Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն»-ին. Զիատ Ռահպանի Բարձրորակ Արուեստ Ներկայացուց

April 16, 2013
in Գաղութահայ Կեանք
0
Կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն»-ին. Զիատ Ռահպանի Բարձրորակ Արուեստ Ներկայացուց

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի,  լիբանանցի հանրածանօթ երգահան եւ երաժիշտ Զիատ Ռահպանի երէկ` կիրակի, 14 ապրիլին անմոռանալի երեկոյ մը պարգեւեց լիբանանահայութեան ու լիբանանցիներուն:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը ողողուած էր Զիատ Ռահպանիի երկրպագուներով, որոնք եկած էին վայելելու անոր ստեղծագործութիւնները:

Սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնի` «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւօ Կիտանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` յայտնելով, որ այս ձեռնարկի ծրագիրը ծնունդ առաւ 7 օր առաջ, երբ Զիատ Ռահպանիի նուագախումբի անդամներէն մէկը կապուած էր իրեն` փոխանցելով, որ Ռահպանի կը փափաքի ելոյթ ունենալ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: «Առաջարկին ընդառաջելով անցանք գործի, եւ ելոյթի ծանուցումէն ետք արդէն տոմսերը շատ արագ սպառեցան: Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ մէկ բան, թէ կան մեծ թիւով երաժշտասէրներ, որոնք գիտեն գնահատել Զիատ Ռահպանիի մատուցած երաժշտութիւնը ու կ՛արժեւորեն անոր արուեստի գործերը», ըսաւ ան:

Աւօ Կիտանեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւորներուն «Սեն Մարք»-ի, «Սոտեթել»-ի եւ «Պօղոս եղբարք» հաստատութեան տնօրէններուն, որոնք շատ արագ իրենց աջակցութիւնը բերին այս ձեռնարկի յաջողութեան:

Զիատ Ռահպանի եւ իր նուագախումբը ժողովուրդին հրամցուցին երգեր եւ երաժշտութիւն երկու բաժինով: Առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ ամերիկացի երգչուհ Սինտա, որ երգեց ճազ ոճի ծանօթ երգեր, իսկ Մանալ մեկնաբանեց Զիատ Ռահպանիի ստեղծագործութիւններէն երգեր, որոնցմէ մաս մը մեկնաբանուած է լիբանանցի աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզի կողմէ:

Ելոյթին թատերական կարճ կատարումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ղազարոս Ալթունեանն ու Լինտա Խուրին: Նաեւ երգով մը իր մասնակցութիւնը բերաւ երգչուհի Լորան:

Ներկաները յոտնկայս ծափողջոյններով գնահատեցին Զիատ Ռահպանիի ներկայացուցած արուեստը եւ լաւագոյն յիշատակներով մեկնեցան սրահէն:

 

Previous Post

Համազգայինի «Այգ» Երգչախումբին Համերգը` Նուիրուած Լիբանանահայ Երիտասարդութեան

Next Post

ՆՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐ – ՆԱՆՕՐ ԱՌՆԵԼԵԱՆ ԵՒ ՃԻՕ ԳԱԼՈՒՍՏ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.