ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Յունիս 5ին, Հայաստանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար Փիոթըր Սվիթալսքիի հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ երկկողմանի համագործակցութեան կարեւորութեան եւ կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն։
Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները էապէս նպաստած են ժողովրդավարութեան զարգացման եւ ամրապնդման՝ աւելցնելով, որ ստեղծուած բարենպաստ մթնոլորտը նոր խթան պիտի հանդիսանայ տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու եւ արմատական փոփոխութիւններու իրականացման ի խնդիր: Ան շեշտեց, որ կառավարութեան թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը զեղծարարութեանց դէմ պայքարն է, ինչպէս նաեւ՝ ներդրումներու պաշտպանութիւնը եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարը։
Իր կարգին, Սվիթալսքի ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրները՝ ընդգծելով, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է առարկայական օժանդակութիւն ցուցաբերելու՝ այդ ծրագիրները իրականացնելու համար։ Ան նշեց, որ Հայաստանը եւրոպական ներդրումներ ներգրաւելու լաւ հնարաւորութիւններ ունի։
Կողմերը նաեւ քննեցին Հայաստանի մէջ կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման, Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութեանց առնչուող շարք մը այլ հարցեր: