Սբ. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին կազմակերպած ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ զրոյց-հանդիպումներու շարքին 8-րդը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 8 Յուլիս, 2022 ին, Տիրան Պապիկեան սրահին մէջ: Օրուան զրուցավարն էր արուեստագիտուհի Մարալ Մանիսալեան Maral Maniss. Արուեստագիտուհին յայտնի անուն է Լիբանանեան արուեստի բնագաւառին մէջ. ան Լիբանանեան համալսարանէն 2017թուին վկայուած է Մագիստրոս աստիճանով Fine Arts-ի մէջ:
Ան 2010-էն ի վեր մասնակցած է ու տակաւին կը մասնակցի անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներու: Կը դասախօսէ արուեստի մարզի մէջ Art Education որպէս Program Educator Ayadina Association ի մէջ 2021-էն մինչեւ օրս: կը դասաւանդէ նաեւ Էշրէֆիէի Հայ Աւետ. վարժարանէն ներս ինչպէս նաեւ այլ կեդրոններու եւ դպրոցներու մէջ: Մարալ Մանիսալեան կամաւոր առաջնորդութիւններ կատարած է , յիշենք կարգ մը անուններ. – որպէս Urban Project leader 2021, house of Christmas association. – Որպէս Art Therapist 2020-էն մինչեւ օրս NAHNOO NGO ի, անոնց համար որոնք ազդուած են 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աղիտալի պայթումէն: Անշուշտ շարքը շատ երկար է իր կամաւոր ծառայութիւններուն, պիտի բաւականանանք այսքանով: Արուեստագիտուհին իր նիւթով ներկայացուց նկարչական արուեստը ընդհանրապէս, եւ ծանրացաւ Հայկական մանրանկարչութեան ծագման եւ հոլովոյթներուն: Ան նաեւ բացատրութիւններ տուաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Սրբանկարներու մասին: Կուզենք յիշել որ Մարալ Մանիսալեան մասնագէտ է սրբանկարներ վերանորոգելու, եւ տակաւին վերջերս վերանորոգեց Սբ. Յակոբ Եկեղեցւոյ Սուրբ խորանի Աստուածամայրը Յիսուս մանուկը գրկին Սրբանկարը, որուն պաշտօնական օրհնութիւնը եւ զետեղումը տեղի ունեցաւ նախորդ կիրակի պատարագէն ետք յատուկ հանդիսութեամբ: Կը շնորհաւորենք արուեստագիտուհին եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն:
ե.եագուպեան