Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստը գումարելը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն միացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:
Կարճ հանդիպումէն ետք իշխանութեան երեք պետերն ու նորակազմ կառավարութիւնը ուղղուեցան նախագահական պալատի պարտէզը` ստանալու համար պաշտօնական լուսանկարը:
Ապա նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրենք կը գտնուին ազգային եւ պատմական հսկայ պատասխանատուութիւններու դիմաց` աւելցնելով, որ պէտք է աշխուժացնել պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնել:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ պահանջուած է արագ լուծումներ գտնել` լուծելու համար լիբանանցի քաղաքացիներուն տագնապները, ինչպէս նաեւ սկսելու համար Լիբանանի փրկութեան ու բարգաւաճման յատուկ աշխատանքային ծրագիր մը:
«Կառավարութիւնը պէտք է գործէ իբրեւ մէկ, ներդաշնակ եւ համագործակցող աշխատակազմ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի մէջ գործադրել փրկութեան ծրագիր մը եւ ջանքերը կեդրոնացնել ազգային ու քաղաքացիներուն գերագոյն շահերուն գործադրութեան ի խնդիր», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն յանձնարարեց քիչ խօսիլ եւ շատ գործել` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը հսկայ դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւէ, սակայն պիտի փորձէ կարելիի սահմաններուն մէջ լուծել հարցերը:
Ան ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքին համար Լիբանանի կառավարութեան կողմէ բարեկարգումներու գործադրութիւնը հիմնական նախապայման է, որպէսզի անոնք շարունակեն օժանդակութիւնները:
«Բարեկարգումներու գործադրութիւնը Լիբանանի պետութեան վերահիմնումին հիմքն է, եւ առանց անոր կարելի չէ հայրենիքը փրկել: Կը մաղթենք, որ նախարարական յանձնախումբը իր աշխատանքային ծրագիրին կցէ շարք մը գաղափարներ եւ հիմնական հարցեր, որոնց շարքին նախկին կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսութեան ապաքինման ծրագիրը առաջնահերթութիւն է:
Ան աւելցուց նաեւ, որ աշխատանքային ծրագիրը պէտք է ներառէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելը, փտածութեան դէմ պայքարիլը, յատկապէս` իրաւական հաշուեքննութեան կայացումն ու ելեկտրականութեան ծրագիրի գործադրութիւնը:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ բոլորը պէտք է զիջին` աւելցնելով, որ երկիրը կարիքը ունի արտակարգ աշխատանքի:
«Կառավարութիւնը պիտի գործէ ի խնդիր ամբողջ Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներու շահերուն` առանց խտրութիւն դնելու իշխանամէտին եւ ընդդիմադիրին միջեւ, զօրակցութիւն յայտնողին կամ չյայտնողին միջեւ:
Այս դերակատարութիւնը պիտի ունենանք օրէնքի հիման վրայ եւ ոչ թէ քինախնդրութեամբ», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց նախարարներուն արագացնելու նախարարութիւնները ստանձնելու աշխատանքը:
Միքաթի շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն լուծելու համար վառելանիւթի եւ դեղորայքի հարցերը:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ տիրող իրավիճակը դժուար է, սակայն անկարելի չէ զայն յաղթահարել, եթէ առանց յետին նպատակներու կարելի ըլլայ աշխատիլ:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին գործակցութեան եւ հաստատեց, որ կառավարութեան նիստերը յաճախակի կերպով պիտի գումարուին` լուծելու համար ժողովուրդին առօրեան յուզող հարցերը:
Միքաթի կոչ ուղղեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէին ուղղակի ցուցմունքներ տալու` մաքրելու համար մայրուղիներուն յատուկ կոյուղիները, որպէսզի անձրեւային եղանակին ընթացքին ողողումներ չարձանագրուին, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապիէն պահանջեց ամէն ջանք ի գործ դնել 2021-2022 կրթական տարեշրջանը սկսելու, որպէսզի լիբանանցի աշակերտները երրորդ տարին ըլլալով դպրոցներէն հեռու չըլլան:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմեց աշխատանքային ծրագիրը մշակելու նախարարական յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի, արդարութեան նախարար Հանրի Խուրի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նաժլա Ռիաշի-Ասաքեր, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ, մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա, աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ, երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան, ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար, գաղթականներու հարցերու նախարար Իսամ Շարաֆէտտին, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դատաւոր Մահմուտ Մաքիէ, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ վարչապետ Միքաթիի գրասենեակի տնօրէն Ժամալ Քերիմ:
Լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Ժորժ Քըրտահի յայտնեց, որ նախանցեալ օր Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւնը յստակ էր, այն իմաստով, որ ինք մաղթած էր, որ տարբեր լրատուամիջոցները չհիւրընկալեն այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք Լիբանանը կը ներկայացնեն իբրեւ դէպի փլուզում ուղղուող երկիր: «Ես մաղթած էի եւ ոչ թէ յանձնարարած էի արգիլել նման անձնաւորութիւններու հիւրընկալումը», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին, որ լրագրողները յոյսի շունչով մօտենան իրավիճակին, որովհետեւ Լիբանան բոլորին կարիքը ունի:
«Կառավարութեան կազմութենէն առաջ արդէն իսկ քննադատութիւնը սկսաւ, մինչդեռ ժողովուրդը մեզի յաջողութիւն կը մաղթէ», ըսաւ ան` նշելով, որ պարկեշտ եւ մաքուր տեղեկատուութեան մարզ մը կը փափաքին ունենալ:
Քըրտահի աւելցուց, որ աշխատանքային ծրագիրին մշակումը կը նախատեսուի երեք օրէն աւարտել:
Նշենք, որ կառավարութեան նիստէն անմիջապէս ետք Միքաթի ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր ան պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ վարչապետարանի անձնակազմին կողմէ:
Ապա ան վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբի անդրանիկ նիստին:
Նախարարական յանձնախումբը իր երկրորդ նիստը պիտի գումարէ այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին: