Ուրբաթ, 21 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Կանգառ» իր դռները բացաւ հանրութեան, ընթացք տալով իր անդրանիկ ձեռնարկին` «Խաչմերուկ»-ին: Գեղանկարչական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին չորս արուեստագէտներ` Գօգօ Աւեսեան, Յովիկ Աֆարեան, Մուշեղ Գարավարդանեան եւ Սերժ Մանուկեան: Թէեւ մասնակից արուեստագէտներուն առաջին գեղանկարչական ցուցահանդէսը չէր, սակայն առաջինն էր իր տեսակին մէջ` «Կանգառ»-ին տրամադրած գետնայարկ մշակոյթին մէջ (underground culture):
Այս մասին խօսելով մասնակից գեղանկարիչներէն Մուշեղ Գարավարդանեան նշեց, որ նկատի ունենալով, որ ծնած ու մեծցած է հայկական միջավայրի մէջ, պէտք էր սկսիլ մտերմիկ ձեռնարկով մը, որ առիթ կ՛ընծայէ այցելուին փոխյարաբերութիւն ունենալու գործերուն հետ` մթնոլորտին ընդմէջէն: «Գործերը, զորս կը ցուցադրեմ այսօր, շատ մտերիմ գործեր են. մէկ հատը սեկա խաղն է, միւսը կապիկի մը նկարն է, իսկ ուրիշ մը սեռային յարաբերութեան դէպք մըն է, որուն կտաւին հետ ալ աշխատած եմ: Ասկէ աւելի յարմար տեղ մը չգտայ այս տեսակի գործեր ցուցադրելու», ըսաւ ան:
Յովիկ Աֆարեան, որ արդէն «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ եւ ԶէյթունաՊԷյի մէջ, ինչպէս նաեւ այլ ձեռնարկներու արդէն մասնակցած է իր գործերով, ըսաւ, որ տարբեր նկարագիրներու տէր անձեր են մասնակից արուեստագէտները, բայց անոնց միջեւ կայացած ընկերութիւնը եւ անկեղծութիւնը պատճառ դարձած է, որ նետուին նման ձեռնարկի: «Ըսինք, թէ ինչու չէ ցուցահանդէս մը կազմակերպենք այս «թաքստոց»-ին մէջ», նշեց ան:
Սերժ Մանուկեան հաստատեց, որ «Կանգառ»-ին տուած մթնոլորտը հեռու է դասական ցուցահանդէսի մթնոլորտէն, ուր արուեստագէտին հիմնական մտահոգութիւնը կ՛ըլլայ գործերը ծախել, իսկ Գօգօ Աւեսեան ըսաւ, որ գործը աւելի բարձր կը խօսի, քան անձը, հետեւաբար ձեռնարկին ցուցադրուած գեղանկարները շատ աւելի խօսուն են, քան արուեստագէտը:
«Կանգառ»-ի ցուցահանդէսին ներկայ էին հայ եւ օտար հանրութեան ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին տարբեր շրջանակներէ: Ներկաներէն Մալինա Թինչման ըսաւ, որ հետաքրքրական գտած է տեղին տրամադրած կարելիութիւնները, որոնք առիթ տուած են գեղանկարներուն ըլլալ աւելի ցցուն եւ սրտամօտ, քան պիտի ըլլային գեղեցիկ սրահի մը մէջ զետեղուած: Գէորգ Գոճայեան, որ Գերմանիա հաստատուած գծանկարիչ եւ կրաֆիք տիզայնըր է գնահատելով «Խաչմերուկ»-ին աշխատանքը գոհունակութիւն յայտնեց իր ծննդավայր Պուրճ Համուտի մէջ ժամանակակից երիտասարդ գեղանկարիչներու համար «Կանգառ»-ին նման տարածութեան մը ստեղծուելուն համար` նոյնինքն երիտասարդներուն կողմէն:
Նազօ Փոլատեան ընդգծեց «Խաչմերուկ»-ին անկաշկանդ ու անսահման կարելիութիւններ մէջտեղ կարենալ բերելու հնարաւորութիւնը: Երիտասարդ երաժշտագէտ եւ գրող Սայիտ Հասանին համար հետաքրքրական էր «Կանգառ»-ին տարածութեան արագ փոփոխութիւնն ու «Խաչմերուկ»-ը կազմակերպելու կարողութիւնը:
Գեղանկարիչ եւ կրաֆիք տիզայնըր Ռոստոմ Գույումճեան գնահատելով նախաձեռնութիւնը յայտնեց, որ Պուրճ Համուտ վաղուց պէտք ունէր «Կանգառ»-ի նման տարածութեան, իսկ «Խաչմերուկ»-ը` իբրեւ անոր ձեռնարկներուն առաջին փորձը, շատ յաջող դուրս ելած էր, եւ փափաք յայտնեց, որ շատնան նման խմբաւորումներ, որպէսզի ալ աւելի երեւան գան: Ան կոչ ուղղեց արուեստագէտները քաջալերելու: Իսկ Փաթիլ Չիլինկիրեան, որ «Փաթչիլ» արուեստի արհեստանոցի տէրն է, ըսաւ, որ Պուրճ Համուտի մէջ նման արուեստի կեդրոն ունենալը առիթ կ՛ընծայէ մարդոց իրարու հետ շփում ունենալու եւ նոր ծրագիրներ մէջտեղ հանելու եւ գնահատելով «Խաչմերուկ»-ին ձեռնարկը ըսաւ, որ անիկա շատ կարեւոր քայլ մըն է մանաւանդ հայ երիտասարդներու համար:
«Խաչմերուկ» ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 31 օգոստոս: