ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ես իմ ժողովուրդս կը փնտռեմ…, սա ամբո՞խն է, սա իմ անունովս խօսող մարդի՞կն են, ծո, ես ե՞ս եմ… Ո՞վ է դաւաճանը, հազար-հազար բերանէ իրարու հասցէին ՛՛դաւաճան՛՛ կը պոռանք , ակռայ կը սրենք, կը սպառնանք… Բոլո՛րս դաւաճան ենք, անամօ՛թ, անպատկա՛ռ.. Տակաւին անթաղ մնացած զոհերը որո՞ւնն են, այդ մեր անուշ-անուշ տղոց, մեր բոլոր սերունդներէն ամենալաւ սերունդին է՛ն աղուոր տղոց դիակները դեռ մէջտեղ են…ըսէք, որո՞ւնն են…: Աղէտ ապրեցանք, Աղէտ է, ինչո՞ւ դրօշները գոնէ մէկ շաբաթ չեն խոնարհիր, ինչո՞ւ իրարու մօտենալով չենք լար, չենք ապաշխարեր մեր զզուելի կեցուածքներուն համար, մայրերուն արցունքներուն առջեւ չենք վառիր, մրրկիր, մեղայի գար մեր տղոց շիրիմներուն վրայ , ներողութիւն խնդրեր իրարմէ, ցաւակցիր իրարու ու յետոյ՝ ելլել բան մը փրկելու համար:
Ըսի՝ ՛՛Դեռ վարագոյրը չէ իջած. շարուակեցէք՛՛;
Կա՛մ խելքի կու գանք, արդար ճիգով ոտքի կը կանգնինք՝ իրարու թեւ ու թիկունք եղած, որ արար մըն ալ դիմանանք ու վարագոյրը բաց պահենք յաջորդին համար,
կա՛մ այսպէս անամօթաբար կը գզուըրտուինք, մինչեւ որ մեր ոտքի տակի այս պատառ մը հողն ալ սահի երթայ, ու վարագոյրը իջնէ այս ինքնասպանութեան պատմութեան վրայ:
Ծո, դուք անէծքին չէ՞ք հաւատար, անէծքը այսպէս չէ՝ հապա ինչպէ՞ս կ’ըլլայ…
ԴԵՌ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ ՉԷ ԻՋԱԾ…ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷ՛Ք
Յակոբ Չոլաքեան
Ինչո՞ւ, չէի՞ք գիտեր, հարի՛ւր տոկոսով, որ այսպէս պիտի ըլլայ, երբ թշնամին առիթը գտնէ, ու այդ ատեն՝ չէի՞ք գիտեր, որ մենք խուճապահար պիտի պարպենք մեր հայրենիքը, պիտի լքենք մեր տունն ու տեղը, մեր մշակութային հարստութիւնները, ինչպէս պարպեցինք Վանը, Կարսը եւ մնացեալը…Թէ՞ մենք խուլցանք մեր պոռոտախօսութիւններու աղմուկին մէջ…Մենք չստորագրեցի՞նք Պաթումի եւ Ալեքսանդրապոլի խայտառակութիւնները եւ հիմա՝ ասիկա…Մենք չէի՞ք գիտեր… Ինչո՞ւ, հիմա՞ գիտցանք, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ թուրքը, խուլ ու կո՞յր ձեւացանք Թուրքիոյ մամուլին, հեռատեսիլին, պաշտօնական յայտարարութիւններուն հանդէպ…: Չարե՞նց պիտի ունենայինք գիտնալու համար, թէ ի՛նչ է մեր վիճակը եւ ի՛նչ պէտք է ընել…: Այո՛, ցեղասպանութիւն, բայց միթէ մենք նոյնքան ինքնասպանուող ազգ մը չդարձա՞նք 1890-ականներէն ի վեր…: Մեր պատմութենէն ու ներկայէն մէկ բան սորվեցանք, որուն այնքան հաւատարիմ ենք.- Յարատեւ կռիւ մենք մեզի դէմ : Դեռ վարագոյրը չէ իջած: Շարունակեցէ՛ք: