Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին խորհրդարանին մէջ սկսաւ երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց ընթացքին քննարկուեցան նոր կազմուելիք կառավարութեան վերաբերող պատկերացումները եւ կառավարական կազմին տեսակն ու անոր առաջնահերթութիւնները:
Վարչապետը նախ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութեան:
Միւս կողմէ, սակայն, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յոյս յայտնած էր, որ կառավարութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կը կազմուի: Ան մաղթած էր, որ խորհրդակցութիւնները ըլլան դրական եւ արդիւնաւորուին փրկութեան կառավարութեան մը կազմութեամբ:
Ապա Միքաթի ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Միքաթիի այցելեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որ մեկնումի պահուն շեշտեց, թէ ժամանակն է գործի եւ ոչ թէ խօսքի:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ սահմանադրութեան ուժով վարչապետն է կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուն, որովհետեւ ան պիտի ըլլայ պատասխանատուն կառավարութեան գործունէութեան:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք պլոքին անունով երեսփոխան Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ բարեկարգելու ընտրական օրէնքը:
Միքաթի ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքը, որուն անունով երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ իրենք ընդգծած են մասնագէտներէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ոչ մէկ նախարարութիւն պահանջած են վարչապետէն:
Ժսըր անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագ ընթանայ:
Հզօր Լիբանան համախմբումի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց, որ իրենք որոշած են կառավարութեան մաս չկազմել` աւելցնելով, որ իրենց պարտաւորութիւնը կը նկատեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելը եւ կազմութեան ջանքերուն զօրակցիլը:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու կառավարութեան կատարելիք ամէն տեսակ բարեկարգումի աշխատանքի:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը իր կարգին այցելեց վարչապետ Միքաթիի: Պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց արագ կերպով կազմելու կառավարութիւնը, որուն նախարարները ըլլան մասնագէտներ:
Ռաատ շեշտեց, որ իրենք յատուկ նախարարութիւն մը չեն պահանջած վարչապետէն:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու` ի խնդիր Լիբանանի փրկութեան կառավարութեան կազմութեան:
Ազգային համախմբում պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն հաստատեց, որ իրենք զիրենք կը զետեղեն Միքաթիի տրամադրութեան տակ` աւելցնելով, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը երկրին փրկութեան կառավարութիւնը պիտի ըլլայ:
Ան կոչ ուղղեց արագօրէն կազմելու կառավարութիւնը` կասեցնելու համար երկրին փլուզումը: «Յաջողութիւն կը մաղթենք վարչապետին, որովհետեւ անոր պարտականութիւնը դժուար է», ըսաւ Խազեն:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շեշտեց, որ իրենք վարչապետէն ոչինչ խնդրած են եւ միայն յաջողութիւն մաղթած անոր:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն` դիւրացնելու վարչապետին գործունէութիւնը:
Անկախ կեդրոնի պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս կոչ ուղղեց արագացնելու երկրին փրկութիւնը` առիթ տալով կառավարութեան մը կազմութեան, առանց նախապայմաններու:
Իր կարգին, երեսփոխան Ալի Տարուիշ մաղթեց, որ կառավարութեան մէջ ալեւի համայնքը ներկայացուի նախարարով մը:
Ղովմի կուսակցութիւնը իր կարգին Միքաթիի հետ քննարկեց կազմուելիք նոր կառավարութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ասաատ Հարտան կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը եւ արաբական աշխարհին բացուելու` Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները բնականոնացնելով:
Խորհրդակցական հանդիպում պլոքը եւս հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը: Ան մաղթեց, որ կազմուի կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն կ՛ունենայ ապահովելու Լիբանանի վերականգնումը եւ տնտեսական կացութեան բարելաւումը:
Սըքքարիէ շեշտեց, որ իրենք նախարար չեն պահանջած վարչապետէն:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն` աւելցնելով, որ իրենց պայքարը կը միտի փոփոխութիւն յառաջացնել, մինչդեռ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իշխանութեան պայքար կը մղէ: «Մենք ժողովրդահաճոյ ընդդիմութիւն չենք», հաստատեց Ատուան:
Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Պլոքին անունով երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, թէ վարչապետին մաղթած է, որ կառավարութիւնը կազմէ հանրապետութեան նախագահին հետ յարաբերութիւնները հեզասահ պահելով:
Երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք Միքաթիի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան քաղաքականութիւնը արաբական զօրակցութեան արժանի չէ` աւելցնելով, որ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդը, որ Լիբանանի արագ փրկութեան միակ հասցէն է, պատրաստ չէ օժանդակութիւն առաջարկելու, որովհետեւ կը մերժէ Լիբանանի որդեգրած քաղաքականութիւնը:
Մաշնուք կոչ ուղղեց սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ վերջին պաշտօնեան անձեռնմխելիութենէ զրկել:
Երեսփոխան Ուսամա Սաատ վարչապետին հետ հանդիպելէ ետք հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի քաղաքական այս կամ այն կողմին նախարարութիւններ յատկացնելով, եւ նախապէս տիրող ընթացքն ու սովորութիւնները պիտի շարունակուին:
Երեսփոխան Շամել Ռուքոզ Միքաթիի հետ հանդիպումէն ետք ընդգծեց նոր կազմուելիք կառավարութեան արտակարգ իրաւասութիւններ շնորհելու անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց նաեւ, որ կառավարութիւնը պէտք է կազմուի անկախ նախարարներէ:
Երեսփոխան Միշել Տահեր իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Ան մաղթեց, որ Լիբանանի ընկերային հարցերը Միքաթիի համար առաջնահերթութիւն նկատուին:
Երեսփոխան Ժիհատ Սամատ հանդիպելէ ետք վարչապետ Միքաթիի հետ յայտնեց, որ երկիրը աղէտալի վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ զայն փրկելու համար զոհողութիւններու կարիք կայ:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ հանդիպելէ ետք վարչապետ Միքաթիի հետ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի այնպիսի մասնագէտներէ, որոնք իրենց համայնքներուն զօրակցութիւնը կը վայելեն:
Խորհրդակցութիւններուն աւարտին Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու իմաստով համախոհութիւն կայ` ընդգծելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը տեղեակ պիտի պահէ կառավարութիւնը արագ կազմելու կարեւորութեան մասին:
«Կառավարութեան կազմութեամբ կը վերահաստատենք լիբանանեան պետութիւնը եւ քաղաքացիին մտահոգութիւնները կը փարատենք», հաստատեց ան:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող պայմանները բարդ են եւ դժուար` ընդգծելով, որ պէտք է ապահովել քաղաքացիներուն կարիքները:
Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահին իր այցելութիւնները յաճախակի պիտի ըլլան` արագացնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի երեկոյեան ժամը 5:15-ին ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ նախագահ Աունը տեղեակ պահած է խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներէն` ընդգծելով ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւնը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:
«Նախագահ Աունի հետ տեսակէտները նոյնանման են, եւ յառաջիկայ օրերուն յաճախակի հանդիպումներ պիտի ունենանք, որպէսզի մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ կառավարութիւն մը կազմել», ըսաւ ան:
ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետ Միքաթիի նշանակումին լոյսին տակ Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային ծանր տագնապները: Եւրոպական Միութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է գործակցին վարչապետ Միքաթիի հետ` կազմելու համար վստահելի եւ կարողութիւններ ունեցող կառավարութիւն մը, որ կարենայ ապահովել լիբանանցիներուն շահերը: