Այսօր Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2015, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, կլիմայի վարժութեան համար իբրեւ վերջին նախապատրաստութիւն, Ծովակը սկսաւ բարձրանալ Արագած լեռը: Հակառակ անբարենպաստ եղանակին (կարկուտ եւ անձրեւ), Ծովակը, 3800 մեթր բարձրութիւն հաշուող լերան գագաթը հասաւ կէսօրուան ժամը 13.00-ին, իր տնօրէնին Նազօ Ճէրէճեանի եւ ինը հոգինոց արշաւախումբին ընկերակցութեամբ:
Արագածի բարձունքէն կանխաւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց որոնք տարբեր միջոցներով կը քաջալերեն Ծովակը: Կ’ուզենք յայտնել թէ արդէն իսկ շատեր նուիրատուութիւն սկսած են կատարել Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի սաներու ֆոնտին: Մենք պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի կատարուի վաղը՝ Շաբաթ, երբ ուղեւորութեան խումբը կը հասնի Պայազիտ: