Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբին երկրորդ նիստին:
Ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի, արդարութեան նախարար Հանրի Խուրի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նաժլա Ռիաշի-Ասաքեր, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա, աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ, երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան, ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար, գաղթականներու հարցերու նախարար Իսամ Շարաֆէտտին, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դատաւոր Մահմուտ Մաքիէ, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ վարչապետ Միքաթիի գրասենեակի տնօրէն Ժամալ Քերիմ:
Յանձնախումբը շարունակեց աշխատանքային ծրագիրին մշակումը` նկատի ունենալ նախարարներուն դիտողութիւնները:
Նախարարական յանձնախումբը իր երրորդ նիստը պիտի գումարէ այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Կը նախատեսուի, որ այսօրուան նիստին ընթացքին նախարարական յանձնախումբը ամբողջացնէ նախարարաց խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:
Նշենք, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, Նորվեկիոյ դեսպան Մարթին Եիթերվիքը եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավար Ռիչըրտ Մայքըլզը:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ:
ՆՇԵՆՔ, որ Կեդրոնական դրամատունը վառելանիւթի ներածման համաձայնութիւն յայտնեց` ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը 8 հազար լ. ոսկիի հիման վրայ ճշդելով:
Սակայն երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ վառելանիւթի 7 նաւերու ներածման գործողութիւնը խանգարուած է, որովհետեւ Կեդրոնական դրամատունը պայման դրած է դրամատուներուն ստորագրել յանձնարարագիրներ այն մասին, որ ներածուած վառելանիւթը պիտի չմտնէ սեւ շուկայ: