Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

 Խորհրդարանի դ. նիստին  եւս կարելի չեղաւ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրել. Միշել Մուաուատ կառչած կը մնայ իր թեկնածութեան

October 25, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
42 votes for Mouawad, 55 blank votes: MPs fail to elect president for third time

Lebanese Parliament Speaker Nabih Berri, right, casts his vote as parliament gathers to elect a president at the parliament building in downtown Beirut, Lebanon, Thursday, Sept. 29, 2022. Lebanon's Parliament on Thursday failed to elect a new president with the majority of lawmakers casting blank ballots. (AP Photo/Bilal Hussein)

Երկուշաբթի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանը գումարեց նախագահական ընտրութեան իր Դ. նիստը, օրինաթիւ գոյանալէն ետք:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան 110 երեսփոխաններ:

Նիստին ընթացքին կատարուած քուէարկութիւնը ստացաւ հետեւեալ պատկերը. Միշել Մուաուատ` 39 քուէ, 50 սպիտակ քուէ, «Նոր Լիբանան»` 13 քուէ, Իսամ Խալիֆէ` 10 քուէ եւ 2 չեղեալ քուէ:

Խորհրդարանը չկրցաւ նախագահական ընտրութեան իր երէկուան ժողովը երկրորդ նիստով մը շարունակել` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Նիստին աւարտը յայտարարելէ ետք, խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ յաջորդ նիստը սկզբունքով պիտի գումարուի հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2022-ին, եւ աւելցուց, որ յաջորդ նիստին թուականը աւելի ուշ պիտի ճշդէ եւ պաշտօնապէս ժողովի պիտի հրաւիրէ երեսփոխանները:

Նիստէն ետք երեսփոխան Միշել Մուաուատ հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ իր թեկնածութեան, հակառակ անոր որ պատկերը կը կրկնուի:

Մուաուատ նկատել տուաւ, որ կայ իշխանութիւն մը, որ ինքզինք կ՛ուզէ պարտադրել, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններն ու լիբանանցիները շանթաժի ենթարկել, որպէսզի նախագահական ընտրութեան երկրորդ նիստին ընթացքին օրինաթիւը վերացուի:

Իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլային` Մուաուատ յայտնեց, որ իրենց դէմ ճշդուած դաւաճանութեան տրամաբանութեամբ կարելի չէ շարունակել: Ան նկատել տուաւ, որ համախոհական այն թեկնածուն, զոր քաղաքական մնացեալ ուժերը տակաւին կը փնտռեն, պէտք է իր փաստաթուղթերը ներկայացնէ Հըզպալլային եւ երաշխիքներ ստանայ, որպէսզի յաջողի: «Մենք կը մերժենք այս տրամաբանութիւնը, որովհետեւ եթէ ընդունինք զայն, ապա լիբանանցիներուն կեանքին ոչինչ տրամադրած կ՛ըլլանք», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ ինք բարեկարգչական երեսփոխան է, սակայն բարեկարգչական երեսփոխաններու համախմբումին մաս չի կազմեր: «Ես քուէարկեցի ի նպաստ Միշել Մուաուատի», նշեց ան:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան նշեց, որ իրենք համաձայն են Պըրրիի կողմէ Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւէրին ընդառաջելու` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին երկխօսութեան եւ կարեւոր կը նկատեն ներկայ մթնոլորտէն դուրս գալը, «որովհետեւ հինգշաբթի օրուան նիստէն ետք Լիբանանի դիմաց հորիզոնները կրնան փակուիլ», շեշտեց ան:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ սպիտակ քուէով մասնակցիլը իրաւունք է` աւելցնելով, որ իրենք տակաւին թեկնածուներու անուններ չունին:

Ֆատլալլա կոչ ուղղեց նախագահական թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու` ընդգծելով, որ իրենք կը փափաքին ընտրել հանրապետութեան նախագահը եւ բաց են տեղի ունենալիք որեւէ երկխօսութեան մասնակցելու:

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները պէտք է իրենց որոշումները վերջնականացնեն: «Պէտք է հանրապետութեան նախագահ ունենանք», ըսաւ ան:

Ատուան շեշտեց, որ Միշել Մուաուատը գերիշխան եւ բարեկարգչական նախագահական թեկնածու է` նկատել տալով, որ ժողովրդավարութիւնը երկխօսութեան կարիք չունի, իսկ Հըզպալլայի հետ տարակարծութիւնը հիմնուած է սահմանադրութեան եւ օրէնքի վրայ:

Previous Post

Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին սպառողական իրերու սակը 8,40 առ հարիւրի աճ արձանագրած է

Next Post

Ըստ «Վետոմոսթի»-ի. հոկտեմբերի վերջաւորութեան Մոսկուայի կամ «ամենայն հաւանականութեամբ» Սոչիի մէջ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ հանդիպում

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.