ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Երկուշաբթի, 7 Յունուարին, «Իմ Քայլը» խմբակցութեան՝ շուրջ երեք ժամ տեւած նիստէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վստահեցուց, որ կազի գինի բարձրացումը կարելի չէ պայմանաւորել Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակով:
«Մենք բանակցութիւնները շարունակում ենք, որպէսզի երկարաժամկէտ լուծումների գանք, եւ, իհարկէ, մենք չենք կարող գազի գնի հարցը դիտարկել այդ կոնտեքստում եւ շարունակելու ենք բանակցութիւնները եւ դիրքորոշում ենք արտայայտելու եւ ամէն ինչ անելու ենք մեր երկրի շահերը պաշտպանելու համար», նշեց Փաշինեան:
Անդրադառնալով «Իմ Քայլը» դաշինքի նիստին՝ Փաշինեան յայտնեց, որ օրակարգի վրայ էր խմբակցութեան կանոնադրութեան հարցը, կառավարութեան ձեւաւորման հարց չքննարկուեցաւ:
Նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ 14 Յունուարին: Առաջին նստաշրջանին պիտի ընտրուին խորհրդարանի ղեկավարը ու փոխխօսնակները:
«Իմ Քայլը» դաշինքը քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին պիտի առաջադրէ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանի թեկնածութիւնը, իսկ փոխխօսնակներու պաշտօններուն՝ պատգամաւորներ Լենա Նազարեանի եւ Ալեն Սիմոնեանի թեկնածութիւնը: 3-րդ փոխխօսնակի պաշտօնին թեկնածու պիտի առաջադրեն խորհրդարանական երկու ուժերը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ «Լուսաւոր Հայաստանը»: Վերջինս պիտի առաջադրէ Մանէ Թանդիլեանի թեկնածութիւնը: Խորհրդարանական 2րդ ուժը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, տակաւին թեկնածուի անուն չէ յայտարարած: Լրագրողներ Փաշինեանին հարցուցին, թէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ո՞ր ուժի թեկնածուին նախապատուութիւն պիտի տայ. «Ինձ թւում է սկզբունք պէտք է գործի, որ այն խմբակցութիւնը, որը աւելի շատ ձայներ է ստացել ժողովրդի կողմից, պէտք է նրա ներկայացուցիչն էլ լինի փոխնախագահի պաշտօնում», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան: