Իգական սեռի ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն կ’ունենան մասնակցելու Սոֆի Դեւոյեանի մշակութային կեդրոնի հրաւիրած դասական պարի բաց դռներու օրուան, որ կը նուիրուի կանանց մէկամսեակին: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացաւ կեդրոնէն` մարտ 21-ին կայանալիք բաց դռներու օրը կը ներառէ դասական պարի երկու դասաժամ:
Առաջին դասաժամին կրնան մասնակցիլ ուսանողուհիներն ու բարձր դասարաններու աշակերտուհիները, երկրորդին` իգական սեռի 25-55 տարեկան ներկայացուցիչները:
Կայանալիք դասընթացքը կը վարէ Ալ. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի պալէի արուեստագէտ Արծրուն Ղուկասեան: Բաց դասին մասնակցութիւնը անվճար է: Սոֆի Դեւոյեանի սաները պատուով ելոյթ ունեցած են Մալթայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Քանատայի, ԱՄՆ-ի, Յունաստանի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Հունգարիոյ, Նորվեգիոյ, Աւստրիոյ, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ:
Սոֆի Դեւոյեանի «Հոգու եւ պարի թատրոնը» հիմնուած է 1993 թուականին: Մշակոյթի այս կեդրոնը կոչուած է մանուկներուն ու պատանիներուն ազգային եւ համաշխարհային արուեստին հաղորդակից դարձնելու: Պարի դպրոց կրնան յաճախել 3-16 տարեկան աղջիկներ եւ տղաներ: Բարձրակարգ մասնագէտներ այստեղ կ’ուսուցանեն պարադրութիւն, ժողովրդական, լատին ամերիկեան եւ ժամանակակից պարեր:
Մշակութային կեդրոնին մէջ ուսման տեւողութիւնը հինգ տարի է: Իգական սեռի 16 տարեկանէն բարձր ներկայացուցիչներու համար կեդրոնին մէջ կը գործէ սիրողական խումբ: Կ’իրականացուին նաեւ անհատական դասընթացներ, ինչպէս նաեւ կարճաժամկէտ ուսուցում հարսանեաց հանդէսին պատրաստուող զոյգերու համար: