10 ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆ ԿԸ ՏԱԳՆԱՊԻ: ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 10 ՕՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՊԻՏԻ ՏԵՂԱԴՐԵՄ ԱՅՍ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԱԾ ԵՒ ԶԱՆԱԶԱՆ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐԷՍ ՄԻ ՔԱՆԻՆ, ՊԻՏԻ ՏԵՂԱԴՐԵՄ ՆԱԵՒ ԱՅՍ ՕՐԵՐԷՆ ԺԱՌԱՆԳ ՄՆԱՑԱԾ ԾԱՆՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ-ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ:
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Թարմ կաթ բոլորովին չկար քաղաքին մէջ, իսկ փոշի կաթ ե՛ւ կար ե՛ւ չկար: այսինքն դժուար գտանելի էր, գտնուելու արագային ալ այնքա՜ն սուղ էր որ…
Ատէլը իր ընտանիքով վտարանդի դարձած էր: Իրենց թաղը կռուադաշտ դարձած էր: Կողմերէն ոչ մէկը կը տիրէր անոր եւ իւրաքանչիւրը կը ձգտէր գրաւել զայն: Թաղին բնակիչները երկու կողմերու դիպուկահարներու թիրախ դարձած էին, եւ քիչ-քիչ, կամաց-կամաց թաղը դատարկուած էր: Ատէլը թաղը վերջին լքողներէն մէկը եղած էր, երբ ամէն օր այս կամ այն կողմէն ռումբեր կը տեղային, կամ զինեալներ կը փորձէին ներխուժել թաղ, որուն հետեւանքով բախումներ տեղի կ’ունենային, եւ արդէն հոն մնալը անձնասպանութիւն կը նշանակէր:
Ատէլը կը նախընտրէր մեռնիլ քան թէ իր տունը լքել.. հապա՞ իր սիրած կինը, հապա՞ ամուսնութենէն տարիներ յետոյ, անընդմէջ վիժումներէ ետք ծնած չորս տարեկան միակ զաւակը:
..Այդ օր գործէն յոգնած վերադարձաւ: Առաւօտ կանուխ կ’երթար գործի եւ կանուխ ալ կը վերադառնար: Վտանգաւոր շրջանի մը մէջ կ’աշխատէր, արդէն ամէն տեղ վտանգաւոր էր: ժամանակաւոր գործ մը գտած էր, իր խանութը քանդուած էր: Փա՛ռք Աստուծոյ, ինքն ու ընտանիքը ողջ առողջ էին, խաղաղութիւնը թող վերադառնայ երկիր, ամէն ինչ դարձեալ կը կառուցէ:
Շէնքի մուտքին նարտի խաղցող դրացիներուն «Սալամ ալէյքոմ»՝ «Խաղաղութիւն ընդ ձեզ», ըսաւ, անոնց «Ալէյքոմ սալամ»ը ժպիտով ընդունեց եւ բարձրացաւ հինգերորդ յարկ՝ իրենց ժամանակաւոր վարձու բնակարանը:
Հազիւ դուռը բացած, Ալիան՝ դստրիկը նետուեցաւ գիրկը:.- ուսդ ա՛ռ զիս,. գոչեց:
Ատէլը գրկեց աղջնակը, դրաւ ուսին:: Աղջնակը կը քրքջար եւ հօրը մազերուն հետ կը խաղար:
. Երկինք նետէ զիս, ութ անգամ:
Ատէլը յոգնութիւնը մոռցած էր: Իր ուրախութիւնն էր աղջիկը, իր եւ իր կնոջ երջանկութիւնը, եւ Աստուած պահպանած էր զայն, փրկած անձրեւի պէս տեղացող փամփուշտներէն…
-Նորէն, նորէն, կը շարունակէր քրքջալ աղջնակը..
-Ատէլ տունը կաթ չկայ,. լսեց կնոջ ձայնը:
Ինք առաւօտուն ստուգած էր կաթի տուփը, պէտք է մինչեւ վաղը իրիկուն բաւեր:
-Ինչպէ՞ս թէ կաթ չկայ,- հարցուց:
-Այսօր միայն կաթ խմեց, հինգ-վեց անգամ, ուրիշ բան չուզեց ուտել:
Ատէլը դեռ կօշիկները չէր հանած:.- Երթամ բերեմ,- ըսաւ:
-Մեր վարի խանութը չէ մնացած, թէ չէ ես կը գնէի, ուրիշ տեղէ ալ գնելու դրամ չկար քովս,- ըսաւ կինը, – Գիտեմ որ շատ յոգնած ես, կ’ուզես ես երթամ..
-Ես կ’երթամ, դուն դեռ այստեղերը լաւ չես գիտեր:
-Պապ, ես ալ հետդ պիտի գամ,. Ըսաւ դստրիկը:
-Չէ՛, աղջիկս, ես շատ շուտ կը վերադառնամ: Ըսածին ինք ալ չհաւատաց Ատէլը. չէր գիտեր թէ ո՞ւր եւ ե՞րբ պիտի գտնէր կաթ ըսաուածը, որուն շիշը բերնին, վարժուած էր քնանալ դստրիկը, ինչպէս աշխարհի բոլոր դստրիկները:
-Պիտի գամ,- պնդեց աղջնակը:
-Թող երթայ,- ըսաւ կինը.- Օրերով տունէն դուրս չ’ելլեր:
-Եկո՛ւր, ըսաւ,- գրկեց Ալիան եւ դռնէն դուրս ելաւ: – Ուրիշ բան պէ՞տք է: հարցուց կնոջը դուրսէն:
-Ո՛չ,- ըսաւ կինը: ամէն ի՛նչ ունինք:
Ատէլը ետ չնայեցաւ, գիտէր «ամէն ինչ»ը՝ քիչ մը ոսպ, քիչ մը բրինձ, քիչ մը ձաւար, քիչ մըն ալ սոխ, գետնախնձոր.. Իրենք իրենց ապրուստը հազիւ կրնային հոգալ, տան վարձքը գլխաւոր հոգերնին էր: Երբեմն կէս-կուշտ, կէս-անօթի ալ կը մնային, նախ եւ առաջ Ալիային կաթը պէտք է ապահովէին:
Դարձեալ բարեւեց դրացիները, որոնցմէ մէկը ըսաւ թէ, երկու փողոց վարը խանութի մը մէջ կաթ տեսած էր:
Դիմացի մայթէն ճւճւոցի ձայներ կը լսուէին. Փոքրիկ տղաք եւ աղջիկներ երկու ծառերէ պարան կապած ճօճանակ սարքած էին: Երգելով կը ճօճուէին, բարձրաձայն կը խնդային…
-Պա՛պ, ես ալ կ’ուզեմ. -Ալիան էր:
-Ո՛չ աղջիկս, չէ՞ որ միասին կաթ գնելու պիտի երթանք:
-Հաճի՜ս, պապ…
-Թող խաղայ, քեռի, մեզի հետ թող խաղայ,- լսեց քանի մը փոքրիկներու ձայնը:
-Դրացի, թող խաղայ աղջնակը. մենք հոս ենք, հանգիստ մտքով գնա, եկուր,- ըսին նարտի խաղցող դրացիները:
-Հաճի՜ս, պապ,- կրկնեց Ալիան:
Ատել տեղի տուաւ: Ինք ալ շատ կը ցանկար որ աղջնակը խաղար, բայց ժամանակի վտանգները կը սարսափեցնէին զինք:
Ատել արտօնեց: Ալիան երջանկացաւ, եւ աճապարող հայրը լսեց անոր ուրախ, շատ ուրախ քրքջոցը:
Շատ հեռու երթալու պէտք չունեցաւ Ալիային հայրը, իրենց փողոցի անկիւնի նպարավաճառին մօտ փոշի կաթ գտաւ: Փոքր ծրարիկ մը գնեց եւ աճապարեց վերադառնալ: «Քիչ մը դրացիներուն հետ կը զրուցեմ, թող խաղայ»: որոշեց Ատէլ:
Հազիւ երկու քայլ առած էր, օդանաւի չարագուժ ձայնը լսեց. տագնապեցաւ եւ նոյն վայրկեանին ահռելի դղրդիւն մը լսեց, օդանաւը պայթուցիկ տակառ մը նետած էր: Աշխարհ իրար անցաւ: Ատէլ կծկուեցաւ, չորս կողմը փոշի պատեց: Նայեցաւ դիմացը, իր բնակարանին կողմը: Փոշիի հսկայ սիւն մը կը բարձրանար..կրակի բոցեր..
-Ալիա՜, – գոռաց.- Ալիա՜՜՜…
Վազեց… կը վազէր ու չէր հասներ.. Ալիա՜, կը գոռար,- Ալիա՜՜՜
Հասա՞ւ, հասաւ թէ՞ ուրիշ տեղ մը եկած էր…
Ծառերը չկային: Արիւն կար, կարմիր, ա՛լ կարմիր արիւն եւ խանձուող միսի կտորներ…
Ատէլ չհասկցաւ թէ ինչո՞ւ սկսաւ բարձրաձայն խնդալ երբ գետինը պարանի այրուող կտորներ տեսաւ:
…Հիմա կաթը համեմատաբար գտանելի դարձած էր. Ատէլ յաճախ կաթ կը գնէր ու կը տանէր քաղաքամիջի գերեզմանատուն, ուր Ալիա կը շարունակէր խաղալ իր նոր ընկերներուն հետ, կը քրքջար անոնց հետ, եւ այդ քրքջոցը կը լսէր Ատէլ.. աշխարհի մէջ որեւէ ձայն, նոյնիսկ կործանիչ օդանաւի ձայնը չէր կրնար խլացնել այդ քրքջոցը…