Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերու Մակընթացութեան Լոյսին Տակ. Ապրուստի Կենցաղային Հարցերը` Դարձեալ Պահանջներու Կիզակէտ

September 4, 2021
in Mobile Home, Հայերէն Լուրեր
0
Miqati Says Made ‘Slow Progress’ in Meeting with Aoun

Lebanese Prime Minister-designated Najib Mikati, speaks to journalists after his meeting with Lebanese President Michel Aoun, at the Presidential Palace in Baabda, east of Beirut, Lebanon, Monday, July 26, 2021. Aoun appointed Mikati, a billionaire businessman and former prime minister minister as the next premier-designated Monday, after Saad Hariri earlier this month gave up attempts to form a cabinet amid an unprecedented financial meltdown roiling the country. (AP Photo / Bilal Hussein)

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր յապաղող կառավարութեան կազմութեան ճիգերը կը շարունակուին մէկէ աւելի ճակատներու վրայ: Արդարեւ, լրատուական եւ քուլիսային ճիգերու զարգացումները միաժամանակ ժխտական ու դրական մթնոլորտ մը ստեղծեցին` կառավարութեան կազմութեան նորագոյն ժամկէտ յայտարարելով յառաջիկայ շաբաթասկիզբը` երեքշաբթի օր: Լաւատեսներու այս վարկածը կը հիմնուի քուլիսներու ետին շարունակուող ներքին թէ արտաքին մակարդակներու հաղորդակցութեանց վրայ: Այս ծիրին մէջ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կը շարունակէ իր մագոգային հանդիպումները նախագահական պալատի` Պաապտայի եւ նշանակեալ վարչապետի նստավայրին միջեւ` հարթելու համար մետասաներորդ պահուն ցցուող խոչընդոտները: Նմանօրինակ «առաքելութեան» մէջ են Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի խորհրդականներէն շէյխ Ուաֆիք Սաֆա եւ Հիւսէյն Խալիլ: Կը թուի, թէ տնտեսութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարներու նշանակումները նորագոյն հարցականներն են` նկատի ունենալով անոնց վարելիք զգայուն ու կարեւոր բանակցութիւնները` Դրամական Միջազգային դրամական ֆոնտին թէ կատարուելիք նիւթական օժանդակութեանց բաշխումին գծով:

Նաեւ` Արտաքին Մակարդակի Վրայ

Ներքին այս ճիգերուն առընթեր կը նախատեսուի, որ վերջերս Լիբանան այցելած ամերիկեան ծերակուտական պատուիրակութենէն ետք, այսօր Լիբանան հասնի եւրոպական պատուիրակութիւն մը` երկրի վարիչներուն հետ խորհրդակցելու կառավարութեան եւ այլ հրատապ հարցերու գծով: Նոյն միջոցին լիբանանեան պատուիրակութիւն մը այսօր պիտի մեկնի Սուրիա` արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ բանակցելու քաղաքական թէ տնտեսական հրատապ հարցերու շուրջ, ինչպէս` իրանեան նաւթի Սուրիոյ ճամբով Լիբանան փոխանցումը եւ յարակից հարցեր:

Լաւատես այս մթնոլորտի «ջատագովներուն» կարծիքով արդէն իսկ կազմուած է կառավարութեան կազմի «սեւագրութիւն» մը:

Սակայն «հովերը միշտ չէ որ նաւերու ակնկալութեամբ կը փչեն», կ՛ըսէ առածը: Փաստօրէն, նշեալ դրական յոյսերուն հակառակ, կարգ մը դէտերու մեկնաբանութիւնները կ՛ընթանան հակառակ ուղղութեամբ: Օրինակ, ըստ անոնց, կացութիւնը այնքան ալ վարդագոյն չէ, եւ շատ մը հարցեր տակաւին անորոշ են կամ չեն յստակացած: Այս իմաստով կառավարութեան կողքին պիտի նշանակուին նաեւ առանցքային դեր կատարող կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ փոխարինող անուններ (Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ, բանակի ընդհանուր հրամանատար եւ այլն): Նմանապէս` կը նախատեսուի, որ վառելանիւթի պետական աջակցութեան նպաստը ամբողջութեամբ վերանայ ընթացիկ սեպտեմբերի կիսուն, փոխան վերջաւորութեան, ինչ որ կրնայ առաւել եւս սպառել առանց այդ ալ վառելանիւթի պակասէն տառապող քաղաքացիներու համբերութիւնը:

Նոյն ծիրին մէջ, արտակարգ ճիգեր կը տարուին կրթական թէ առողջապահական մարզերու բնականոնացման գծով, ուր նախագահ Աունի թելադրանքով, մօտերս կրթական հարցերու քննարկման արտակարգ համագումար պիտի կայանայ, մինչ կրթական մարզի պատկան այլ պատասխանատուներ յառաջիկայ երեքշաբթի օրը յայտարարած են «Կրթական ընդհանուր ցասումի օր»: Միւս կողմէ, հակառակ առողջապահութեան նախարարութեան նախաձեռնած «արհեստագիտական իրագործում» նկատուող` անվճար դեղատոմսի որոշումին` առողջապահական պատասխանատուներ դեռ եւս «ահազանգային» կը նկատեն այս մարզին վիճակը:

Դրական ու ժխտական ճիգերու մակընթացութեան մթնոլորտին մէջ, քաղաքացիներու հայեացքները ուղղուած են յառաջիկայ շաբթուան գծով տրուած «խոստումներու» արդիւնաւէտ իրագործումին:

Previous Post

«Հայաստանը Պատրաստ Է Սահմանազատման Եւ Սահմանագծման Աշխատանքներին». ԱԽ Քարտուղար

Next Post

Aoun Says ‘Corrupt System’ Fears Accountability

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.