ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամերիկացի միջնորդ-բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի Պէյրութ կատարած հերթական այցելութիւնը ծովային սահմանազատման գործընթացին առումով մօտալուտ հանգուցալուծման նախադրեալներ չի ներառեր, ի տարբերութիւն նախավերջին այցելութեան ընթացքին անոր կատարած յայտարարութիւններուն: Նախորդող ամիսներուն Հոքշթայն գրեթէ մօտալուտ ժամկէտի մասին ակնարկութիւններ կը կատարէր:
Հիմա կը խօսուի ընդհանուր լաւատեսութեան, լրացումներ կատարելու, բացեր գոցելու եւ բանակցութիւնները շարունակելու մասին: Հակառակ անոր որ թէ՛ հանրապետութեան եւ թէ՛ խորհրդարանի նախագահները լիբանանեան միեւնոյն սկզբունքային դիրքորոշումը փոխանցած են, այսուհանդերձ Հոքշթայն նախընտրած է երկու տարբեր բնութագիր տալ այդ հանդիպումներուն:
Նախագահ Աունի հետ ամերիկացի դիւանագէտը հանդիպումը որակած է բացառիկ: Շեշտած, որ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած են զարգացումներ, եւ թէ այս առումով ինք լաւատես է: Մինչդեռ, խորհրդարանի նախագահին հետ կայացած հանդիպումի աւարտին Հոքշթայն որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած:
Խորհրդարանի նախագահին հետ կայացած հանդիպումի բնոյթին մասին յայտարարութիւն կատարեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը` հաստատելով, որ այս հանդիպումի օրակարգին ներառուած չէր ծովային սահմանազատման խնդիրը:
Ամերիկացի բանագնացը յատուկ միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած է Իսրայէլի հետ ծովային սահմանազատման գործընթացի շուրջ համաձայնութիւն կայացնելու նպատակով: Այս առաքելութեան հետ կապուած չէ եղած խորհրդարանի նախագահին հետ իր հանդիպումը: Ինք նախընտրած է լուռ մնալ, մինչ լիբանանցի պաշտօնատարը այդ յստակացումը կատարած է: Երեւոյթը մտածել կու տայ յաւելեալ բանակցութիւններու անհրաժեշտութեան մասին` համոզելով, որ հանգուցալուծումը մօտալուտ չէ:
Պաշտօնական Պէյրութի տեսակէտը կ՛ամփոփուի հետեւեալ բանաձեւին մէջ: Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն, յատկապէս թիւ 23 սահմանագիծին, ինչպէս նաեւ թիւ 8 եւ 9 նաւթահորերուն: Եւ այս հետեւողութեամբ Իսրայէլ ուժանիւթ պիտի չարտահանէ, այնքան ատեն որ Լիբանանին չի շնորհուիր ուժանիւթ արտահանելու իրաւունք:
Հիմա փորձենք քաղաքական վերծանումը կատարել Հոքշթայնի այցելութեան եզրափակիչ յայտարարութեան. «Ինչպէս միշտ, ես լաւատես եմ եւ կը հաւատամ, որ վերջին շաբաթներուն ընթացքին բանակցութիւններուն մէջ զարգացումներ արձանագրեցինք: Կը մաղթեմ, որ զարգացումները շարունակուին, եւ կարելի ըլլայ շօշափելի համաձայնութեան մը յանգիլ, որովհետեւ այդ համաձայնութիւնը յոյս պիտի ներշնչէ եւ երկրին տնտեսութիւնը պիտի աշխուժացնէ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կայունութիւն պիտի իրականացնէ եւ օգտակար պիտի ըլլայ բոլորին համար»:
Լաւատեսութիւն ներշնչելու մօտեցումը առկայ է, սակայն ոչ անմիջականութեամբ, ինչպէս էր նախապէս: Բուն ուղերձը այն է, որ Լիբանանի կաթուածահար այս վիճակը կարելի կ՛ըլլայ բարելաւել եւ տնտեսութիւնը վերականգնել, երբ կայանայ Իսրայէլի հետ համաձայնութիւնը: Տնտեսութեան վերականգնման հեռանկարով չ՛աւարտիր սակայն Ուաշինկթընի ներկայացուցիչին ուղերձը: Կ՛երթայ աւելի հեռու` հասնելու համար տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան:
Եւս մէկ շատ աւելի հեռու գացող մեկնաբանութիւն: Տեսականօրէն առկայ է շտապողականութիւն Ռուսիոյ մեկուսացումով ուժանիւթի այլ շուկաներ եւ արտահանման այլ միջավայրեր որոնելու քաղաքականութեան բացատրութեամբ: Ուժանիւթի ռուսական աղբիւրներու փակումէն ամէնէն շատ կը տուժէ Եւրոպան: Իսկ Եւրոպան ճգնաժամէ դուրս բերելը անպայման նպատակ չէ Միացեալ Նահանգներուն համար: Խնդիրը կարելի է դիտարկել մէկ կողմէ Իսրայէլը ուժանիւթով օժտելու եւ միւս կողմէ Եւրոպայի ճգնաժամը ձգձգելու արանքին մէջ: