ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 13 Նոյեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք, հանրապետական ծերակուտական Լինզի Կրեհեմ, հետեւելով Էրտողանի ցուցմունքներուն՝ դէմ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Ծերակոյտին թիւ 150 բանաձեւը բաց քուէարկութեան դնելու ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի առաջարկին։
Ծերակուտական Մենետեզ «վարկաբեկիչ» որակեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողանի յայտարարութիւնը։
Նշենք, որ Էրտողան յայտարարած էր, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 29 Հոկտեմբերին ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը «վիրաւորեց թուրք ժողովուրդը եւ ստուեր ձգեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ»՝ պնդելով, որ «104 տարի առաջ, պատերազմական պայմաններու մէջ պատահած դէպքերու մասին պատմաբանները որոշում պէտք տան, եւ ոչ թէ քաղաքագէտները։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Ծերակոյտի անդամները չեն աջակցիր Ծերակոյտին ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին:
Մենետետեզ իր առաջարկը ներկայացնելու ընթացքին շեշտեց, թէ Ծերակոյտը պէտք է յստակ պատգամ մը փոխանցէ Էրտողանին, որ չի կրնար իր կամքը պարտադրել Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն վրայ՝ միաձայնութեամբ վաւերացնելով թիւ 150 բանաձեւը, սակայն ըստ երեւոյթին, Կրեհեմ պատրստ էր տեղի տալու Անգարայի ճնշումներուն։
Իր խօսքին մէջ Մենետեզ նաեւ հարցուց իր պաշտօնակիցներուն, որ Թուրքիա-Ամերիկա յարաբերութիւններուն մէջ ո՞վ է գերոյժը՝ աւելցնելով, որ կարգ մը ամերիկացի պաշտօնատարներու քայլերը սկսած են կասկածներ յառաջացնել իր մօտ, այս հարցումին յստակ պատասխանին վերաբերեալ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Մենետեզի քայլը եւ քննադատեց թիւ 150 բանաձեւը քուէարկութեան դնելու դէմ կենալու Կրեհեմի քայլը։
Իր կարգին, Կրեհեմ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք ըսաւ. «Ես նոր հանդիպեցայ Էրտողանի եւ նախագահ Թրամփի հետ ու խօսեցայ հարցերու մասին, որոնց դէմ հանդիման կը գտնուինք Սուրիոյ մէջ, Թուրքիոյ ներխուժման պատճառով: Ես նաեւ յոյս ունիմ, որ Թուրքիա եւ Հայաստան կրնան միասին լուծել այդ (Ցեղասպանութեան) հարցը»՝ պնդելով, որ ծերակուտականները «պէտք չէ գունազարդեն, ոչ ալ նորէն գրեն պատմութիւնը»:
Ծերակոյտին օրէնսդրութեան համաձայն՝ ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը կրնայ կասեցնել օրենսդրական նախաձեռնութիւն մը:
Մօտաւորապէս 4 ժամ տեւած Էրտողան-Թրամփ հանդիպումին ընթացքին, հայկական, քրտական, յունական եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Սպիտակ տան առջեւ, դատապարտելով Անգարայի ոճրային քայլերը։
«Էրտողանը մեծ պատիւով դիմաւորեցին Սպիտակ տան մէջ: Այս մակարդակի ընդունելութեան արժանի չէ ան», ըսաւ Արամ Համբարեան, որ կարեւոր համարեց բողոքի ցոյցը, զայն նկատելով միասնական ուղերձ ամերիկեան քաղաքական վերնախաւին՝ Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու համար:
«Հիասթափուած եմ, որ նման գործիչին, որ վերջին տարիներուն բազմաթիւ անգամներ ոտնահարած է ամերիկեան արժէքները եւ շահերը, ու պատասխանատու է ամերիկացիները ամերիկեան հողին վրայ ծեծի ենթարկելու յանցանքին, Սպիտակ տան մէջ կ՛արժանանայ կարմիր գորգին», նշեց Յունաամերիկեան ղեկավարման խորհուրդի (HALC) գործադիր տնօրէն Էնտի Զեմենիտոս:
Համբարեան նաեւ աւելցուց, որ ինք համզուած է, որ եթէ ծերակուտականները առիթը ունենան քուէարկելու, իրենք եւս պիտի ընդունին բանաձեւը։
Նշենք, որ օրուան երկրորդ կիսուն բողոքի ցոյցին մասնակցողներէն խումբ մը հաւաքուեցաւ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին մօտ, ուր Մայիս 2017-ին՝ նախագահ Էրտողանի այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահի ապահովութեան ծառայութեան աշխատակիցները եւ կողմնակիցները յարձակած էին խաղաղ ցուցարարներուն վրայ:
Արամ Համբարեան յիշեցուց, որ Էրտողան որեւէ պատասխանատուութիւն չկրեց այդ վայրագ միջադէպին համար, եւ աւելցուց, որ այդ հարցին մէջ մեղքի իր բաժինը ունի նախագահ Թրամփ:
«Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ ան պարտաւոր է յարգել եւ պաշտպանել մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ազատօրէն իր կարծիքը արտայայտելու՝ ամերիկացիներուն իրաւունքը», ընդգծեց Համբարեան: