Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Երեւանի մէջ անդրադարձած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան մէկ կողմէ կը խօսի խաղաղութեան մասին, միւս կողմէ հանդէս կու գայ Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ յաւակնութիւններու վերաբերող հռետորաբանութեամբ:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, շաբաթ օր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Շարլ Միշել պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի այն հարցումին, որ Ազրպէյճանի նախագահը մէկ կողմէ կը խօսի խաղաղութեան մասին, միւս կողմէ կը տեսնենք Հայաստանի տարածքներու նկատմամբ յաւակնութիւններու մասին յայտարարութիւններ, արդեօք այստեղ հակասութիւններ չե՞ն տեսներ, եւ Եւրոպան ի՞նչ ընելիք ունի, Միշել շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ձեռնպահ մնալ յարձակողական հռետորաբանութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ անդրադառնալ բոլոր բաղադրիչներուն եւ տարրերուն, որոնց անհրաժեշտ է անդրադառնալ:
«Ես վաղը նաեւ հանդիպում ունիմ Ազրպէյճանի նախագահին հետ, եւ ես պիտի փորձեմ տեսնել, թէ Եւրոպական Միութիւնը ի՛նչ կառուցողական եւ դրական դեր կրնայ խաղալ` սատարելու համար Մինսքի խմբակին եւ նաեւ մեր փորձառութիւնը ի սպաս դնելու: Եւրոպական Միութեան պատմութիւնը նոյնպէս հիմնուած է նախկին տագնապներու յաղթահարման վրայ: Սակայն այդ նախկին տագնապներու յաղթահարումէն ետք Եւրոպական Միութեան մակարդակով շատ լուրջ յառաջընթաց եղաւ: Մենք յաջողեցանք: Սկիզբը ատիկա դիւրին չէր, մենք կրցանք քայլ առ քայլ յառաջընթաց արձանագրել` կառուցելու համար այս եզակի քաղաքական ծրագիրը` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան վրայ», մանրամասնեց Միշել:
Անդրադառնալով շրջանային համագործակցութեան խթանման` ան մասնաւորաբար խօսեցաւ փոխադրամիջոցային մարզի խնդիրներուն մասին: «Ես գիտեմ, որ կան երկաթուղին ներառող ծրագիրներ: Ասիկա կրնայ ըլլալ հաւանական կէտ մը, որուն շուրջ կրնայ երկխօսութիւն ծաւալիլ: Ես չեմ թերագնահատեր դժուարութիւնները, ես կը գիտակցիմ, թէ որո՛նք են խոչընդոտները եւ դժուարութիւնները, սակայն քաղաքական կամքի գոյութիւնը այստեղ կարեւոր է: Ասիկա չի նշանակեր, որ մէկ օրուան մէջ կարելի է ամէն հարց լուծել, ասիկա ժամանակ պիտի պահանջէ, դժուարութիւններ պիտի ըլլան, սակայն առաջինը փորձելն է աւելի լաւ փոխադարձ համագործակցային մթնոլորտ ձեւաւորել, փորձել հասկնալ, թէ որո՛նք են տարամէտ կարծիքները, փաստարկները եւ փորձել գտնել որոշակի հաւանական լուծումներ», մանրամասնեց Շարլ Միշել: