Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ամբողջ տարի մը անցած է կառավարութեան հրաժարականին եւ երկիրը տակաւին կը կոտտայ խոր տագնապներու ցաւէն, իսկ լիբանանցիները ծանրօրէն կը տառապին, մինչդեռ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը տակաւին կը մնան ապարդիւն:
Տիապ յայտնեց, որ Լիբանանի միակ փրկութիւնը կը թուի ըլլալ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ վերսկսելիք բանակցութիւնը, որ իր կառավարութեան հետ բաւական յառաջացած էր` նախքան Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումը, որուն պատճառով կառավարութիւնը հրաժարեցաւ, եւ բանակցութիւնը վերջ գտաւ` փլուզման ենթարկելով երկրին ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային դիմադրողականութեան բոլոր յատկանիշները:
Տիապ նշեց, որ իր կառավարութիւնը Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն երկար տեւած ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կազմն է, որ տակաւին կը փորձէ երկիրը մութ փապուղիէն դուրս բերել` իր սահմանափակ կարողութիւններով եւ իրաւասութիւններով:
«Անիրաւութիւն է նման կառավարական կազմ մը պատասխանատուութենէ խուսափող կազմ նկատել, որովհետեւ բոլոր նախարարները տակաւին կը գործեն: Ընթացիկ հարցերու հրաժարած կառավարութիւնը դանդաղեցուցած է երկրին ամբողջական փլուզումը, սակայն աւելին կատարելու ի վիճակի չէ` նկատի ունենալով սահմանադրական, քաղաքական եւ վարչական սահմանափակումները: Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին շրջանցելու իրենց շահերը եւ կազմելու ներկայ տագնապին հետ վարուելու ատակ կառավարութիւն մը, որ ժողովուրդը իր տառապանքէն փրկէ», հաստատեց Տիապ: