Մինաս Գոճայեան
Գոյժը ծանր էր, բայց ոչ անսպասելի։ Երկար ատենէ ի վեր Ի՛Ր պայքարը կը մղէր Ի՛Ր ձեւով։ Այդպէս կ՚ըլլան խիզախ եւ մահէն չվախցողները։
Ի հարկէ շատեր պիտի գրեն իր մահուան առիթով, մենք նոյնպէս, բայց ՄԵ՛Ր ոճով ու մօտեցումով, որովհետեւ ան եղաւ եւ պիտի շարունակէ ըլլալ մեր ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԾՆՈՂՔԸ։
– Եղաւ անիրաւուած հայ կնոջ պաշտպանը։
– Եղաւ ԲՈԼՈՐ անիրաւուած ազգերու պաշտպան-փաստաբանն ու մարտիկը։
– Եղաւ ռամկավարութեան ու ժողովրդավարութեան ջատագովը։
– Եղաւ թիւ մէկ հակագաղութարարարն ու հակասիոնիստը, բայց ոչ հակահրեան։
– Եղաւ արդարութեան եւ մարդկանց միջեւ հաւասարութեան քաջամարտիկը։
– Եղաւ հայ-արաբական բարեկամութեան ու եղբայրութեան հաւատացողն ու գործօն մտաւորականը։
– Եղաւ Հայ Դատի անժամանցելիութեան առաջամարտիկն ու գաղափարախօսը։
– Եղաւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ միասնութեան եւ Էջմիածնի գերակայութեան պայքարի առաջնորդը։
– Եղաւ Արեւմտահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական հիմքերու իրաւաբանը։
– Եղաւ իր պապենական տոհմէն հայրենակցին՝ Զօր. Անդրանիկի երկրպագուն։
– Եղաւ քանի մը սերունդներու գաղափարական ծնողքն ու հայրը։
– Եղաւ յախուռն հրապարակախօսն ու հրապարակագիրը եւ այս բոլորը տիպար արեւմտահայերէնով։
– Եղաւ անպարտասուն խմբագիրն ու յօդուածագիրը։
Դեռ շատեր պիտի գրեն իր մասին, մենք նոյնպէս։ Մեր մխիթարութիւնն այն է որ «միացաւ» իր գաղափարի մարտիկ ընկերներուն եւ հերոսներուն՝ Յովհաննէս Աղպաշեանին, Գառնիկ Ադդարեանին, Արմէն Ադդարեանին, Յակոբ Պօղոսեանին, Արամ Սեփեթճեանին, Միսաք Մանուշեանին, Ալեքսանտր Միասնիկեանին, Ստեփան Շահումեանին, Աղասի Խանճեանին, Փրոֆ. Հասրաթեանին, Հրանդ Տինքին եւ տաղանդաւոր կրտսեր վաղամեռիկ եղբօր՝ Արմենակին։
Պիտի ապրի՛ս մեր մէջ, սիրելի երէց դաստիարակ եղբայր։