Վերջին օրերուն քաղաքական եւ դիւանագիտական զգալի եռուզեռ արձանագրուեցաւ լիբանանեան ճակատին վրայ, ուր առանցքային թիրախ էր կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջը: Այս պահանջը առաւել շեշտակի դարձաւ յատկապէս կարգ մը աղբիւրներու վերագրուած քանի մը շաբաթներու ժամկէտի ներկայացումէն ետք` կառավարութեան կազմութեան գծով:
Փաստօրէն, վերջերս պատահած ապահովական «անցողակի», բայց իրենց քաղաքական ծանր հետեւանքներուն պատգամով վտանգաւոր դէպքերը ազդանշան նկատուեցան փութալու վճռել տիրող սպասողական վիճակի երեւոյթը: Այլապէս, կուսակցապետներու ուղղուած ահաբեկութեան կամ սպանութեան փոխադարձ սպառնալիքները Լիբանանեան ուժեր եւ Ղովմի կուսակցութեանց հետեւորդներուն միջեւ ապահովական լուրջ մարտահրաւէրներ նկատուեցան: Նոյնքան վտանգաւոր ազդանշան էր` սուրիացի ընտրողներու կարաւաններուն եւ կարգ մը շրջաններու կուսակցական տարրերուն միջեւ կատարուած փոխադարձ վէճերն ու յարձակումները:
Ապահովական այդ դէպքերը թափ տուին տեղական թէ արտաքին կողմերու խաղաղարար ճիգերուն: Այս իմաստով ուշագրաւ էր մարոնիներու Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութիւնը` առնչակից գլխաւոր երկու կողմերը` նախագահ Միշել Աունն ու նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին գլուխ-գլխի հանդիպումի հրաւիրելու գծով: Պատրիարքին ճիգերը կը շարունակուին առաւել վճռակամութեամբ, յատկապէս` Սաատ Հարիրիին ուղղուած Ռայի պատրիարքին կոչը` փութալու կառավարութեան կազմութեան, այլապէս առիթ տալու այլ լուծումներու: Նմանապէս` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կոչը` Աուն-Հարիրի «մարաթոն» խորհրդակցութեան կամ` խորհրդարանի նախագահի «բարերար» միջամտութեան գծով, լուրջ պատգամ մըն էր կառավարութեան թնճուկի լուծման գծով: Նասրալլա իր այս կոչը կ՛ուղղէր շրջանին մէջ իր գլխաւորած կուսակցութեան դիրքի ամրագրման լոյսին տակ, ինչ որ զինք կը մղէր ուժի եւ զօրաւորի դիրքէն խօսելու: Այլ խօսքով, շրջանի, յատկապէս` պաղեստինեւիսրայէլեան դէպքերու ծիրին մէջ ի նպաստ պաղեստինցիներուն զինադուլի հաստատումը առաւել եւս ամրապնդեց Հըզպալլայի դիրքը շրջանին ու Լիբանանի մէջ: Այս իմաստով Սաատ Հարիրիի խորհրդական եւ Մուսթաքպալ հոսանքի փոխնախագահ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ հաւանական նկատեց մօտերս Հարիրիի Պաապտա այցելութիւնն ու «մարաթոն» խորհրդակցութիւնը նախագահ Միշել Աունի հետ:
Նոյն ծիրին մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի խորհրդակցութիւնները Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Սաատ Հարիրիի հետ, արգասիքն էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ձեռնարկած քուլիսային խաղաղարար ճիգերուն:
Տեղական այս խորհրդակցութիւններուն առընթեր, արտաքին ճակատի վրայ եւս զգալի քայլեր արձանագրուեցան, ինչպէս` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «ջերմ» ընդունելութիւնը երէկ, չորեքշաբթի կէսօրէ ետք, լիբանանեան բանակի հրանանատար զօր. Ժոզեֆ Աունին: Արդարեւ, ընդունուած փրոթոգոլային կարգը շրջանցող այս ջերմ ընդունելութիւնը ունէր իր քաղաքական պատգամը: Փաստօրէն նախագահ Մաքրոն անձամբ դիմաւորեց զօր. Ժոզեֆ Աունը` վերահաստատելով Ֆրանսայի զօր. լիբանանեան ապահովական ուժերուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան: Մաքրոն այս առիթով շեշտեց կառավարութեան կազմութեան առաջնահերթ նախապայմանը` զօրակցական որեւէ օժանդակութեան կիրարկման համար:
Նմանապէս, ամերիկեան Փենթակոնի աղբիւրներ երէկ գիշեր «Սքայ Նիուզ»-ին կատարած յայտարարութեամբ վերահաստատեցին ամերիկեան զօրակցութեան շարունակութիւնը Լիբանանին, յատկապէս անոր ապահովական ուժերու հզօրացման գծով, ուր առաջնակարգ կարեւորութիւն կը զբաղեցնէ լիբանանեան բանակը, որուն կարողութեանց եւ ատակութեան վրայ դրած է իր գրաւը Ֆրանսա:
Արտաքին զօրակցական միջնորդական ճիգերու ծիրին մէջ նոյնքան ուշագրաւ էր Մոսկուայի մէջ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջինարեւելեան հարցերու խորհրդական, Միխայիլ Պոկտանովի հանդիպումը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ եւ նախագահ Միշել Աունի ռուսական հարցերու խորհրդական, նախկին երեսփոխան Ամալ Ապի Զէյտի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Ժորժ Շաապանի հետ, ուր առանցքային օրակարգ էր լիբանանեան այժմու իրավիճակը:
Տեղական թէ արտաքին այս խաղաղարար, միջնորդական խոստմնալից քայլերը ժամանակին հետ մրցակցութեան մէջ են, կառավարիութեան կազմութեան գծով բարեյաջող եզրայանգումի հասնելու համար, յառաջիկայ յունիսի կէսերուն նախատեսուող ժամկէտին ընդառաջ: