ՌԻԱՏ.- Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ, 30 Դեկտեմբերին աւարտեցան Կայծակնային ճատրակի աշխարհի տղամարդկանց ախոյեանութեան մրցումները:
Հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան մրցաշարքը աւարտեց՝ գրաւելով 5-րդ տեղը:
Մրցաշարքին ախոյեան դարձաւ Մակնուս Քառլսընը: Տիգրան Պետրոսեան գրաւեց 7-րդ տեղը, Հրանդ Մելքումեան՝ 15-րդը, իսկ Զաւէն Անդրէասեան՝ 43-րդ տեղը: