Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Իր Ժողովները Վերստին Գումարելու Դժուարութեան Դիմաց Կը Գտնուի

November 29, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Miqati Promises ’24/24′ Electricity, Says IMF Talks ‘on Track’

Թէեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ հաստատեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի բարի կամեցողութեան շնորհիւ Լիբանան պիտի յաջողի դուրս գալ իր դիմագրաւած տագնապներէն, սակայն գոյութիւն ունեցող քաղաքական բոլոր ցուցանիշները կը հաստատեն, որ կառավարութիւնը իր ժողովները վերստին գումարելու դժուարութեան դիմաց կը գտնուի:

Կառավարութեան ժողովները սառեցուցած հիմնական պատճառները կը յամենան, ըլլան անոնք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնն ու հետաքննիչ դատաւոր Թարեք Պիթարի կարգավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի յայտարարութիւններուն պատճառով Լիբանան-Սէուտական Արաբիա եւ Լիբանան-Ծոցի երկիրներ ստեղծուած գժտութիւնը:

Միւս կողմէ, անցեալ շաբաթավերջին ընկերային ցանցերը ողողուեցան բողոքի ցոյցի եւ ընդհանուր գործադուլի կոչերով:

Քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող միութիւններ լիբանանցիները հրաւիրեցին ընդհանուր գործադուլի, որ պիտի սկսի այսօր` երկուշաբթի, 29 նոյեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-ին, ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Երեկոյեան մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ կատարուեցաւ ինքնաշարժներով երթ մը, որուն ընթացքին Պէյրութի բնակիչներուն կոչ ուղղուեցաւ այսօր տեղի ունենալիք բողոքի ցոյցերուն մասնակցելու եւ երկուշաբթի, 29 նոյեմբերը ցասումի օրուան վերածելու:

Ուշ գիշերին Պէյրութի մէջ գտնուող դպրոցներուն մեծ մասը յայտարարեց, որ այսօր իր դռները փակ պիտի պահէ:

Նշենք նաեւ, որ ատամնաբուժներու սենտիքայի երէկուան ընտրութիւնները չեղեալ նկատուեցան` ստեղծուած լարուածութեան, ծեծկռտուքին եւ քուէատուփերը գետին շպրտելու պատճառով:

Ատամնաբուժներու սենտիքայի նախագահ Ռոժէ Ռըպէյզ յայտնեց, որ քուէահամարին մասնակցող ներկայացուցիչները սենտիքայի

անդամաքարտեր ունէին, սակայն սենտիքայի սրահէն դուրս կային նաեւ մեծ թիւով անհատներ, որոնց բժիշկ ըլլալու ինքնութիւնը կարելի չէր ճշդել:

Մուսթաքպալ հոսանքը խստիւ դատապարտեց կարգ մը քաղաքական ուժերու հետեւորդներուն կողմէ քուէատուփերը կոտրելու արարքը եւ բռնի ուժով ընտրութեան արդիւնք պարտադրելը:

Մուսթաքպալ հոսանքը հաստատեց, որ այս արարքը սենտիքաներու նախագահութեան հերթափոխութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը կը վտանգէ:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, հրաժարած երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ նշեց, թէ Հըզպալլայի զինեալներ խոշտանգած են քուէահամար կատարող սենտիքայի պաշտօնեաները եւ կոտրած քուէատուփերը:

Ան շեշտեց, որ այս պատկերը աննպաստ է յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար:

Միւս կողմէ, երէկ դեղագործներու սենտիքան կատարեց ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին յաղթանակ արձանագրեցին երեք ընտրացանկերէ թեկնածուներ. «Նիքապաթի Սանատի» ընտրացանկէն 10 թեկնածուներ ընտրուեցան սենտիքայի անդամ, «Նիքապաթ տամիր միհանի» ցանկէն` 5 թեկնածուներ, իսկ «Սայատիլա եանթաֆիտուն» ընտրացանկէն` երկու թեկնածուներ:

Previous Post

«Մեր Նպատակն Է Աստուածաշունչի Պատգամները Բազմաթիւ Ձեւերով Փոխանցել Մանուկներուն Եւ Պատանիներուն» Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Next Post

Պաղեստինցի Ժողովուրդին Զօրակցութեան Միջազգային Օրուան Առիթով. «Թող Միջազգային Ընտանիքը Աշխատի Պաղեստինցիներու Տառապանքին Վերջ Տալու Ուղղութեամբ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.