Կառավարութեան կազմութեան նախապատրաստական քայլերու ծիրին մէջ, խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններըւ մէկ շաբաթով յետաձգելու նախագահ Միշէլ Աունի որոշումը թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններու դուռ բացաւ:
Քաղաղաքական կարգ մը հոսանքներ ողջունեցին որոշումը, ուրիշներ՝ ոչ:
Տարբեր Կարծիքներ` Խորհրդարանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Յետաձգելու Շուրջ
Խորհրդարանական կարգ մը խմբաւորումներ փափաքեցան յետաձգել խորհրդակցութիւնները եւ յաւելեալ առիթ տալ` տարակարծիք կողմերու միջեւ տեսակէտներու մերձեցման համար:
Նոյն ծիրին մէջ, Պաապտայի պալատի շրջանակներուն կարծիքով, նախագահ Աուն մեկնելով սահմանադրութեան 49-րդ յօդուածին տրամադրութիւններէն դիմեց խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութեանց յետաձգումին` խուսափելու համար ժամավաճառութենէ եւ մօտիկ անցեալի փորձառութեան կրկնութենէն: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, անձնական պատճառ չկայ նշեալ որոշումի ետին, եւ նախագահը կ՛ուզէ բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ համախոհական կառավարութեան մը կազմութիւնը` ակնարկելով Հզօր Լիբանան համախմբումի եւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի ղեկավարներու ժխտական կեցուածքներուն, առանց որոնց նոր դահլիճի կազմէն կրնան պակսիլ քրիստոնեայ դիմագիծի կարեւոր տարրեր:
Այլ խմբաւորումներ զարմանքով եւ քննադատութեամբ մօտեցան յետաձգման որոշումին` առարկելով, որ նախագահ Աուն սահմանադրական խախտում արձանագրած եղաւ անտեսելով սահմանադրութեան 53-րդ յօդուածին 2-րդ կէտը: Ըստ անոնց, յետաձգման այս որոշումը հարուած մըն է ֆրանսական նախաձեռնութեան, որ կը թուի ըլլալ Լիբանանի փրկութեան լաստը:
Զգուշաւոր Հարցադրումներ
Վերջին շաբաթներու անցուդարձերուն տողընդմէջ ընթերցումին հետքերով կարգ մը հարցադրումներ կը ծագին` փորձելով ներքին եւ արտաքին ազդակներու միջեւ զուգահեռներ բացայայտել: Հոսկէ` ֆրանսական «ճնշումը» կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան գծով: Միաժամանակ` Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան դէմ սէուտական վեթոյի վերացումը, ինչ որ «կարմիր գորգ» փռած էր Հարիրիի «վերադարձին գծով: Նոյն ծիրին մէջ, վարչապետութեան թեկնածու Սաատ Հարիրի վերջերս իր մէկ յայտարարութեամբ նշած էր, թէ իր գլխաւորելիք կառավարութիւնը վեց ամսուան համար պիտի գործէ` նշելով, որ «կուսակցութիւնները կրնան վեց ամսուան համար հեռու մնալ իշխանութենէն»: Իսկ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումին շուրջ բանակցութիւններու ամբողջացման ժամկէտ ճշդուած է յառաջիկայ վեց ամսուան ժամանակահատուածը, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ Սաատ Հարիրիի գլխաւորելիք կառավարութիւնը պիտի գայ «յատուկ առաքելութեամբ» Իսրայէլի հետ բանակցութեանց ծրագիրը «գործադրելու» Իսրայէլի «ներկայացուցիչ» միջնորդ նկատուող ամերիկեան «կողմնացոյցով» ու աշխարհաքաղաքական հետեւանքներով, որոնք կրնայ յանգիլ նաեւ ապահովական «հակազդեցութիւններու»: Այս գծով վերջերս նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի այն «վկայութիւնը», թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ խոստովանած է իրեն, որ 15 հազար կազմ ու պատրաստ զինեալներ ունի «ճակատելու» համար Հըզպալլայի դէմ, երէկ հակառակ Ժահժահի հերքումին, լիբանանեան «Ախպար» թերթին փոխանցած տեղեկութիւնները եկան հաստատելու Ժահժահի վերագրուած «մտադրութիւնները», երբ Լիբանանի մօտ ամերիկեան դեսպանատան բարձրաստիճան պատասխանատու մը իր մեծաւորներուն զեկուցած է, թէ «Ժահժահ 7 մայիս 2008-ի նախօրեակին անակնկալօրէն իրեն հետ հանդիպելով փոխանցած է, թէ տասը հազար կազմ ու պատրաստ զինեալներ ունի Հըզպալլայի դէմ ճակատելու համար»: Ապահովական այս մտավախութիւններու լոյսին տակ կարգ մը մեկնաբանութիւններ կը զգուշացնեն, թէ մօտերս, նախքան ամերիկեան նախագահական 4 նոյեմբերի ընտրութիւնները, «խորհրդաւոր դէպք» մը կրնայ շրջել տուեալները եւ անակնկալի մատնել կողմերը:
Ապահովական, քաղաքական ու տնտեսական մտահոգութիւններու լոյսին տակ լիբանանցիներու հիմնական մաղթանքն է կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը` կանխելու համար բացասական որեւէ հաւանականութիւն:
Մինչ Այդ` «17 Հոկտեմբեր»-ի Ա. Տարեդարձի Ոգեկոչման Նախաքայլեր
Երկրի ներկայ իրավիճակի մթնոլորտին մէջ, 17 հոկտեմբեր 2019-ին բռնկած ժողովրդային շարժումի խմբաւորումներ կը պատրաստուին յատուկ ելոյթներով նշել այդ շարժումին առաջին տարելիցը: Շարժումի կարգ մը խմբաւորումներ հրաժարած են «Քորոնա»-ի պատճառով, ուրիշներ իրենց ձեռնարկները յետաձգած են 22 նոյեմբեր 2020-ին: Իսկ Լիբանանի համայնավար կուսակցութիւնը իր անդամներուն կոչ ուղղեց այսօր` ուրբաթ եւ վաղը` շաբաթ փողոց իջնելու եւ պարզելու իրենց պահանջները` քննադատելով երկրի այժմու վարչամեքենայի ղեկավարներուն վարքագիծը:
Այս բոլորին տակ կքած կայ մէկ անհերքելի իրողութիւն, որ նշեալ կեցուածքներուն եւ քայլերուն «մուրհակը» կը վճարէ քաղաքացին` ի հեճուկս իր ապրուստին, առողջութեան եւ ապահովութեան: