Փետրուար 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գեղարուեստական խորհուրդի աշխատանքային նիստը, որուն կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Արմէն Անդրէասեան, «Իմ Հայաստան» փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան, Հայաստանի պարարուեստի եւ պարագէտներու միութեան նախագահ Կարէն Գէորգեան, տուտուկահար Գէորգ Դաբաղեան, Համահայկական պատանեկան սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Եսայանց, «Իմ Հայաստան» փառատօնի
«Երգչախմբային արուեստի օրերու» գեղարուեստական ղեկավար Լիլիթ Դանիէլեան:«Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնի ծիրէն ներս կը նախատեսուի իրականացնել պարարուեստի, խմբերգային արուեստի օրեր,ասմունքի երեկոյ, տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօն եւ հայ երգի օր:
Քննարկուեցան փառատօնի մասնակիցներու կեցութեան ապահովման, Երեւանի մէջ եւ ՀՀ մարզերուն մէջ փառատօնի իրականացման նպատակով կազմակերպական եւ տեխնիքական ապահովման հարցերը: