Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ծաղկազարդը` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Առանցքային Դեր Ունի Հայ Մանուկը Հոգեւոր, Ազգային Ու Բարոյական Արժէքներով Դաստիարակելու Մէջ»

March 26, 2018
in Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Ծաղկազարդը` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Առանցքային Դեր Ունի Հայ Մանուկը Հոգեւոր, Ազգային Ու Բարոյական Արժէքներով Դաստիարակելու Մէջ»

Անթիլիասի մայրավանքը կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, իր շրջափակին մէջ ընդունեց հազարաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք եկած էին տօնելու Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ վերանորոգուելու տօնին պատգամով: Այս առիթով, մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Մանուկներու թափօրի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը տուաւ վեհարանի պատշգամէն: Վեհափառ հայրապետը ողջունելէ ետք ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը, բարձր գնահատեց հայ ծնողներուն նախանձախնդրութիւնը` իրենց զաւակները Աստուծոյ մօտեցնելով ու եկեղեցի առաջնորդելով: Այս առիթով ան նաեւ յիշեցուց հայ ընտանիքին առանցքային դերը հայ մանուկը դաստիարակելու հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներով` հայ ընտանիքը նկատելով իբրեւ եկեղեցի, դպրոց եւ հայրենիք:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ հայոց պատմութեան փոթորկալից ժամանակներուն մէջ հայ ժողովուրդը միշտ տոկացած է շնորհիւ Քրիստոսի նկատմամբ իր ունեցած հաւատքին եւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս հայ եկեղեցին մեր ազգին հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներուն աղբիւրն է ու հարազատ արտայայտիչը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց աղօթելով առ Աստուած, որ հայ մանուկները Հայաստանի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի պահէ Իր հովանիին ներքեւ եւ հայօրէն ու քրիստոնէական արժէքներով լիցքաւորէ զանոնք:

Յայտնենք, որ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երեկոյեան տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւն, որուն ընթացքին քարոզեց Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Previous Post

Zimbabwe’s former First Lady Grace Mugabe investigated for ivory smuggling

Next Post

First direct flight from Australia to UK lands at London’s Heathrow

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.