Վարչապետի նշանակման եւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան յոյսի նշոյլներ սկսան դրսեւորուիլ, այն աստիճան, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը իրենց դրական աւարտին սկսած են մօտենալ:
Իսկ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի Սամիր Խաթիպի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ կան որոշ մանրամասնութիւններ, որոնց շուրջ պէտք է համաձայնութիւն գոյացնել: «Նոր կազմուելիք կառավարութեան մաս պիտի չկազմեմ, իսկ քիչ ետք հանդիպում մը պիտի ունենամ Ալի Հասան Խալիլի եւ հաժ Հիւսէյն Խալիլի հետ», ըսաւ Հարիրի:
Հարիրի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Աւելի ուշ, Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ զոյգ Խալիլներու հետ:
Հանդիպումը վերջ գտաւ դրական մթնոլորտի մէջ:
Միւս կողմէ, Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան փտածութեան դէմ պայքարին:
Ան հաստատեց, որ իրենց հիմնական կեցուածքը այն է, որ կառավարութիւնը կազմուի քաղաքական ենթահող ունեցող մասնագէտներէ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներէ` աւելցնելով, որ այս վերջին կէտին շուրջ համախոհութիւն չէ գոյացած:
«Կառավարութեան յաջողութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան անոր կազմին մէջ մեր ներկայութիւնը: Կը նախընտրենք կառավարութեան յաջողութիւնը, քան անոր մաս կազմելը: Երկիրը պահպանող եւ Ազգային ուխտին վրայ հիմնուած կառավարութեան մը կազմութեան համար, կ՛ընդունինք մեր «ես»-ին ջնջումը», շեշտեց Պասիլ:
Ան հաստատեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը չի կրնար շարունակել նոյն ելեւմտական քաղաքականութեամբ, որ պառակտեց երկիրը` աւելցնելով, որ պէտք է մշակել նոր քաղաքականութիւն մը:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւնը պէտք է համապատասխանէ Ազգային ուխտին` աւելցնելով, որ ներքին լիբանանեան բախումները խիստ մերժելի են:
Ժոմպլաթ Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր չէ այցելած Պըրրիի` երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Ան շեշտեց, որ այս այցելութեան նպատակն է ընդգծել, որ Պըրրիի հետ իր յարաբերութիւնը պատմական է, իսկ բարեկամութիւնը` մնայուն: Ան աւելցուց, որ ոչ մէկը պէտք է ուրիշ ձեւով մեկնաբանէ իրենց միջեւ հանդիպումներուն երկար բացակայութիւնը:
Անդրադառնալով Սամիր Խաթիպը վարչապետ նշանակելու հաւանականութեան` Ժոմպլաթ նշեց, որ այդ մէկը ոչ ոք կ՛որոշէ, այլ` սահմանադրութեամբ կը ճշդուի: «Իսկ սահմանադրութիւնը կ՛ենթադրէ երեսփոխանները պարտադիր խորհրդակցութիւններու հրաւիրել», ըսաւ ան:
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Ժոմպլաթ նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն եւ անոր հիման վրայ պիտի որոշէ Սամիր Խաթիպի, Սաատ Հարիրիի, թէ այլ թեկնածուի զօրակցիլ:
Ան նկատել տուաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմականը իբրեւ կուսակցութիւն մաս պիտի չկազմէ յաջորդ կառավարութեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Պըրրի կը փորձէ զինք հաշտեցնե՞լ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, Ժոմպլաթ ըսաւ. «Այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ես պիտի այցելեմ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, եւ հանդիպումէն ետք է, որ պիտի յայտնեմ, եթէ արգելքներ կան կամ ոչ»:
Ժոմպլաթ Պըրրիի նուիրեց «Քինկտըմ աֆ ֆէյթ» գիրքը: