Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստին, որուն ընթացքին երեսփոխանական տարբեր պլոքներու անդամներ անդրադարձան Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական, ելեւմտական ու ընկերային իրադարձութիւններուն եւ ըստ այնմ յայտարարեցին իրենց կեցուածքը` վստահութեան քուէ շնորհելու կամ չշնորհելու մասին:
Խորհրդարանը գումարեց զոյգ նիստեր` ցերեկային եւ գիշերային: Գիշերային նիստին աւարտէն ետք ներկայ 100 երեսփոխաններէն 85-ը իրենց վստահութեան քուէն շնորհեցին Միքաթիի կառավարութեան, իսկ մնացեալ 15-ը` մերժեցին:
Նախքան երեսփոխաններուն կեցուածքները լսելը, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի` նորակազմ կառավարութեան ներկայութեան, «Միասնաբար դէպի փրկութիւն» կարգախօսին ներքեւ գործելիք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ներկայացուց:
Միքաթի յայտնեց, որ խօսքերը պիտի չկարենան լուծել լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պիտի ուղղուի գործելու, որպէսզի կարենայ երկիրը իր մթութենէն դուրս բերէ:
«Կառավարութիւնը վստահութեան քուէ կը խնդրէ այնպիսի կացութեան մէջ, երբ առկայ հարցերն ու տագնապները լուծելու համար արտակարգ մօտեցումներու կարիք կայ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ այն սկզբունքներուն, որոնց կառավարութիւնը կառչած պիտի մնայ, ինչպէս` երկրին սահմանադրութեան, Ազգային ուխտին եւ միջազգային ուխտերուն, Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն զօրակցելու, միջազգային ընտանիքէն մնայուն կերպով խնդրելու ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան կասեցնէ Լիբանանի դէմ իր ոտնձգութիւնները, լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն բացարձակ զօրակցելու եւ աջակցելու, ինչպէս նաեւ թշնամի Իսրայէլին դիմադրելու լիբանանցիներուն իրաւունքը պաշտպանելու:
«Կառավարութիւնը կը հաստատէ, որ իր նպատակն է պաշտպանել բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս անոնք, որոնք 17 հոկտեմբեր 2019-ին ապստամբութիւն մը կազմակերպեցին` պահանջելով արժանապատիւ եւ ազատ կեանք, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներ, որոնց գործադրութիւնը հիմնական կարիքի վերածուած է», ըսաւ Միքաթի:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր կը մնայ 4 օգոստոսի աղէտալի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելու եւ անոր դրդապատճառները բացայայտելու` հաստատելով, որ կառավարութիւնը խորհրդարանին հետ պիտի գործակցի` Լիբանանի փրկութեան միացեալ նպատակը իրականացնելու համար:
Միքաթի կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն միասնաբար գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը դարձեալ ոտքի կանգնեցնել եւ ներդրումներու իմաստով երկրին գրաւչութիւնը վերականգնել:
Կէսօրէ առաջ գումարուած նիստին ընթացքին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը, որուն անունով խօսք առաւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան:
Ան հաստատեց, որ իրենց համար կարեւորագոյնը երեսփոխանական ընտրութիւններն են, որպէսզի կարելի ըլլայ խորհրդարանի ներկայ մեծամասնութիւնը փոփոխութեան ենթարկել:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ նշեց, որ կառավարութեան շնորհելիք իր վստահութեան քուէն պայմանաւորուած է կառավարութեան կողմէ Հարիրիի սպանութեամբ մեղադրուած 4 զօրավարներէն ներում հայցելու քայլով:
Միքաթիի եւ անոր կառավարութեան վրայ յարձակումներով լեցուն արտայայտութիւններէ ետք Սէյիտ յոյս յայտնեց, որ անոր փորձառութիւնը յաջող դուրս կու գայ:
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի կառավարութեան շնորհեց վստահութեան քուէն` հաստատելով, որ ներկայ փուլը ազգային ռազմավարութիւնները պատասխանատուութեամբ մշակելու ժամանակաշրջան է:
Հարիրի ընդգծեց, որ վարչապետ Միքաթիի կը զօրակցին եւ անոր կառավարութեան վստահութեան քուէ կը շնորհեն Լիբանանի փրկութեան ի խնդիր:
Երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքին անունով կառավարութեան շնորհեց վստահութեան քուէն:
«Մեկնելով կառավարութեան աշխատելու առիթ տալու մեր համոզումէն, մեր ձեռքը կ՛երկարենք միասնաբար գործելու, ինչպէս նաեւ հսկելու անոր աշխատանքին», հաստատեց Իզզէտտին:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան ընդգծեց, որ կառավարութեան կը շնորհէ իր վստահութեան քուէն` աւելցնելով, որ կառավարութեան յաջողութիւն կը մաղթէ, որովհետեւ անիկա երկրին փրկութեան վերջին առիթն է:
Ան կոչ ուղղեց միասնաբար գործակցելու` վերականգնելու համար վստահութիւնն ու յոյսը եւ իրականացնելու համար բարեկարգումը:
Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ իրենք կառավարութեան կը շնորհեն իրենց վստահութեան քուէն, որ ուղղակիօրէն առնչուած է անհրաժեշտ բարեկարգումներու գործադրութեան:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերէն պահանջուած է գործակցիլ կառավարութեան հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրի տագնապներուն լուծումները ճիշդ հունի մէջ տեղադրել:
Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան կենսունակ եւ արագ ծրագիրներ մշակելու` հաստատելով, որ կառավարութեան յաջողութիւնը իրենց փափաքն է:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ իրենց պարտականութիւնն է չվստահիլ, որովհետեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ բարեկարգումի նշոյլն իսկ չեն նշմարած` աւելցնելով, որ կը մտածէին կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհել, եթէ անոր մէջ գերիշխանութեան շունչ մը նշմարէին:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, խորհրդարանի նախագահին որոշումով նիստը վերջ գտաւ: Ան հաստատեց, որ ինք կը փափաքի նոյն օրն իսկ աւարտել այդ նիստը, նոյնիսկ եթէ ստիպուի անոր տեւողութիւնը մինչեւ կէս գիշեր երկարել:
Պըրրի երեկոյեան նիստի ժամ ճշդեց 5:30-ը:
Երեկոյեան նիստին ընթացքին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ կառավարութեան որդեգրած «Միասնաբար դէպի փրկութիւն» կարգախօսը դատարկ եւ կեղծաւոր կարգախօս մըն է, հետեւաբար կը մերժէ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհել:
Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ ինք կառավարութեան վստահութեան քուէ կը շնորհէ: «Երկիրը մահամերձ վիճակի մէջ է եւ յաւելեալ մարտահրաւէրներ չի կրնար հանդուրժել, որովհետեւ կայ զօրավար մը, որ կողմնացոյցը կորսնցուցած է», ըսաւ ան:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմար, պատասխանելով Թապըշի յայտարարութիւններուն, ըսաւ, որ երկիրը շնչահեղձ եւ մահամերձ վիճակի հասցնողը տարիներ շարունակ ծառայութիւններու ընդմէջէն շահեր ապահովող քաղաքականութիւններուն վրայ վստահողն է:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան, անդրադառնալով իրանեան մազութին, հաստատեց, որ ոչ ոքի արտօնուած է Լիբանանի սահմաններուն դէմ ոտնձգութիւններ կատարել. ան իր խօսքը ուղղեց վարչապետ Միքաթիին` հաստատելով, որ անոր կողմէ այս իրողութեան դատապարտումը անբաւարար է:
«Կողմնացոյցը ուղղելու համար պէտք է անկեղծանալ եւ բացայայտել պետութեան թոյլ կէտերը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց հետ պատասխանատուութեամբ վարուիլ», ըսաւ Ատուան:
Ան նշեց, որ ըստ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակէն բացի ոչ մէկ ուժ պէտք է տեղակայուած ըլլայ:
Պատասխանելով Ատուանի վերջին խօսքին` Պըրրի ըսաւ. «Թիւ 1701 բանաձեւին սեւագիրը Այն Թինէի մէջ մշակուած է իմ եւ ամերիկացի պատուիրակ Ուելշի կողմէ, եւ քու մատնանշածդ հոն տեղ չէ գտած: Այդ խօսքին նման առաջարկ մը հնչեց` մշակումի ընթացքին, եւ անիկա Լիբանանի եւ արաբական երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ կտրականապէս մերժուեցաւ: Դիմադրութիւնը ոչ մէկ անգամ առանց բանակին, ժողովուրդին եւ լիբանանեան պետութեան գործած է»:
Խորհրդակցական հանդիպումին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի, որ յայտնեց, թէ պլոքը իր վստահութեան քուէն պիտի շնորհէ վարչապետ Միքաթիին եւ քուէն պիտի պայմանաւորէ իրագործուելիք թափանցիկութեան եւ վստահելիութեան հետ:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անթուան Հապշի շեշտեց, որ ներկայիս կը տիրէ իշխանութիւն մը, որ արտադրած է մեծ թիւով կառավարութիւններ, որոնք լիբանանցիները տարուէ տարի դժբախտացուցած են: Ան մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան:
Երեսփոխան Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ կառավարութիւնը բաժնեկցումի տգեղ ձեւ մըն է` աւելցնելով, որ ինքզինք կը գտնէ քաղաքական շարք մը նշանակումներու դիմաց: Ան մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան:
Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի շեշտեց, որ ինք կը մերժէ վստահութիւն շնորհել այնպիսի կառավարութեան մը, որ բաժնեկցութեան յղացքով կազմուած է, եւ որոշելու իրաւունքը իր մօտ չի գտնուիր:
Երեսփոխան Ժիհատ Սամատ մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան, հակառակ անոր որ Միքաթի իր անձնական վստահութեան արժանի է:
Երեսփոխան Ալի Տարուիշ նկատել տուաւ, որ նորակազմ կառավարութիւնը վերջին առիթի կառավարութիւն է, եւ ներկայիս երբեք ժամանակը չէ տարակարծութիւններ ունենալու:
Ազգային համախմբումի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի հաստատեց, որ ինք վստահութեան քուէն պիտի շնորհէ կառավարութեան` կայունութիւն հաստատելու նպատակով: Ան աւելցուց, որ իրենք պիտի հսկեն կառավարութեան գործունէութեան:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան տագնապը լուծման ենթակայ է, եւ կարելի է բոլորը գոհացնող համաձայնութիւններու յանգիլ:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան խորհրդարանի գիշերային նիստին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ` ծառայութեան վրայ հիմնուած տնտեսութենէն անցնելու արտադրողական տնտեսութեան:
Ան նշեց, որ սեփական մարզին քաջալերող ազդակներ պէտք է տրամադրուին, իսկ դրամատուները պէտք է ազատեն քաղաքացիներուն գումարները:
«Կառավարութեան պարտականութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ գրաւել ներդրողներուն ուշադրութիւնը, որովհետեւ հայրենիքը չի կայունանար եւ բարելաւում չ՛արձանագրեր, բացի երբ ամուլ բանավէճը կը վերածուի ծրագիրներու միջեւ մրցակցութեան», ընդգծեց Յ. Թերզեան:
Ան հաստատեց, որ ժողովուրդը ձգուած է իր ճակատագիրին, եւ վատնումի ժամանակ չկայ այլեւս: «Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով վճիռը կը ձգենք ժողովուրդին, իսկ վստահութիւնը կը շահին եւ ոչ թէ կը ստանան», շեշտեց Յ. Թերզեան:
Նիստի աւարտին դարձեալ խօսք առաւ վարչապետ Միքաթի, որ յայտնեց, թէ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն լուծումներ գտնելու: