան ալ հեզասահ չընթացաւ, եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ կարգ մը երեսփոխաններու միջեւ քաղաքական հեռանկարով ժողովավարական բանավէճ ծագեցաւ, որուն հետեւանքով նշեալ համախմբումի երեսփոխանները լքեցին ժողովասրահը` խոստանալով «գրաւոր բողոքագրութեամբ չեղեալ նկատել կայացած ընտրական խախտումը»:
Այս գծով երեսփոխան Պասիլ դատապարտեց կայացած քուէարկութեան «ոճը», որ «Ազգային ուխտի եւ սահմանադրական սկզբունքներու հիմնական խախտում էր»: Իսկ Ազատագրում եւ բարգաւաճում համախմբումի նախագահ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ ըսաւ. «Կը թուի, թէ ոմանք կ՛ուզեն յետաձգել կամ չեղեալ նկատել խորհրդարանական ընտրութիւնները»: Փոխադարձ վիրաւորանքներէն անմասն չմնաց նաեւ նախագահ Աունի «ժողովավարական վարկը, որ խախտած էր սահմանադրութիւնը», ինչ որ բուռն հակազդեցութիւն հրահրեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններուն կողմէ: Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդգծեց. «Ոչ ոք ինձմէ աւելի նախանձախնդիր է նախագահի հանգամանքի պահպանման»:
Ապա թեր ու դէմ կեցուածքները շարունակուեցան նաեւ ժողովասրահէն դուրս եւ աւելի ուշ կայացած հանդիպումներու ընթացքին, ինչ որ առաւել եւս երկփեղկեց առանց այդ ալ քաղաքականօրէն պառակտուած խորհրդարանի անդամները:
Արդ, հայեացքները ուղղուած են քաղաքական առնչակից կողմերուն որդեգրելիք յառաջիկայ քայլերուն, յատկապէս` Հզօր Լիբանանի երեսփոխաններուն կողմէ նշեալ քուէարկութեան դէմ բողոքարկման պարագային, ինչ որ դարձեալ կրնայ բռնկեցնել քաղաքական մթնոլորտը` «նորանոր արձակուրդներ» պատճառելով սահմանադրական կենսական կառոյցներու գործունէութեան: