Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ «Արցախ Ֆոնտ»-ին. Արցախեան Արտադրութիւններու Եւ Ձեռագործներու Ցուցահանդէս-Վաճառք

November 30, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Կազմակերպութեամբ «Արցախ Ֆոնտ»-ին. Արցախեան Արտադրութիւններու Եւ Ձեռագործներու Ցուցահանդէս-Վաճառք

Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին, ուրբաթ, 29 նոյեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը աւանդութեան վերածուած եւ հինգերորդ տարին ըլլալով կայացող «Արցախեան տօնավաճառ»-ին:

«Արցախ ֆոնտ»-ին անունով բացման խօսք արտասանեց Զաքար Քէշիշեան, որ դիտել տուաւ, թէ «Արցախ ֆոնտ»-ը արդէն բոլորած է իր 15-ամեակը: Ան անդրադարձաւ «Արցախ ֆոնտ»-ին բազմաճիւղ գործունէութեան, յատկապէս յիշելով «Գոյք Արցախի դպրոցներուն» ծրագիրը, որով անոնք դաստիարակչական տարբեր ծրագիրներով գումար կը գոյացնեն եւ զայն կը ղրկեն յատկապէս Արցախի ազատագրուած տարածքներու դպրոցներուն` օժանդակելով անոնց վերանորոգութեան կամ համակարգչային արդիական սարքերով օժտման: Արդէն տասնամեակէ մը ի վեր, Արցախի կրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար, ցարդ աւելի քանի 200 լիբանանահայ աշակերտներ ղրկած են Արցախ` մասնակցելու «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարին, ուր անոնք կ՛ապրին այն կեանքը, զոր այսօր Արցախի զինուորները կ՛ապրին: Զաքար Քէշիշեան յիշեց նաեւ «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրը, որուն ճամբով մինչեւ օրս արդէն 1526 ընտանիք կաթնտու կով ստացած է արդէն: Ան տեղեկացուց, որ տօնավաճառին ներկայացուած ցուցանմուշները արդիւնքն են «Արցախ ֆոնտ»-ի յառաջացուցած «Քաշաթաղի կանանց համագործակցական»-ի ծրագիրին, որ կը նպաստէ այդ համագործակցականին մէջ աշխատող կիներու ընտանեկան պիւտճէի գոյացման:

Զ. Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ Արցախ այսօր տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած է` յատկապէս յիշելով ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման հրամայականը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով մասնակից եւ օժանդակ հանդիսացան տօնավաճառի յաջողութեան:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան շեշտը դրաւ նախաձեռնութեան նիւթականէն անդին անցնող բարոյական աջակցութեան մասին, որ մեծ կարեւորութիւն ունի արցախցիին, խրամատին մէջ մարտնչող զինուորին համար` անոր հոգեկան ամրութեան եւ հայրենիքը պաշտպանելու խիզախութեան հզօրացման առումով: Ան յիշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կը համընկնի լիբանանահայ ազատամարտիկ, արցախեան նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի ծննդեան տարեդարձին, «եւ քանի տակաւին նման միջոցառումներ կը կազմակերպուին, Մհերը կենդանի է», եզրափակեց դեսպանը:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս արտասանեց իր օրհնութեան խօսքը, որուն մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ արցախեան տօնավաճառը ընթացիկ տօնավաճառ մը չէ, այլ հոգեկան կապ է Արցախի ու Հայաստանի հետ ըլլալու մնայուն կերպով: «Ի պատիւ լիբանանահայութեան, արդար հպարտութեամբ եւ խոնարհումով կ՛ըսենք ու կը հաստատենք, որ արցախեան ազատագրութեան առաջին օրերէն լիբանանահայութիւնը ո՛չ միայն նիւթապէս ու բարոյապէս, այլեւ արեան գնով մասնակցեցաւ ու կը շարունակէ մասնակցիլ Արցախի ազատագրութեան եւ հզօրացման: Այս իմաստով, յատկապէս այս օրերուն, Լիբանանի դիմագրաւած այս կացութեան մէջ նման տօնավաճառ կազմակերպելը սովորական բան չէ, այլ Արցախի համը, հոտը, գոյնը, ներկայութիւնը բալասան է բոլորիս համար` անգամ մը եւս վերահաստատելու, որ, հակառակ տիրող անբարենպաստ պայմաններուն, մենք ներքնապէս ուժեղ ենք ու կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն մինչեւ Հայաստան ու Արցախ», ըսաւ սրբազան հայրը: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլորին, յատկապէս «Արցախ ֆոնտ»-ին, որ, հակառակ բազում դժուարութիւններուն, կը շարունակէ զօրակցիլ Արցախին եւ մեզ ալ կը հրաւիրէ այդ զօրագրեալներէն ըլլալու այսօր եւ միշտ:

Նարեկ արքեպիսկոպոս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս երազը իրականութեան վերածեցին լիբանանեան այդ պայմաններուն մէջ` հրաւիրելով մեզ միշտ Արցախի հետ ըլլալու եւ մնալու:

Ապա ներկաները շրջագայեցան ու շատեր քաջալերեցին արցախեան արտադրութիւններն ու ձեռագործները` արժանի գնահատանք յայտնելով այս եզակի նախաձեռնութեան:

Այս ցուցահանդէսէն գոյացած հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի «Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն:

Յայտնենք, որ արցախեան տօնավաճառը կը շարունակուի այսօր` շաբաթ, 30 նոյեմբերին եւ կիրակի, 1 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Երկու օրերուն ալ պիտի գործադրուին գեղարուեստական յայտագիրներ` Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն եւ «Ծիածան» մանկապատանեկան խումբին մասնակցութեամբ:

Previous Post

Կեանքը Դպրոց Է…

Next Post

Հայաստանի Ազգային Գրադարան. Ազգային Արժեհամակարգի Ձեւաւորման Եւ Պահպանման Գործին Մէջ Հայ Մամուլի Դերին Վերաբերող Գիտաժողով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.