Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՊԱՅԹՈՒՄ  ՊԷՅՐՈՒԹԻ  ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻՆ  ՄԷՋ:

August 5, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՊԱՅԹՈՒՄ  ՊԷՅՐՈՒԹԻ  ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻՆ  ՄԷՋ:

Աղէտալի  օրեր  կ’ապրին  լիբանանցիները:   Ընկերային,  տնտեսական, քաղաքական եւ առողջապահական   աղէտներէն  ետք ապահովական  աղէտ մը  հարուածեց   Լիբանանը  այսօր երեկոյեան:

Երկու  հզօր  պայթումներ  ցնցեցին  Լիբանանի  մայրաքաղաք Պէյրութը: Պայթումներուն ցնցումը  մինչեւ  իսկ  զգացուեցաւ  Կիպրոսի մէջ:

Առաջին պայթումը  պատահեցաւ Պէյրութի ժամով երեկոյեան ժամը 6-ին: Քանի մը երկվայրկեան  ետք  յաջորդեց երկրորդ  մը:  Պայթումները խլեցին մարդկային  մեծ թիւով զոհեր, հարիւրաւոր  վիրաւորներ:  Պայթումին ալիքը աւերեց  քանի մը քիլոմեթր   հեռաւորութեան վրայ գտնուող   բնակարանները, հաստատութիւնները, պատճառելով   ծանր    վնասներ: Նաւահանգիստէն մինչեւ Տորայի  շրջանը դարձաւ ամբոջական աւերուածութեան  թիրախ: Պայթումները  աւերակի  վերածեցին  Պէյրութի նաւահանգիստը:  Ներքին ապահովութեան  եւ  շտապ օգնութեան  միաւորներ փութացին պայթումին վայրը, անմիջական  օգնութիւն հայթայթելու  վերապրողներուն:

Պայթումին պատճառները կը մնան խորհրդաւոր:

Առողջապահութեան  նախարար   Համատ   Հասան  լրատուական  միջոցներուն յայտնեց, թէ  հրավառութեան  նիւթեր   փոխադրող նաւ մը պայթած է նաւահանգիստին  մէջ:  Ան հիւանդանոցները   հորդորեց  դռները բանալ եւ  անմիջապէս  ընդունիլ  բոլոր   վիրաւորները: Պէյրութի   բոլոր հիւանդանոցներուն մէջ ստեղծուեցաւ   քաոսաին  վիճակ:  Հիւանդանոցները  ներկայիս  կը գտնուին  իրենց հնարաւորութիւններէն աւելի մեծ թիւով  վիրաւորներ   ընդունելու    ստիպողութեան տակ:  Կարմիր  խաչը  արեան  տուչութեան կոչ ուղղեց  քաղաքացիներուն:

Զոհերուն եւ  վիրաւորներուն   թիւը   ցարդ  կը մնայ անորոշ:

Պայթումին    լոյսին տակ, Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն արտակարգ նիստի  հրաւիրեց  Ապահովութեան   բարձրագոյն խորհուրդը:

Վարչապետ Հասան  Տիապ   սուգի  օր յայտարարեց չորեքշաբթի, 5  օգոստոս  2020-ը:

Ընդհանուր ապահովութեան   ընդհանուր տնօրէն  Ապպաս Իպրահիմ զաւեշտական  նկատեց  հրավառութեան  պայթուցիկներու  պայթումին մասին  տեղեկութիւնները:

Լիբանանէն  դուրս, Իսրայէլի վարչապետին  մօտիկ աղբիւր մը  հաղորդեց, թէ   Թէլ Աւիւ ոչ մէկ   կապ ունի պայթումին  հետ:  Սակայն  «Հաարեց» օրաթերթը  յայտնեց, թէ  Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ Հըզպալայի պատկանող  զէնքի  պահեստարան մը  հարուածուած է:

Փենթակոն  անունով խօսնակ մը  հաղորդեց, թէ  մօտէն կը  հետեւին  Պէյրութի  իրադարձութիւններուն:  Եւրոպական  Խորհուրդը, Ֆրանսա, Բրիտանիա, Իրան,Քաթար իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանին:

Յորդանան յայտնեց, թէ  պայթումը  4,5  ռիխթըր աստիճան երկրաշարժի մը հզօրութիւնը   ունէր:

Previous Post

Սուրիա Դատապարտեց Քրտական Ուժերուն Եւ Ամերիկեան Ընկերութեան Մը Միջեւ Կնքուած Քարիւղի Համաձայնութիւնը

Next Post

Ատրպէյճանի Նկատմամբ Քաղաքական Յաղթանակը Նոյնքան Կարեւոր Է, Որքան Ռազմական Յաղթանակը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.