Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ծովային սահմանագծումի թղթածրարը խոչընդոտներու դիմաց կը գտնուի

October 7, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Lebanon suggests amendments to maritime border deal with Israel

Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը խոչընդոտներու դիմաց կը գտնուի` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլ մերժած է ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի պատրաստած համաձայնութեան նախագիծին վրայ Լիբանանի կատարած դիտողութիւնները:

Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ մերժեց ծովային սահմանագծումին մասին Լիբանանի յայտարարութիւնները` ընդգծելով, որ իսրայէլեան կողմը կը մերժէ սահմանագծումի համաձայնութեան մէջ Լիբանանի կողմէ առաջարկուած վերջին դիտողութիւնները:

Լափիտ հաստատեց, որ Իսրայէլ իր տնտեսական եւ ապահովական շահերէն որեւէ կերպով պիտի չզիջի, նոյնիսկ եթէ ատիկա կը նշանակէ, թէ մօտիկ ապագային համաձայնութիւն պիտի չստորագրուի:

Նշենք, որ Լափիտ հաստատեց, որ Իսրայէլ պիտի սկսի Քարիշի նաւթահորէն կազ եւ նաւթ հորատել, երբ թեքնիք եւ գումակային բոլոր աշխատանքները աւարտին, եւ կարելի դառնայ հորատումի աշխատանքները իրականացնել:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը վնաս կը հասցնէ շրջանին մէջ Իրանի շահերուն:

Երեկոյեան «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Կանց հրահանգած է իսրայէլեան ուժերուն պատրաստ ըլլալու Լիբանանի հետ ապահովական մագլցումներու:

Իսրայէլացի պատասխանատուներ հաստատեցին, որ Լիբանանի առաջարկած կարեւորագոյն փոփոխութիւնը կը վերաբերի ծփաններու գիծին եւ կ՛առաջարկէ այդ գիծը ճանչնալ իբրեւ միջազգային սահման:

Իսրայէլացի պատասխանատուները նկատել տուին նաեւ, որ Հոքշթայն լիբանանցիները տեղեակ պահած է, թէ Իսրայէլ պատրաստ է շատ բան զիջելու, սակայն ոչ թէ ծփաններու գիծը, որ պիտի վերածուի միջազգային ճանաչում ունեցող սահմանագիծի:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ այն մեծ ճնշումը, որ ինք եւ իր բարեկամները բանեցուցած են Լափիտի վրայ, ստիպած են զայն Լիբանանի հետ անձնատուական համաձայնութենէն դուրս գալու:

Իսրայէլացի պետական պաշտօնատար մը հաստատեց, որ Իսրայէլ Քարիշի հարթակէն կազ պիտի արտահանէ, իսկ եթէ Հըզպալլա փորձէ վնաս հասցնել այդ հարթակին եւ կամ սպառնալ Իսրայէլին, ապա ծովային սահմանագծումին մասին բանակցութիւնները անմիջապէս կանգ պիտի առնեն:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դիտողութիւնները կ՛երաշխաւորեն նաւթ եւ կազ արտահանելու Լիբանանի իրաւունքները` լիբանանեան ջուրերուն մէջ:

Իր կարգին, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ յետմիջօրէին «Ռոյթըրզ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է Հոքշթայնի հետ` լուծելու համար մետասաներորդ պահուն ի յայտ եկած հարցերը, որոնք կ՛արգելակեն սահմանագծումի հոլովոյթը:

Պու Սաապ նշեց, որ համաձայնութեան 90 առ հարիւրը աւարտած է, «սակայն մնացեալ 10 առ հարիւրին հիման վրայ է, որ կարելի պիտի ըլլայ այդ համաձայնութիւնը իր աւարտին հասցնել», ըսաւ ան:

Previous Post

Փրակայի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել-Մաքրոն եւ Փաշինեան-Էրտողան հանդիպումներ

Next Post

Goldman Sachs Boosts Oil Price Predictions In Bullish Update

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.