Կը նախատեսուի, որ այս շաբաթ կառավարութեան աշխատանքը ստանայ գործնական բնոյթ` նկատի ունենալով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Փարիզ կատարած իր յաջող այցելութենէն ետք այցելեց Բրիտանիա եւ ապա վերադարձաւ Պէյրութ:
Այս շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կը սկսի իր բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ կը սկսի քննարկել լիբանանցիներուն կենցաղային կարիքները հոգալու եւ ծառայութիւնները բարելաւելու գործնական քայլերը` մեղմացնելու համար քաղաքացիները տառապեցնող ծանր բեռը:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի Լոնտոնի մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով Բրիտանիոյ պետական նախարար Ճէյմս Քելվըրլին` ներկայութեամբ Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այս դժուար ժամանակաշրջանի ընթացքին Լիբանանի կարիքներն ու Բրիտանիոյ դերակատարութիւնը` Լիբանանին օժանդակելու, զօրակցելու, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական բարգաւաճումին ծրագրաւորման հետեւելու իմաստով:
Միւս կողմէ, շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ վարչապետ Միքաթի մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Քաթար ու Քուէյթ, եւ կ՛ակնկալուի, որ Լիբանանի կառավարութեան նիւթական օժանդակութիւն ապահովուի:
Նշենք նաեւ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտեոլլահեանի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ:
Խաթիպզատէ նշեց, որ Ապտոլլահեանի Պէյրութ այցելութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կերպով պիտի ծրագրուի եւ գործադրուի` Լիբանանը պաշտօնապէս շնորհաւորելու` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Խաթիպզատէ ընդգծեց, որ Պէյրութի եւ Թեհրանի միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են: