Լիբանան այսօր կը սկսի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ պաշտօնական բանակցութիւնները` իր վաւերացուցած ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին եւ գործադրելիք տնտեսական բարեկարգումներուն հիման վրայ:
Մինչ կառավարութիւնը կը սկսի միջազգային բանակցութիւնները, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին կը նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին` քննարկելու համար Լիբանանի ապօրինի անցքերուն միջոցով մաքսանենգումը զսպելու միջոցները:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ նախագահ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է այսօր գիշերուընէ սկսեալ մինչեւ երկուշաբթի առաւօտ երկիրը ամբողջական կերպով փակել:
Այս որոշումին նպատակն է «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարիլ` նուազեցնելով «Քորոնա» ժահրին արագ տարածումը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններ կատարել` ճշդելու համար վարակուածներու ճշգրիտ թիւերն ու վարակումին աղբիւրները:
Կառավարութիւնը այս որոշումը տուաւ` նախորդ օրերուն ընթացքին արձանագրուած վարակուածներու մեծ թիւին պատճառով:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ ամբողջական փակումին ընթացքին բացառութիւն կը կազմեն բժշկական եւ առողջապահական հաստատութիւնները, հանրախանութները, սննդամթերքի, երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան մարզերը:
Ան նշեց նաեւ, որ քաղաքացիները պէտք է մնան իրենց բնակարաններուն մէջ եւ անոնցմէ դուրս գան միայն կարեւոր աշխատանքի կամ ստիպուած ըլլալու պարագային: «Հանրային եւ սեփական վայրերու մէջ համախմբումները բացարձակապէս արգիլուած են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը այս իմաստով որոշումներ պիտի հրապարակէ:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը ընդունած է մէկ միլիոն տոլար արժողութեամբ նիւթական օժանդակութիւն լիբանանեան ծխախոտի ընկերութենէն, որպէսզի զայն օգտագործէ արտերկրի լիբանանցի ուսանողները տուն փոխադրելու նպատակին համար:
Ապտել Սամատ նշեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն Հիւանդապահներու միջազգային օրուան առիթով շնորհաւորեց հիւանդապահները` բարձր գնահատելով անոնց նուիրուածութիւնը` հակառակ տիրող դժուար կացութեան եւ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու վտանգին:
«Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք հիւանդապահներուն նեցուկ պիտի կանգնի` մինչեւ անոնց իրաւունքներուն ապահովումը եւ արդար պահանջներուն հատուցումը», ըսաւ Ապտել Սամատ:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց կառավարութեան վերատեսութեան ենթարկելու «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու միջոցները եւ խստացնելու հսկողութիւնը, որպէսզի այդ համաճարակը աղէտալի դէպքերու չվերածուի:
Ան նկատել տուաւ, որ վարչապետ Տիապ իր կարգին յայտնեց, որ լիբանանեան կարգ մը շրջաններուն մէջ ընդհանուր զօրաշարժին եւ մարզերը աստիճանաբար վերաբանալու նկատմամբ ցուցաբերուած անպատասխանատու եւ անխոհեմ կեցուածքներուն պատճառով, այսօր «Քորոնա» ժահրին տարածումին դէմ Լիբանանի արձանագրած յաջողութիւնը փուլ գալու սպառնալիքին ենթակայ է: Ան շեշտեց, որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել մարզերը վերաբանալու ծրագիրը:
«Վարչապետ Տիապ անդրադարձաւ նաեւ սննդամթերքի եւ սպառողական արտադրութեանց արձանագրած ահռելի սղաճին` հաստատելով, որ առեւտրականները անյագութենէ կը տառապին եւ պէտք է ենթարկուին խիստ պատիժներու», ըսաւ ան:
Ապտել Սամատ նշեց, որ վարչապետ Տիապ յայտնած է, թէ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակին ճշդումը առաջնահերթութիւն է` շեշտելով, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին պատասխանատուութիւնն է այդ սակը նուազագոյն հաւասարակշռութեան յանգեցնել:
Վարչապետը իր կարգին շնորհաւորեց հիւանդապահները` հաստատելով, որ անոնք երկրային հրեշտակներն են, եւ անոնց զոհողութիւններուն դիմաց միայն կարելի է խոնարհիլ, յատկապէս այս օրերուն, երբ անոնք «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ կը պայքարին: «Մենք հպարտ կը զգանք իւրաքանչիւր հիւանդապահով եւ իւրաքանչիւրիդ կը նուիրենք սպիտակ վարդ մը, այն յոյսով, որ օր մը կարենանք շնորհակալութիւն յայտնել ձեզ», ըսաւ վարչապետ Տիապ:
Նշենք, որ նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան բարեկարգումի ծրագիրն ու նիստին օրակարգը: