24 հոկտեմբերին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:
Վարժարանի բակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպի յուշարձանին առջեւ հաւաքուած, Մեսրոպեանի աշակերտներ ներկայացուցին խնամքով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը` յարգանքի տուրք մատուցելով 5-րդ դարու մեր սուրբ հայրերուն, որոնք հիմքերը դրին հայ գիրին ու գրականութեան:
Բացման խօսքը արտասանեց աւարտական դասարանի աշակերտ Յակոբ Թերզեան. Ծաղիկ դասարանի աշակերտները կատարեցին «ԱԲԳ» եւ «Ով եմ ես» երգերը, ապա արտասանութիւն մը` «Մեսրոպ Մաշտոց»: «Փոքր ծիծեռնակներ» երգչախումբը կատարեց «Երգ այբուբենի»-ն, նախակրթարանի աշակերտները չորս տարբեր խումբերով հանդէս եկան ասմունքներով` «Իմ հայ լեզուն», «Այբուբեն հայոց», «Մեսրոպաբոյր» եւ «Տաղ հայերէն լեզուին»: Սէրլի Մուղալեան (երգեհոն), Ժան-Փիեր Վարդանեան (կիթառ) եւ Քեւըն Սոլաքեան (երգեհոն) ներկայացուցին երաժշտական համարներ, Ալեքս Լեւոնեան կատարեց երկու երգեր` ընկերակցութեամբ Յակոբ Թերզեանի (տհոլ) եւ Մարք Կիւլկիլեանի (երգեհոն), իսկ 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին ընթերցանութիւն մը` Թարգմանչաց տօնին մասին:
Աւարտին «Ծիծեռնակներ» երգչախումբը կատարեց «Հայերէն կ՛երգենք» երգը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:
Հանդիսութեան պատգամախօսն էր Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, որ Թարգմանչաց տօնին բովանդակութիւնը ամփոփեց երեք առաջնային կէտերու մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ առաջին հերթին ասիկա տօնն է հայ գիրերու գիւտին, գիրեր, որոնք մեզի տրուեցան Աստուծոյ կողմէ, Սուրբ Մեսրոպի միջոցով, եւ այդ գիրերը մենք պարտինք պահել ու պահպանել իրենց աստուածային արժէքին համապատասխան: Երկրորդ` տօնն է Աստուածաշունչի թարգմանութեան, Ոսկեդարու սուրբ հայրերուն ձեռքով, որուն շնորհիւ Աստուած մեզի խօսեցաւ, եւ մենք առիթ ունեցանք Իրեն հետ խօսելու մեր մայրենի լեզուով: Երրորդ` սա տօնն է հայոց լեզուին, ընդհանրապէս, որ իր գերագոյն գեղեցկութիւնը աշխարհին ցոյց տուաւ Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ, որ ամբողջ աշխարհը ընդունեց եւ ճանչցաւ որպէս Թագուհի թարգմանութեանց:
Հայր Սեպուհ դիտել տուաւ, որ հայոց համար լեզուն ինքնութեան ամէնէն ամուր կռուանն է. հետեւաբար պարտինք զայն պահպանել, եթէ կ՛ուզենք պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնը եւ ապրիլ որպէս ինքնուրոյն ազգութիւն: Սեփական լեզուն մեր ազատագրութեան գործիքն է, որուն միջոցով փշրուեցան խաւարամտութեան եւ տգիտութեան շղթաները, որուն միջոցով արթնցաւ հայ միտքը եւ մարդկութեան պարգեւեց մտաւոր ու հոգեւոր անհուն գանձեր: Լեզուն եղաւ ու կը շարունակէ մնալ նաեւ հայ ազգի միասնութեան գլխաւոր գրաւականը, որուն ամրապնդումը կը զօրացնէ բոլորս, եւ որուն բացակայութեան միշտ ալ կրած ենք պարտութիւններ ու ենթարկուած ենք աղէտներու: Հայր Սեպուհ անհրաժեշտ համարեց, որ հայ ժողովուրդի զաւակները ըլլան հարազատ ժառանգորդները սուրբ թարգմանիչներուն, անոնց պէս ըլլան հայոց լեզուն սիրող ու տարածող եւ, աւելի՛ն, դառնան հայ մտքի թարգմանները իրենց միջավայրերուն մէջ եւ այդպիսով թարգմանեն ու ծանօթացնեն հայ ինքնութիւնն ու արժէքները` այլ ազգերու զաւակներուն:
Հանդիսութեան աւարտին աշակերտութեան իր պատգամը յղեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Ան ըսաւ, որ վարժարանի շրջափակին մէջ կանգնած Սուրբ Մեսրոպի արձանը ազգային շունչ, ոգի եւ մտածողութիւն ներշնչող ներկայութիւն մըն է աշակերտութեան համար, որ այսօր անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, որ ամրօրէն կառչած կը մնայ իր հայկական ինքնութեան:
«Եկէք` ուխտենք, որ յաւերժ հաւատարիմ պիտի մնանք մեսրոպեան աւանդին եւ մշտապէս պիտի խօսինք, երգենք, աղօթենք ու ապրինք հայօրէն, հայու անունը միշտ բարձր պահելով ամէն տեղ», եզրափակեց Կ. Գալուստ:
Թարգմանչաց տօնին ընդառաջ, անցեալ շաբթուան ընթացքին Մեսրոպեանի նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին մէջ աշակերտներ կատարեցին տարբեր աշխատանքներ: