Մինչ Նապաթիէի սեւ շուկային մէջ մէկ կապ արաբական հացի սակը հասաւ 35.000 լ. ոսկիի, իսկ Ղպէյրիի «Քըքաս» փուռին դիմաց քաղաքացիները հացի համար կռուեցան, կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր վերջին նիստը:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, եւ որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 133 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւնները:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկրին մէջ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւնները ընդունելի են, հակառակ արձանագրուած կարգ մը բացթողումներուն:
Ան կոչ ուղղեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները մանրամասնութեամբ հրապարակելու, որպէսզի արդիւնքները վիճարկել փափաքող կողմերուն առիթ տրուի ներկայանալու Սահմանադրական խորհուրդին:
Նախագահ Աուն դրուատեց նախարարներուն միջեւ տիրած փոխըմբռնումը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան գործունէութեան համեմատաբար կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին անոնց իրագործած աշխատանքները:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Միքաթիին եւ նախարարներուն` անոնց ջանքերուն համար:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ ելեւմուտքի նախարարութեան պիտի տրամադրուի 90 միլիառ լ. ոսկիի առ հաշիւ գումար մը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան պետութեան արտաքին նիւթական պարտաւորութիւնները կատարել: Հրամանագիրին մէջ նշուած է, թէ այս գումարը մէկ տարուան ընթացքին պէտք է ծախսուի:
Նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը նիստին հասած մաքսատնային տոլարի թղթածրարին քննարկումը առկախուեցաւ, երբ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ որոշեց առաջարկուած այդ կէտը յետս կոչել քննարկուելիք օրակարգէն:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուց Տնտեսական ապաքինման ծրագիրը` Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի նախարարներուն մերժումով հանդերձ, ինչպէս նաեւ վաւերացուց Կեդրոնական դրամատան ներկայացուելիք այն պահանջը, որուն հիման վրայ Կեդրոնական դրամատունը 35 միլիոն տոլար պէտք է տրամադրէ, որպէսզի յառաջիկայ չորս ամսուան համար քաղցկեղէ եւ մահացու այլ հիւանդութիւններէ տառապողներուն դեղորայք կարելի ըլլայ ապահովել:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ յայտնեց, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը Լիբանանին նուիրած է 12 միլիոն տոլար արժողութեամբ սքենըր մը:
Ան նշեց, որ «Էս. Ճի. Էս.» ընկերութեան հետ համաձայնութիւն գոյացած է սքենըրը օգտագործելու աշխատանքը կատարելու` աւելցնելով, որ սքենըրը պիտի օգտագործուի` ստուգելու համար Պէյրութի նաւահանգիստէն արտածուող արտադրութիւնները:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ իր կարգին ըսաւ. «Կ՛ուզեմ աւետել լիբանանցիներուն, թէ հաղորդակցութեան մարզն ու համացանցը փուլ պիտի չգան, եւ ասիկա դրական է, այն իմաստով, որ հաղորդակցութեան ցանցը ո՛չ միայն պիտի շարունակէ գոյատեւել, այլ նաեւ պիտի բարելաւուի», ըսաւ ան:
Քըրըմ ողջունեց նաեւ կառավարութեան տուած այն որոշումը, որ կը վերաբերի ապօրինի համացանցի դրութիւնը ջնջելու:
Անդրադառնալով նախապէս վճարուած քարտերով լիցքաւորումի միջոցով «Ալֆա» եւ «Թաչ» հեռաձայնի թիւերու գործածութեան` Քըրըմ յայտնեց, որ պիտի պատրաստուին հաղորդակցութեան եւ համացանցային այնպիսի փաթեթներ, որոնց սակը պիտի տարուբերի 4,5 – 5 տոլարի միջեւ, իսկ լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքով ճշդուելիք անոնց սակը համազօր պիտի ըլլայ «Սայրաֆա» հարթակի սակին:
Օրինակ` 22 տոլարի փաթեթը օգտագործող քաղաքացի մը, որ 40.000 լ. ոսկի կը վճարէր` ստանալու համար այդ ծառայութիւնը, պիտի առնէ փաթեթ մը, որ 4,5 տոլար է եւ «Սայրաֆա»-ի սակին հիման վրայ պիտի վճարէ շուրջ 110.000 լ. ոսկի:
Այս որոշումին գործադրութիւնը կը սկսի 1 յուլիս 2022-ին:
Այս որոշումը երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս մեկնաբանեց հետեւեալ կերպով. «Աշխարհի ամէնէն սուղ հաղորդակցութեան սակը` աշխարհի ամէնէն աղքատ ժողովուրդին»:
Միքաթի. «Առանց Միջազգային Դրամական
Ֆոնտին Կարելի Չէ Երկիրը Փրկել»
Նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուրկէ յայտարարեց, թէ այսօր կէս գիշերին կառավարութիւնը կը դառնայ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն:
Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախարարներուն, հանրապետութեան նախագահին եւ բոլորին` անոնց ցուցաբերած գործակցութեան համար:
Միքաթի շնորհաւորեց նորընտիր երեսփոխանները` կոչ ուղղելով անոնց անյապաղ նշանակելու նոր վարչապետ մը, որպէսզի կազմուի նոր կառավարութիւն, եւ Լիբանանի փրկութեան աշխատանքը շարունակուի:
«Սակայն մինչ այդ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան նախարարները պէտք է շարունակեն իրենց աշխատանքը եւ փորձեն կարելիութեան սահմաններուն մէջ մեղմացնել ժողովուրդին հոգերը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ առանց Միջազգային դրամական ֆոնտին անկարելի է երկիրը փրկել` աւելցնելով, որ կարելի պիտի ըլլայ դրամատուներուն մէջ փոքր հաշիւներ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները ամբողջութեամբ ապահովել:
Ան աւելցուց նաեւ, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի կարենայ ապահովել դրամատուներուն մէջ մեծ հաշիւներ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները:
Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը ելեկտրականութիւն արտադրող միջազգային ընկերութիւններու կողմէ առաջարկներ ստացած է` մատչելի սակերով եւ մնայուն ելեկտրականութիւն արտադրելու, «սակայն դժբախտաբար ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ այդ առաջարկը յետս կոչած է կառավարութեան օրակարգէն, առանց բացատրութեան», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:
ՖԱՅԵԱՏ աւելի ուշ պատասխանեց Միքաթիի այս յայտարարութեան` ընդգծելով, որ առաջարկը ի զօրու է, սակայն պէտք է այդ առաջարկը յղկել` զայն աւելի բարենպաստ դարձնելու նպատակով: