Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան (89Քկմ.) դարձաւ աշխարհի առաջնութեան ոսկէ մետալակիր:
Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան 89 քիլոկրամ կարգի մրցումներուն, Կարապետեան, պոկումի վարժութեան ժամանակ բարձրացուց 175 քկմ.եւ նուաճեց ոսկէ մետալը: Սակայն հրումի վարժութեան ընթացքին վնասուածք ստանալով չկրցաւ շարունակել պայքարը:
Ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները կը շարունակուին Թաշկենտի մէջ: