Փրկութեան կաթսան. Պետրոսեանները այսպէս կ՛անուանեն այն կաթսան, որուն շնորհիւ իրենց Զարօ տատին Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ փրկուած է թրքական եաթաղանէն, իսկ ամուսնանալէ յետոյ որպէս իր փրկութեան խորհրդանիշ` օժիտ ստացած է հօրմէ:
«Տատիկիս հայրը Վանի Պախուանց գիւղէն 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ թելեր կապած է, գցած ուսերուն եւ հինգ տարեկան աղջիկը մէջը թաքցնելով` բերած է մինչեւ Էջմիածին: Այնուհետեւ կաթսան տատիկս յանձնած է թոռներուն` խնդրելով այն փոխանցել իրենց սերունդներուն: Այժմ կաթսան մեր գերդաստանի համախմբման խորհրդանիշը դարձած է,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ թոռներէն Զարուհի Պետրոսեան` աւելցնելով, որ իրենց տատը, չնայած փոքր հասակին, ամենայն մանրամասնութեամբ յիշած է գաղթի ճանապարհի ահասարսուռ տեսարանները:
Պարզ դարձաւ նաեւ, որ տարին քանի մը անգամ Զարօ տատիկը թոռնիկերով կը հաւաքուին այս կաթսային շուրջ ու յատուկ արարողակարգով կը նշեն օրը. կ՛ուտեն տատիկի բաղադրատոմսով պատրաստուած քրջիկը, կը յիշեն անոր պատմութիւնները եւ պարտադիր կ՛այցելելեն անոր շիրմը: