Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նախքան նիստը գումարելը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւններն ու կառավարութեան քննարկելիք օրակարգը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց Կեդրոնական դրամատան հաշիւները դատական հաշուեքննութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա Կեդրոնական դրամատան ելեւմտական կացութիւնը իմանալու հիմնական ազդակներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կատարուող բանակցութիւններուն համար:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները` աւելցնելով, որ նախորդ փուլի աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են արդիւնաւորուիլ:
Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանցիները իրենց առօրեային մէջ աստիճանաբար պիտի զգան դրական տարբերութիւնները: Ան նշեց, որ սննդեղէնի օժանդակութեան փաթեթը պիտի յայտարարուի այսօր` աւելցնելով, որ այդ յայտարարութիւնը անկիւնադարձային պիտի ըլլայ` սղաճին հարցը լուծելու առումով:
Տիապ ընդգծեց, որ սննդեղէնի օժանդակութեան փաթեթը արագ արդիւնքներ պիտի արձանագրէ եւ անոր գործադրութիւնը բծախնդրօրէն պիտի հետապնդուի, որպէսզի անոր գործադրութիւնը չձախողի, եւ առեւտրականները զայն չայլանդակեն:
Վարչապետ Տիապ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիին` Լիբանանի հանդէպ ցուցաբերած անոր զօրակցութեան համար:
«Մեր գրաւը լիբանանցիին կամքին զօրութեան վրայ է, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն օժանդակութեան, որովհետեւ Լիբանանին եղբայր արաբական երկիրներ մերժեցին լքել Լիբանանը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ արաբական կարգ մը երկիրներ խոստացած են նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին եւ օժանդակել անոր` տնտեսական տագնապէն դուրս գալու նպատակով:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը յետաձգեց դատական հաշուեքննութիւն կատարող ընկերութեան հետ պայմանագիրները ստորագրելու հոլովոյթը:
Ապտել Սամատ յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը նշանակած է Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն խորհուրդը, որուն մաս կը կազմեն Թարեք Ապտալլա, Հիւսէյն Սալլում, Սամեր Սելիմ, Քարիմ Սապա, Հապիպ Սրուր եւ Շատի Քրայտի:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց ջնջել 2020-ի պրէօվէի եւ պաքալորէայի պետական քննութիւնները` «պրէօվէի քննութեան պարագային պահելով վերաքննութեան յատուկ առիթ մը», ըսաւ ան:
Ապտել Սամատ նշեց, որ կառավարութիւնը որոշեց յետաձգել ելեւմուտքի նախարար Ալեն Պիֆանիի հրաժարականի վաւերացումը:
Ան նշեց, որ դատական իշխանութեան մարզին մէջ երեք քննիչներու նշանակման օրակարգը եւս յետաձգուած է:
Իր կարգին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար յայտնեց, որ նաւթ փոխադրող նաւը արդէն իսկ հասած է Լիբանան, եւ վաղուընէ սկսեալ կարելի պիտի ըլլայ քաղաքացիներուն ելեկտրական յաւելեալ հոսանք հայթայթել:
Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ղաժար շեշտեց, որ Քամալ Հայեք կը շարունակէ այդ պաշտօնին վրայ մնալ, մինչեւ նոր ընդհանուր տնօրէնի մը նշանակումը:
Նշենք, որ վարչապետ Տիապ, երկրագործութեան նախարար Ապպաս Մուրթատա, տնտեսութեան նախարար Ռաուլ Նաամէ, ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ երեկոյեան վարչապետարանէն յայտարարեցին սննդեղէնի օժանդակութեան փաթեթը: