Կառավարութիւնը կազմուեցաւ արագ կերպով գործելու, բարեկարգումներ կատարելու, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններ կատարելու եւ երկրին փրկութեան համար գումարներ ապահովելու, լիբանանցիները մութէն դուրս բերելու, աղբահանութիւնը կարգաւորելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու:
Կառավարութեան վրայ պարտք դրուեցաւ նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները լուծելու, ինչպէս նաեւ շարունակելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը` ճշմարտութիւնը բացայայտելու եւ յանցագործները պատժելու, այլ խօսքով` արդարութիւն հաստատելու նպատակով:
Եւ նկատի ունենալով, որ երկրին քաղաքական ապակայունութիւնը կը նշանակէ տնտեսական ապակայունութիւն, ապա բնական սովորութիւն դարձաւ այն իրականութիւնը, որ երկրին դիմագրաւած որեւէ ցնցումի պարագային, ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշը աւելի եւս արժեզրկուի: Այս շրջագիծին մէջ ամերիկեան տոլարին սակը բարձրացաւ 21.100 լ. ոսկիի, որուն յաջորդեց տնտեսութեան նախարարութեան որոշումը, որուն համաձայն, մէկ կապ արաբական հացին մեծ չափին սակը 6500 լ. ոսկի է` երբ փուռէն կը գնուի, իսկ 7000 լ. ոսկի` երբ վաճառատունէն կը գնուի, իսկ մէկ կապ արաբական փոքր հացին սակը 4500 լ. ոսկի է` երբ փուռէն կը գնուի, իսկ 5000 լ. ոսկի` երբ վաճառատունէն կը գնուի:
Սղաճին շարունակութեան, հատուցման քարտի դրութիւնը կասեցնելու փորձերուն եւ նախարարաց խորհուրդին որդեգրած դանդաղ ընթացքին զուգահեռ, ամէնէն լուրջ օրակարգը, որ ինքզինք կը պարտադրէ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարը իր պատասխանատուութեան վրայ պահելու կամ անկէ զերծ կացուցելու օրակարգն է, որ օր մը առաջ պայթեցուցած էր կառավարութեան նիստը:
Կառավարութեան գումարելիք երէկուան նիստը, որ նախանցեալ օրուանին շարունակութիւնը պիտի ըլլար, առկախուեցաւ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ խորհրդակցաբար, մինչեւ որ կարելի ըլլայ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած դատաւորին մասին իրաւական լուծումի մը յանգիլ:
Կը նախատեսուի, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի հետեւորդներ ու համակիրներ այսօր բազմամարդ ցոյց մը գործադրեն` պահանջելով դատաւոր Պիթարի փոխարինումը, որովհետեւ անոնք համոզուած են, թէ Պիթար կողմնակալ եւ նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը քաղաքականացնող դատաւոր մըն է:
Նշենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն հարազատները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք կը զգուշացնեն դատաւորը փոփոխութեան ենթարկելու կամ անոր սպառնալու քայլերէն:
Զոհերուն հարազատները կոչ ուղղեցին նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը կուսակցական, համայնքային եւ յարանուանական տարակարծութիւններէ դուրս բերելու` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ իրենց զաւակներուն եւ հարազատներուն թափած արիւնը յումպէտս հոսի` օրէնքը խորամանկութեամբ փոխելու եւ հետաքննութիւնը արգելակելու խաղերուն դիմաց:
Անոնք կոչ ուղղեցին կառավարութեան յարգելու տարբեր իշխանութիւններուն գործունէութեան իւրայատկութիւնը եւ միջամուխ չըլլալու դատաւոր Թարեք Պիթարի աշխատանքին ու չխանգարելու հետաքննութիւնը:
Աւելի ուշ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան յղեց նամակ մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ խորհրդարանը արդարութեան նախարարութեան միջոցով բազմիցս յայտնած է իր կարծիքը նախագահներու, իշխանութեան պետերու, նախարարներու եւ երեսփոխաններու դատավարութեան մասին եւ հաստատած, որ սահմանադրութեան 70-71 եւ 80 յօդուածներուն համաձայն ընտրուած է Նախագահներուն դատավարութեան գերագոյն խորհուրդը եւ երդման արարողութիւն կատարած:
«Նկատի ունենալով այս իրականութիւնը, ապա Արդարութեան խորհուրդը նախագահներուն, նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն դէմ դատական ոչ մէկ քայլի կրնայ դիմել, իսկ եթէ դիմէ, ապա ան իր իրաւասութիւնները գերադասած կ՛ըլլայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն` շարունակելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին արագ եւ թափանցիկ հետաքննութիւնը:
Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան ամերիկեան միջամտութիւնները լիբանանցի պատասխանատուները սարսափի մատնելու բացայայտ փորձեր են:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն դատական իշխանութիւններու աշխատանքին միջամուխ դառնալ, «սակայն կան հարցադրումներ, որոնց մասին կարելի չէ աչք խփել», յայտնեց ան:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հըզպալլայի քայլերը արդարութեան բացայայտ սպանութիւն կը նկատուին, «սակայն մենք տեղի պիտի չտանք», ըսաւ ան:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ այսօր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն պահանջուած է պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ Հըզպալլայի սպառնալիքներուն դիմաց տեղի չտալ: «Իսկ եթէ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը պիտի կասեցուի` այդ սպառնալիքին պատճառով, ապա անոնք պէտք է անմիջապէս հրաժարին, սկսեալ հանրապետութեան նախագահէն, որ պէտք է հսկէ սահմանադրութեան գործադրութեան, հասնելով մինչեւ վարչապետ ու կառավարութիւն», ըսաւ Ժահժահ: