Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր եւ Գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, երէկ, ուրբաթ, 12 նոյեմբեր, 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի մտաւորական, փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանի «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը` սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ (1920-1930)» հատորի գինեձօնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիրներէն` Ժագ Յակոբեան, որ, ողջունելով ներկաները, նշեց, թէ «Քորոնա» ժահրին տարածումով երկամեայ ակամայ դադարէ ետք, Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնաճիւղը կը վերսկսի իր հրապարակային ձեռնարկներուն: Ան սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանի կենսագրական գիծերն ու պատմագրական իրագործումները:
Անկէ ետք խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, որ անդրադարձաւ փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանի դոկտորականի ծաւալուն աշխատութեան եւ անոր կարեւորութեան: Ան հատորը որակեց իբրեւ անաչառ եւ առարկայական ներկայացում սփիւռքի հայ քաղաքական մտքի տարաբնոյթ գնահատականներուն, որոնք արդիւնք են Հայաստանի առաջին անկախութեան շրջանի գոյութենական մարտահրաւէրներուն եւ հայ ժողովուրդի մահուկենաց մաքառումներուն: Օտար դիւանագէտներէ եւ մտաւորականներէ (Շաշի Թարուր, Քարլ Մարքս, Էտմոնտ Պըրք) մէջբերումներ կատարելով, Տէտէեան հարց տուաւ թէ արդեօք Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանն ու ներկայի իրավիճակը կրկնութի՞ւնն են պատմութեան: Ան անհրաժեշտ նկատեց մեր պատմութիւնն ու դատը ներկայացնել օտար հանրային կարծիքին` դիմակալելու համար այն խեղաթիւրուած պատմագրութիւնը եւ հակահայ քարոզչութիւնը, որ կը հրամցուի օտար հանրութեան թուրք-ազրպէյճանական պետական ու ակադեմական քարոզչական մեքենային կողմէ: Ան յայտնեց, թէ այս աշխատութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետին ճիգերով հաստատուած ու անոր հովանիին տակ գործող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամին 16-րդ հատորն է, որ կը հրամցուի հանրութեան: «Դժուար օրեր կ՛ապրինք: Օրեր, որոնք ճակատագրական են, եւ դամոկլեան սուրը կախուած է մեր հայրենիքին վերեւ: Խաչատուր Ստեփանեանի հատորէն քաղուած դասերը աւելի քան այժմէական են, պարտաւորեցնող ու հայ քաղաքական միտքը լուսաւորող: Կարդա՛նք զայն», շեշտեց Տէտէեան:
Ապա խօսքը տրուեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի դատական կազմի անդամ, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն, գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին, որ հանգամանօրէն ներկայացուց փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանի նորագոյն այս աշխատութիւնը` ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը, յատկապէս` Հայաստանի Առաջին անկախութեան եւ ներկայի իրավիճակին զուգահեռները բացայայտելով:
Ան յայտնեց, թէ Խաչատուր Ստեփանեանի «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ» խորագիրով հատորին բովանդակութիւնը կարելի է բնութագրել իբրեւ գիտական աշխատասիրութիւն` նկատի ունենալով օգտագործուած աղբիւրներու հարուստ ցանկը, յատկապէս արխիւային եւ փաստաթղթային բաժինը:
Ան դիտել տուաւ, որ յատկանշական է ուսումնասիրութեան նկատի ունեցած ժամանակահատուածը` 1920-1930 տասնամեակը` Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկումի եւ խորհրդային Հայաստանի հաստատման շրջանը: «Կողմերու մեկնաբանութիւնները հակոտնեայ են, փոխմեղադրանքները սուր, եւ այս պատճառներով այդ բոլոր իրադարձութիւններուն գնահատական տալը բաւական բարդ», ըսաւ Շահան Գանտահարեան եւ աւելցուց. «Ահա այստեղ է, որ աշխատած է Ստեփանեանի պատմական իրադարձութիւններուն տրուող քաղաքական գնահատականի վերլուծողական ոսպնեակը: Օգնութեան հասած են արխիւային եւ փաստաթղթային նիւթերը, որոնք յուշագրական գրականութեան առումով զտիչի դեր ունեցած են որոշակի առումով: Այստեղ կայ հիմնական այլ դժուար լուծելի խնդիր: Ընտրուած ժամանակահատուածի արխիւներն ու փաստաթուղթերը խորհրդային Հայաստանի պետական նիւթերուն մաս են ընդհանրապէս, հետեւաբար պարզ է նաեւ այդ նիւթերու ընդհանուր ուղղուածութիւնը»:
Շահան Գանտահարեան լուսարձակի տակ առաւ Զանգեզուրի վերաբերող հին եւ նոր զուգահեռներուն: «Ստեփանեան Զանգեզուրի հատուածը ներառելով կը խօսի այդ օրերուն սփիւռքի մամուլին մէջ իբրեւ համաթրքական ծրագիրի իրականացման կարեւոր միջոց Զանգեզուրի գործօնին մասին: Նոյնն է ծրագիրը այսօր եւս: Ապաշրջափակումը իւրովի կ՛ընկալուի թէ՛ Անգարայի, եւ թէ Պաքուի կողմէ, որոնք միջանցքի գաղափարը յառաջ մղելով կ՛առաջադրեն կառուցել համաթուրանական համաթրքական կամուրջը Հայաստանի վրայով», շեշտեց Շահան Գանտահարեան:
Ան նաեւ զուգահեռներ գծեց դար մը առաջ ստորագրուած Ալեքսանդրապոլի, Կարսի եւ Մոսկուայի դաշնագիրներուն եւ ներկայիս ստորագրուող հողային զիջումներու պարտուողական համաձայնագիրներուն միջեւ` ցոյց տալով մօտեցումներուն եւ որդեգրուած քաղաքականութեան տարբերութիւնը:
Խաչատուր Ստեփանեանի հատորին մէջ Հայաստանի կարգավիճակին մասին Համօ Օհանջանեանի տեսակէտին եւ հայրենիքի մէջ տիրող ազատութեան եւ անկախութեան անդրադառնալով` Շահան Գանտահարեան ըսաւ. «Այսօր սուր կերպով նոյն հարցը կը դրուի անկախ Հայաստանի կարգավիճակին մասին: Կը դրուի մեր ինքնիշխանութեան, գերիշխանութեան խնդիրը, յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք: Մինչեւ պատերազմը Հայաստանի հանրապետութիւնը կը շարունակէր պահել Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը ըլլալու հանգամանքը: Պատերազմէն ետք բազմաթիւ սահմանային միջադէպեր փոխանցեցին այն համոզումը, որ մեր զինեալ ուժերը չեն վերահսկեր նոյնիսկ Հայաստանի սահմաններու անվտանգային իրավիճակին: Գերիշխանութիւնը ամէն բանէ առաջ սահմաններու անսասանութիւն եւ անխորտակելիութիւն կ՛ենթադրէ: Պարզ է նաեւ, որ այսօր, ներկայ պայմաններուն մէջ ո՛չ միջանցքը, ո՛չ ապաշրջափակումը, ոչ սահմանագծումն ու սահմանազատումը կամ ալ աշխարհաքաղաքական նոր հարթակները հայկական օրակարգեր են. մեր փոխարէն կը բանակցին ուրիշներ: Կարծէք Օհանջանեան ներկայ պայմանները կը բնութագրէ, երբ հարցականի տակ կ՛առնէ մեր անկախութիւնը»:
«Խաչատուր Ստեփանեանի ընդգծումները ուսանելի շատ դասեր ունին այսօրուան քաղաքական կեանքը ստանձնողներուն համար. բայց նաեւ մեզի` այդ գործընթացներուն քաղաքական ընթերցումները կատարելու, ճիշդ եզրակացութիւններու յանգելու եւ հայ քաղաքական միտքի նոր արտադրութիւններ ապահովելու աշխատանքին լծուելու», եզրափակեց Շ. Գանտահարեան:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ հատորի հեղինակը` փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան, որ յայտնեց, թէ առաջին անկախութեան կերտիչները տարագրութեան մէջ, ապա սփիւռքահայ մտաւորականներ միշտ վառ պահած են հայրենիքի գաղափարն ու անոր անկախութեան կարեւորութիւնը: «Սփիւռքահայ գործիչները քննադատում էին պոլշեւիկեան իշխանութեան նախկինի` ազգայինի մերժումի մոլուցքը, որ կարծէք կրկնօրինակուել է վերջին տարիներուն. հայ պոլշեւիկներու «նախկինը մերժելու» գաղափարը ցաւօք սրտի օրինակ դարձաւ նաեւ այսօր», ընդգծեց դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան: Ստեփանեան յայտնեց, թէ ինք պարտաւորուած կը զգայ շարունակելու սփիւռքահայ պատմագրութեան իր աշխատանքը` առարկայականօրէն բացայայտելու մերօրեայ սփիւռքահայ հասարակական միտքը: Այս առթիւ դոկտ. Ստեփանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի նախագահ Երուանդ Փամպուքեանին եւ Համազգայինին:
Իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ բարձր գնահատեց ձեռնարկի իրագործման բոլորին ճիգերը, յատկապէս հատորին հեղինակ` դոկտ. Ստեփանեանին, որ հայրենիքէն եկած է Լիբանան` մեզի յիշեցնելու, որ մենք դիմակալելու հիմնահարց ունինք:
Աւարտին կատարուեցաւ հատորի գինեձօնը:
Նշենք, որ այս առթիւ մէջ ընդ մէջ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, ելոյթ ունեցաւ Մակար Եկմալեանի «Զարթիր որդեակ» եւ Ստեփան Էմմիեանի դաշնաւորած «Հայրենասէր» երգերով: Ելոյթ ունեցան նաեւ դաշնակի վրայ Սիրվարդ Սապունճեան, Յասմիկ Գասպարեան եւ Արմէն Ճենտէրէճեան` ջութակի վրայ, ինչպէս նաեւ Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Համաստեղի «Հայու հոգին»: